Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ օր Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նաուաֆ Սալամը, որուն հետ անդրադարձաւ ապահովական եւ դիւանագիտական գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն:
Նախագահ Աուն վարչապետ Սալամին հետ գնահատեց յետզինադադարեան փուլն ու զայն ամրագրելու համար ընթացող աշխատանքները, որոնց շարքին էր հանրապետութեան նախագահին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի ու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի, ինչպէս նաեւ շարք մը արաբ եւ օտար պետութիւններու ղեկավարներու հետ հաղորդակցութիւնները:
Սալամ հանդիպումէն ետք նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ բանակցութիւններուն լիբանանեան պատրաստուածութիւնը, ինչպէս նաեւ գործադրութիւնը նախարարաց խորհուրդի որոշումներուն, մասնաւորաբար նախարարաց խորհուրդի վերջին նիստի ընթացքին որդեգրուած որոշումը, որ կը վերաբերէր Պէյրութի նահանգին մէջ պետութեան իշխանութեան ամրապնդման եւ զէնքի մենաշնորհման:
Սալամ յոյս յայտնեց, որ տեղահանուածները զինադադարի ամրապնդուելէն ետք կարենան կարելի եղածին չափ շուտ անվտանգ կերպով վերադառնալ իրենց տուները` շեշտելով, որ լիբանանեան պետութիւնը պիտի ընկերակցի անոնց տունդարձին եւ այդ վերադարձը դիւրացնելու համար իրմէ պահանջուածը պիտի կատարէ, մասնաւորաբար քանդուած կամուրջները վերականգնելով, ճամբաները վերաբանալով եւ անհրաժեշտ պայմանները ապահովելով այն շրջաններուն մէջ, ուր վերադարձը անվտանգ ու կարելի պիտի ըլլայ»:


