Ովքե՞ր այս ժողովէն ի՞նչ դուրս եկաւ, թէ պիտի գայ` ես այնքանին տեղեակ չեմ:
Որո՞նք էին մասնակիցները, որո՞նք էին ամպիոններու ախոյեանները, ես շատը` մօտէն չեմ գիտեր:
Ինչպիսի՞ տրամադրուածութիւն կար, որքա՞նը աղմուկ էր, որքա՞նը ուսանելի, հազիւ կռահեմ:
Այնուհետեւ ինծի համար փաստ է, որ`
Եթէ կայ այս ներկայ մտամոլոր հայ իրականութեամբ մտահոգ մը, այդ ալ ՀՅԴ-ն է:
Եթէ կայ ներկայ սփիւռքի անտարբերութեան ախտին դէմ փոթորկած մը, այդ ալ ՀՅԴ-ն է:
Եթէ կայ հայոց վաղուան մարտահրաւէրներու դիմագրաւման ահազանգ հնչեցնող մը, այդ ալ ՀՅԴ-ն է:
Վերջապէս եթէ կայ մէկը, որ 135 տարի է ու աւելի կը գալարուի հայուն ցաւով տառապանքով…
Ու Անոր Զուգահեռ
Անվերջ կը զսպանակուի, կը վերանորոգուի նոյն հայուն պայքարով թէ յաղթանակներով, այդ ալ ՀՅԴ-ն է:
Ու անկախ մեր շա՜տ շա՛տ համոզումներէն` պիտի ընդունինք, որ այդ Ի՛ՆՔ-ը ՀՅԴ-ն է:
Այս օրերուն բարեկամ մը ըսաւ. «Սերո՛բ, ՀՅԴ-ին նկատմամբ քու գնահատականներդ ու մօտեցումներդ այնքան ալ իրատեսական չեն: ՀՅԴ-ն այս օրերուն այն չէ, ինչ որ էր»:
Իրականութեան մէջ կարելի չէ հակաճառել:
Այնուհետեւ ըսէք` այս հայ ժողովուրդը արդեօք ա՞յն է, ինչ որ էր:
Արդեօք այս ժողովուրդը այդ ցեղասպանուածներուն հարազատ ժառանգորդնե՞րն են, թէ՞ ոչ, ըսէք:
Արդեօք այն հպարտութիւնն ու ինքնասիրութիւնը, զորս իբրեւ հայեր երէկ ունէիք, կ՛ապրէիք, այսօր կ՛ապրի՞նք, ունի՞նք:
Որքա՞ն ունիք, թէ չունիք, չեմ գիտեր:
Դաշնակցութիւնը, սակայն, տակաւին այն հիւլէն է, որ քրիստափորեան ոգիով պիտի կայծկլտայ, բոցավառի, այնքան ատեն որ կոմիտասներու աւանդին երկու երկրպագուներ իսկ հողին վերեւ է:



