Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջատէր Մնանք` Արդար Հատուցման Տեսլականով

April 24, 2026
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 ՄԱՐԻԷԼԼԱ ՃԵՀԻԶԵԱՆ

24 ապրիլ 1915: Թուական մը, որ ո՛չ միայն կը յիշենք, այլեւ խորապէս կը զգանք: Ամէն տարի այս օրը, հայութեան հոգին կը վառի կրակի մը պէս, որ ո՛չ կը մարի, ո՛չ ալ կը լռէ: Այս թուականին պատահածը Հայոց պատմութեան այն դէպքերէն է, որ մեզի կը յիշեցնէ ոչ միայն մեր ժողովուրդին կրած անսահման տառապանքը, այլեւ` անոր կամքն ու յարատեւ պայքարը:

1915-ին Օսմանեան կայսրութիւնը` ղեկավարութեամբ Թալէաթի, Էնվերի եւ Ճեմալի, կազմակերպեց հետեւողական բնաջնջում մը, որ այսօր աշխարհը կը ճանչնայ իբրեւ Հայոց ցեղասպանութիւն` 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Այս ծրագիրին նպատակն էր հայ ժողովուրդը իր գոյութեամբ, պատմութեամբ, մշակոյթով եւ ստեղծագործութեամբ ջնջել պատմութենէն:

24 ապրիլ 1915-ին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ձերբակալուեցան հարիւրաւոր հայ մտաւորականներ` ազգի մը ապագան, միտքը, ձայնն ու հոգին: Անոնք զինուորներ չէին, այլ` բանաստեղծներ, գրողներ, ուսուցիչներ, բժիշկներ, փաստաբաններ, ինչպէս` Գրիգոր Զօհրապ, Դանիէլ Վարուժան, Սիամանթօ, Նազարէթ Տաղաւարեան, Մարի Պէյլերեան, Տիրան Քէլէկեան, Թլկատինցի, Երուխան, Ռուբէն Սեւակ, Ռուբէն Զարդարեան:

Այնուհետեւ հայերը բռնի ուժով տեղահանուեցան իրենց հայրենի հողերէն եւ քշուեցան դէպի Տէր Զօր` սպաննուելու:

Թշնամին յոյս ունէր, որ դար մը ետք մենք պիտի ըլլանք միայն պատմութեան գիրքերու մէջ, բայց մենք հոս ենք` հաստատակամ եւ պահանջատէր:

Ինչպէ՞ս մոռնալ եւ չպահանջել, երբ մեր նախնիներուն ապրած այդ տառապանքը մեր միտքերուն մէջ փորագրուած է: Ինչպէ՞ս մոռնալ մեր մեծ մայրերուն ու հայրիկներուն պատմած դէպքերը, որոնք պատահած են Տէր Զօրի անապատին մէջ: Ինչպէ՞ս չպահանջել մեր բռնագրաւուած հողերը…

Կ՛արժէ նշել, որ Նիւրեմպերկի դատավարութեան ընթացքին ներկայացուած փաստաթուղթերուն մէջ կը գտնուի կարեւոր վկայութիւն մը: Ատիկա Ատոլֆ Հիթլերի կողմէ արտասանուած ճառն է Օպերսալցպերկի մէջ, 22 օգոստոս 1939-ին: Այդ ճառին մէջ ան կու տայ իր հրահանգները: Այդ ճառին մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

«Մեր ուժը պէտք է կայանայ մեր արագութեան եւ մեր բրտութեան մէջ… Այսօր ո՞վ կը խօսի տակաւին հայկական ջարդերուն մասին»:

Այսօր մենք կը պատասխանենք իրեն. մե՛նք կը խօսինք, մե՛նք կը յիշենք:

111 տարիներ անցան: Չմոռցանք: Պիտի չմոռնա՛նք: Միշտ պիտի յիշենք ու պահանջենք`

Մեր նախնիներուն հոգիներուն հանգստութեան համար,
Մեր սուրբ արմատներուն եւ բռնագրաւուած հողերուն համար,
Մեր ազգային ինքնութեան եւ հայապահպանման համար,
Մեր ապագայ սերունդներուն համար,
Մեր պահանջատիրական ուխտին համար,
Հայ դատի արդար լուծման համար:

Եւ չմոռնա՛նք: Երբ աշխարհը լուռ մնայ, ոճիրը կը կրկնուի:

Աւելի՛ն. 2023-ին, երբ Արցախի 120.000 հայերը Ազրպէյճանի կողմէ բռնի ուժով տեղահանուեցան իրենց հայրենի հողերէն, հայութիւնն ու աշխարհը դարձեալ ականատես եղան նոր ցեղասպանութեան մը: Սակայն հակառակ անոր որ հիմա ունինք համացանց ու հեռատեսիլ, աշխարհը կրկին լռեց, որովհետեւ կը նախընտրէ քաղաքական հաշիւներ եւ իշխանութիւն, եւ ո՛չ` արդարութիւն: Այսօր մենք նոյն անտարբերութեան ականատեսն ենք նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր օդային հարուածներուն պատճառով անմեղ զոհերու թիւը օրէ օր կ՛աճի, իսկ աշխարհը դարձեալ կը դիտէ ու լուռ կը մնայ: Լիբանանահայութեան համար ասիկա կրկնակի ցաւ է. վերջին տարիներուն մենք տեսանք Արցախի կորուստը, իսկ հիմա ականատես կ՛ըլլանք Լիբանանի քանդումին:

Մենք այսօր կը խօսինք աւելի քան 1,5 միլիոն նահատակներու ձայներուն փոխարէն, որոնք լռութեան մատնուեցան: Մենք կը խօսինք այն մանուկներուն համար, որոնք չմեծցան, եւ այն սերունդներուն համար, որոնք պիտի ծնէին, բայց զրկուեցան կեանքի իրաւունքէն:

Թուրքը չհասաւ եւ պիտի չհասնի իր նպատակին: Թէեւ տակաւին կան երկիրներ, որոնք կը մերժեն ճանչնալ այս անմարդկային ոճիրը, սակայն սփիւռքահայերս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կը կազմակերպենք հսկումներ, քայլարշաւներ, ցոյցեր եւ ոգեկոչումներ` փաստելով թուրքին եւ ամբողջ աշխարհին, որ մենք կա՛նք, պիտի մնա՛նք ու դեռ շատանա՛նք:

Մենք երբե՛ք պիտի չյոգնինք յիշելէ ու պահանջելէ: Մեր Դատը անպայման պիտի լուծուի՛:

Մնանք պահանջատէր` մինչեւ արդար hատուցում:

 

Նախորդը

Աննահանջ Պայքարը Կը Շարունակուի

Յաջորդը

Պահանջատիրութիւնը Կարիք Ունի Յեղափոխութեան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական . Մեր Խօսքը

April 24, 2026
«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է
Զաւարեանական

«Նեմեսիս»-ը Նաեւ Մեր Օրերուն Համար Է

April 24, 2026
Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ
Զաւարեանական

Մեր Նահատակներուն Յիշատակը` Անտարբերութեան Ստուերին Տակ

April 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.