Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Օտարի Ստապատիր «Ողբ»-ը Եւ Մեր Յամեցող Ազգային Խեղճութիւնը (Ապրիլեան Խոհեր)

April 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Շատ սարսափելի բան մը պատահեցաւ աւելի քան 100 տարի առաջ»:

Ճէյ. Տի. Վանս
(Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ)

Միջինարեւելեան սարսափազդու եւ զազրելի պատերազմական թոհուբոհին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշելու եւ յիշեցնելու բարոյական պարտադրանքին տակ կը գտնուինք ազգովին:

Այո՛, բարոյական պարտադրանքի, որովհետեւ մէկ կողմէ միջազգային խօլ ու անկանխատեսելի արշաւներու սպառնալիքին տակ է համայն մարդկութիւնը, եւ միւս կողմէ` հայ ժողովուրդը կը դիմագրաւէ լինելութեան, գոյութենական վտանգներ, ինչ կը վերաբերի ներազգային կեանքի պառակտիչ մթնոլորտին եւ հայոց պետութեան գլուխին կանգնած իշխանաւորներու անսովոր վարքագիծին:

Քաղաքական վարքագիծ, որ, դժբախտաբար, կարելի է բնորոշել իբրեւ մտքի ու ռազմաքաղաքական պահուածքի թշուառութիւն, խաղքութիւնը:

Այս պարագային մտահոգիչ երեւոյթը այն է, որ թշնամի թուրքին յաւակնոտ եւ հայաջինջ, թաքուն թէ բացայայտ միտումները ահաւոր ձեւով կ՛արտացոլան հայ պետական այրերու մտածողութեան, վարուելակերպին ու շրթներուն վրայ, աւելի՛ն. անոնք օրն ի բուն յամառօրէն կը փորձեն պաշտպանել իրենց ոչ հայանպաստ, անհեռանկար քաղաքական արեւելումը` սպառնալով սեփական ժողովուրդի առողջ տարրի ազգային ըմբռնումներուն եւ պահանջատիրական ոգիին:

Եւ այսպէս, հայութեան առօրեան կը թաւալի օտարի` վենսենեան «ողբ»-ին եւ ազգային մակարդակի խեղճութեան միջեւ, փոխանակ ազգային յիշատակելի առիթները` տխուր թէ պանծալի, վերածուէին առողջ եւ ապագայատես մտորումներու եւ վարքագիծի:

Արդ,

Ծիծաղելին ու միեւնոյն ատեն դատապարտելին այն է, հաւանաբար, գէթ մեզի` հայութեան համար, որ Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին իսկ, դեռ առկայ է աշխարհաքաղաքական ընկալում մը, միջազգային մակարդակի վարքագիծ, այլ խօսքով` շահամոլի ու պատեհապաշտի մօտեցումներ, որոնք այլապէս կը վերաբերին հայութեան հաւաքական յիշողութեան, դատին, ազգային արժանապատուութեան եւ պետականութեան ամրակայումին:

Պահ մը զանց առնելով նշեալ վիրաւորանքին տարողութիւնն ու հետեւանքին ազդուութիւնը, արդար է ընդգծել, թէեւ ցաւալի, որ Հայոց ցեղասպանութեան թեման, աւելի՛ն, 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակն ու Արեւմտահայաստանի կորուստը ենթակայ է`այս կամ այն երկրի պետական այրի բերնով լոյսին եկած քմայքին, տխուր եւ թեթեւսոլիկ բառերուն, արտայայտութեան թէ կեցուածքին:

Կրնայ առարկուիլ, որ միթէ առաջի՞ն անգամն է, որ նման կացութեան մը դէմ յանդիման կը գտնուի ազգային մեր պարունակը, ատիկա ըլլայ սփիւռքի, Հայաստանի թէ աշխարհի տարածքին ու տարբեր հարթակներու վրայ, երբ խօսք եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ու անոր հետեւանքներուն մասին:

Հաստատապէս ո՛չ է պատասխանը: Ուրեմն ինչո՞ւ զարմանալ, բորբոքիլ եւ խանգարել հաւաքական հանգիստը, երբ հայութեան դէմ կը կատարուի նորովի մէկ «յարձակում», ոչ պատուաբեր հանգամանքով եւ անհաճոյ քաղաքական վերաբերումի ընդմէջէն:

Փաստօրէն, ոչ պատուաբեր հանգամանք, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու պետական կարգն ու սարքը, տակաւին տասնամեակներ առաջ, այս կամ այն նախագահի` Ուտրօ Ուիլսընի օրերէն սկսեալ, անդրադարձած է հայութեան հողային, մարդկային ու նիւթական կորուստին` քաջաբար ընդգծելով հայութեան քաղաքական եւ պետական իրաւունքներու արդարացիութիւնը:

Պիտի ըսուի, որ աշխարհաքաղաքական կեցուածքները միշտ ալ ենթակայ են տարբեր ժամանակներու պարտադրանքին, երբ փոքր պետութիւններու եւ ազգերու շահերը կրնան թաւալգլոր ընթացք ունենալ եւ մատուցուիլ մեծերու զոհասեղանին, ինչպիսին է եղած հայութեան պարագան:

Այժմ` «պատահարի» մասին:

Թէեւ զզուանք պատճառող բառի մը դէմ յանդիման է ամբողջ հայութիւնը, այլապէս ալ հետաքրքրականը այն է, որ, ըստ փոխանախագահին, «սարսափելի բան է պատահեր» դար մը առաջ, որ, ի միջի այլոց, մարդկութիւնը համակ, ՄԱԿ-ի ամպիոնէն իսկ, այդ «պատահար»-ին քաղաքական արժեւորումն ու գնահատանքը ըստ էութեան կատարուեր է, այսպէս ըսած, համայնական դատապարտումով:

Յայտնապէս, մեր դատապարտանքին միւս երեսը այն է, որ կը վերաբերի այս պարագային մեր` ազգային միամտութեան, խեղճութեան եւ քաղաքական մտքի տհասութեան, երբ բարոյական թոյլտուութեամբ մը, անպատասխան կը թողունք նման արտայայտութիւններ, հակառակ այն իրողութեան որ հայոց պետականութեան հրաւէրով ան` փոխնախագահը այցելութիւն է տուեր Ծիծեռնակաբերի համալիր եւ ծաղիկներ զետեղեր ի յիշատակ 1915-ի նահատակներուն:

Այդուհանդերձ, առկայ է մետալի միւս երեսը, ուր թաղուած է շան գլուխը, որ կը վերաբերի մեր պետութեան անըմբռնելի եւ նոյն ատեն անհասկնալի կեցուածքին, այլ խօսքով` թրքանպաստ խաղաղասիրական ախորժակներուն, միտումներուն, այլապէս համոզումներուն, թէ` մոռացութեան տալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, ստուերելով հաւաքական յիշողութիւնն ու սեփական պատմութիւնը, ճամբայ բացած կ՛ըլլանք հայ-թուրք սիրազեղ ընկալումներու, քաղաքական ու տնտեսական շահերու:

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի Ծիծեռնակաբերդ այցելութիւնը, անկասկած, բարոյական ու քաղաքական ուժեղ պատգամ մըն էր, թէեւ առ երեւոյթ, այդուհանդերձ, ատիկա իր բովանդակութենէն պարպուեցաւ, երբ այս կամ այն էջի ու հարթակի վրայ անոր գրառումները ենթարկուեցան աղաւաղումի եւ իմաստային շեղումի, արժեզրկումի:

Հարցադրում մը ինքզինք կը պարտադրէ, փոխնախագահը կամ ոեւէ այլ բարձաստիճան պետական գործիչ, արդեօք համարձակութիւնը պիտի ունենա՞յ նոյն կեցուածքն ու վերաբերումը ցոյց տալու երբ խօսքը վերաբերի հրէական Ողջակիզումին:

Անցնելով ազգային խեղճութեան միւս`արքահատելի եւ զզուելի երեսին:

Փոխնախագահի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան այցելութեան ընթացքին հիմնարկի տնօրէն եւ վաստակաւոր գիտաշխատող Էդիտա Գզոյեան հանգամանալից բացատրութիւն տալէ ետք, գիրքեր կը նուիրէ պետական հիւրին եւ կ՛անդրադառնայ Արցախի հարցին, պատկանելիութեան եւ ազերի բարբարոսութիւններու:

Եւ ահա, նման պատուաբեր ու հայաբոյր աշխատանքի ու նուիրումի իբրեւ պատասխան, հայ պետական գործիչներ կը պարտադրեն, որ հիմնարկի տնօրէնը իր հրաժարականը տայ, որովհետեւ ան` տնօրէնը գործածած է Ղարաբաղ անունը, խօսած է ջարդերու մասին եւ անյարիր կեցուածք ունեցեր է եղեր, այսպէս ըսած, պետութեան որդեգրած թուրք-ազերիական սիրալիր քաղաքականութեան դէմ:

Յիրաւի, ապշեցուցիչ եւ մտքի ահաւոր դալկութեան, ստորնութեան ու թշուառ երեւոյթի մը դէմ յանդիման է հայութիւնն ու մարդկութիւնը համակ:

Երեւոյթ, որ ամօթի պատին ու պատմութեան աղբանոցին արժանի կը դարձնէ նոյնինքն կատարողը:

Ի տես այս խայտառակ վիճակին, իւրաքանչիւր ազնուասիրտ հայորդի պիտի բացագանչէ. «Ո՛ւր կը տանին մեզ», այսպէս ըսած, հայրենի պետական իշխանաւորները, որոնք կոչուած են հայոց բազմաչարչար նաւը` փոքր Հայաստանը ապահով մատոյց հասցնելու, մանաւանդ այս նորովի ու կործանարար միջազգային թոհուբոհին մէջ:

 

 

Նախորդը

Ցեղասպանութենէն Վերապրած Մասունք Մը

Յաջորդը

Համահայկական Պահանջատիրութեան Անհրաժեշտութեան Դիմաց (Հայոց Ցեղասպանութեան 111-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.