Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Աւետարանական Ապրիլեան Միացեալ Ոգեկոչում

April 27, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պէյրութի եւ շրջանի Հայ աւետարանական եկեղեցիները միասնաբար ոգեկոչեցին ապրիլեան նահատակներուն յիշատակը Նոր Մարաշի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ի առաւօտեան: Լիբանանի հայ աւետարանական հովիւներ եւ ժողովուրդը ներկայ եղան պաշտամունքին, ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան առաջին քարտուղար` Ալիք Ղարիբեան:

Պաշտամունքը սկսաւ աստուածաշնչական ընթերցուածներով, երգով եւ աղօթքով` առաջնորդութեամբ վեր. Ժիրայր Ղազարեանի, վեր. Հրայր Չօլագեանի եւ պատ. Ճորճ Սահիլիի: Ղազար սրկ. Քէօշկէրեան մեներգեց ապրիլեան նահատակաց շարական մը, որուն յաջորդեց յաւուր պատշաճի աղօթք` վեր. Յովհաննէս Սվաճեանի մատուցմամբ: Հայ աւետարանական քոլեճի աշակերտ Սերենա Հատտատ ասմունքեց «Ասացուածք` ծառ տնկելու առթիւ»-ը, իսկ  Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան երկրորդական վարժարանի երգչախումբը երգեց «Հայեր զօրացէք» եւ «Հաւատքս չեմ մոռանայ»` խմբավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի եւ նուագակցութեամբ Մեղրի Մսըրլեանի:

Նահատակաց օրուան խորհուրդը հաղորդեց վեր. Յակոբ Աքպաշարեան` Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ: Իր պատգամը` «Նկատել, յեղափոխել եւ Աստուծոյ լոյսին մէջ քալել» բնաբանով, հիմնուած էր Եսայի մարգարէին խօսքին վրայ (Եսայ. Բ.1-5), որուն մէջ մարգարէն կը յորդորէ իր ժողովուրդին, որ իրենց ազգային արհաւիրքէն անդին նային եւ նկատեն, թէ Աստուած ինչպէ՛ս պիտի յեղափոխէ աշխարհը: Վեր. Աքպաշարեան կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ շինարար եւ հոգատար դեր կատարեն նոյնիսկ նեղութեան մէջ եւ Քրիստոսի լոյսով ընթանան, որպէսզի մշակող եւ խնամող ուժ ըլլայ հայ ազգը` մեր օրերու կործանարար մթնոլորտին մէջ:

Հիւրընկալող եկեղեցւոյ հովիւը` վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, պաշտամունքի աւարտին առաջնորդեց ներկաները վերջին երգով եւ «Հայր մեր»-ով, որմէ ետք Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահի տեղապահ, վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեան, աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ փակեց ոգեկոչման պաշտամունքը:

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Առիթով. Աուն. «Այս Ոգեկոչումը Առիթ Է Ընդգծելու Հաւաքական Յիշողութեան, Արդարութեան Եւ Արժանապատուութեան Արժէքներու Ամրապնդման Կարեւորութիւնը»

Յաջորդը

Հայրապետական Ս. Պատարագ` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Հայաստանի Դեսպանը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Հայաստանի Դեսպանը

November 7, 2026
ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ
Գաղութային

ՀՄԸՄ-ի Միջդիւանական 12-րդ Խորհրդաժողովը Իր Աշխատանքները Աւարտեց Յաջողութեամբ

November 7, 2026
Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու
Գաղութային

Հանդիպում` ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Եւ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Համալսարանականներու Միութեան Վարչութիւններու

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.