Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 111-Ամեակի Զգուշացումը

April 24, 2026
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակը քաղաքական, տեղեկատուական թէ կազմակերպական առումով այսօր նկատառելի նոր տարածքներ գրաւած կ՛ըլլար, եթէ 100-ամեակին առիթով ձեւաւորուած կառուցակարգը մնացած ըլլար, շատ հաւանաբար վերափոխուած` Համազգային խորհուրդի:

Այդ կառոյցի չեղեալ նկատուելով, ըստ էութեան,   գոնէ պետական մակարդակով չեղեալ նկատուած է նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը: Եզակի փաստաթուղթ մը, որ իբրեւ աշխատանքային ուղեցոյց` ներառած էր հայկական իրականութեան բաղադրիչ բոլոր հիմնական շրջանակները` պետութիւն, Եկեղեցի, կուսակցութիւններ եւ միութիւններ:

Այս շրջածիրին մէջ բաւական ճանապարհ կտրած կ՛ըլլար նաեւ հատուցման թղթածրարի պատրաստութիւնը, որ իրաւական հիմք տալու կոչուած էր մեր անհատական, համայնքային եւ համազգային պահանջատիրութեան: Նման ընթացք մը ամէնէն առաջ կ՛անհանգստացնէր թուրքեւազրպէյճանական համակարգը: Հռչակագիրը աշխատանքային ուղեցոյց ու ճանապարհային քարտէս ճշդած էր երկու պետութիւններուն ուղղութեամբ եւ կը  դաւանէր համայն հայութեան իղձերու կենսագործման առաջադրանքները:

Այսօր այլ է իրականութիւնը: Իրողապէս չեղեալ նկատելէ ետք 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, իշխանութիւնները նոր սահմանադրութեան որդեգրման տարազին տակ կ՛առաջնորդուին չեղեալ նկատելու նաեւ Անկախութեան հռչակագիր-սահմանադրութիւն կապը:

Եւ ահա այստեղ է գաղափարախօսական բուն գոյակռիւը: Հայրենի հայութիւնը կոչուած է կա՛մ ընդունելու «իրական Հայաստան»-ի այսօրուան գաղափարը` այդպիսով նաեւ հրաժարելով համայն հայութեան իղձերու կենսագործման, պատմական արդարութեան վերականգնման, Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն սատար կանգնելու, Արցախը միաւորելու եւ մայիս 28-եան ժողովրդավարական կարգերու ժառանգորդը ըլլալու սկզբունքներէն, կա՛մ ալ կառչած մնալու մէկ ազգի գաղափարին:

«Իրական Հայաստան»-ի ներկայացուած այսօրուան հայեցակարգը խորքին մէջ ազգը երկփեղկելու, Հայաստանի  Հանրապետութեան այսօրուան տարածքէն դուրս ապրող հայուն նկատմամբ որեւէ պատասխանատուութիւն չունենալու դիրքորոշում է, որ իրողականօրէն կը բաժնէ հայութիւնը ոչ միայն հանրապետութեան բնակչութեան եւ արտահանրապետութեան հայութեան միջեւ, այլ բաժանարար է նաեւ ներհանրապետութեան կամ ներսփիւռքեան առումներով:

Նոր սահմանադրութեան նախագիծին կողմ եւ դէմ քուէարկողները, ըստ էութեան, տարբեր պատկերացումներ պիտի ունենան ոչ միայն Ցեղասպանութեան հարցին, այլ նաեւ հայրենիքի, նոյնիսկ` ազգի պատկերացումին վերաբերեալ:

Այս վտանգաւոր բաժանարարութեան կարեւորագոյն թեմաներէն է Ցեղասպանութեան խնդիրը, որ, ըստ պաշտօնական Երեւանի, առաջնային նշանակութիւն չունի Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան մէջ: Անուղղակի ըսելաձեւ է, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումի առաջադրանքը դուրս կու գայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգերէն:

Եւ եթէ դուրս կու գայ օրակարգէն, ապա կ՛ենթադրէ, որ Երեւանը կ՛ենթարկուի Անգարայի նախապայմանային քաղաքականութեան, հակառակ անոր որ Երեւան-Անգարա երկխօսութեան մեկնարկին բազմիցս կը հնչէր «առանց նախապայմաններու» ձեւակերպումը: Երեւանը արդէն կատարած է նաեւ Անգարայի միւս նախապայմանը` Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ընդունած ըլլալով: Նախապայմանը, սակայն, կը շարունակուի: Առանց Պաքուի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման` չեն կատարուիր Երեւան-Անգարա կայացած պայմանաւորուածութիւնները: Այս բոլորը ետդարձի տեղ կրնան ունենալ, եթէ մերժուի նոր սահմանադրութիւնը կամ պահպանուի Անկախութեան հռչակագիրին սահմանադրականութիւնը:

111-ամեակը գուցէ ամէնէն շատ յուշարար է չընդունելու նոր սահմանադրութիւնը` կանխարգիլելու համար նոր վտանգաւոր բաժանարարութիւնը:

Նախորդը

Հպանցիկ Խորհրդածութիւն` Ապրիլ 24-ի Տարելիցին Առիթով

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայաստան եւ Լիբանան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.