————————————–
ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2026-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 111-ամեակին առիթով, մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` սրբացեալ նահատակներու յիշատակին նուիրուած:
Նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Պիտի պատարագէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՏԱՃԱՏ ԵՊՍ. ԱՇԸԳԵԱՆ
Դիւանապետ կաթողիկոսարանի
Ս. պատարագի աւարտին, վեհափառ հայրապետին նախագահութեամբ Սրբոց Նահատակաց յուշարձան-մատրան առջեւ տեղի պիտի ունենայ Նահատակաց բարեխօսական կարգ եւ ապա` ծաղկեպսակներու զետեղում` լիբանանահայ կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու կողմէ:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդի զաւակներուն մասնակցելու եկեղեցական արարողութեան ու իրենց արժանի յարգանքը ընծայելու մեր բիւրաւոր սրբացեալ նահատակներու անմահ յիշատակին եւ զօրավիգ կանգնելու անոնց նուիրական դատին:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ




