Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

June 1, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աղբերու նուազեցման միջազգային օրուան առիթով, «Եանկ մեն՛զ քրիսչըն ասոշիէյշըն (Ուայ, Էմ. Սի. Էյ.) Կազմակերպութիւնը, գործակցութեամբ` «ՏԵՍՄԻՄ» եւ «ՄԵՆԱ տիզայն» ուսումնասիրութեան կեդրոնին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան, Մեսրոպեան վարժարանին եւ Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկին, նախաձեռնած է «ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրին:

Ծրագիրին նպատակն է կերպընկալէ (նէյլոն) տոպրակներու գործածութիւնը նուազեցնել. եւ ցուցմունքներ տալ  զանոնք վերստին գործածելու գծով: Այս քայլը կ՛առնուի նկատի ունենալով կերպընկալի մեծ քանակով գործածութիւնը Լիբանանի մէջ, ինչ որ աղբերու թիւը կը բարձրացնէ եւ կենսոլորտին մեծ  վնաս կը հասցնէ:

«ՏՈՊՐԱԿ» ծրագիրը մաս կը կազմէ «ՏԵՍԻՄ» ծրագիրին, որուն գլխաւոր նպատակն է ձեւեր որդեգրել կերպընկալէ տոպրակները վերստին գործածելու եւ անոնց գործածութիւնը երկարատեւ դարձնելու:

Այս աշխատանքներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 2 յունիս 2012-ին` առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 4:00  տեղի պիտի ունենայ «կենսոլորտի պահպանման» օր մը, Մեսրոպեան վարժարանի շրջափակին մէջ` կերպընկալէ տոպրակներու կուտակման հարցին շուրջ շրջանի բնակչութեան ուշադրութիւնը եւ գիտակցութիւնը արթնցնելու համար:

Աշխատանքային հանդիպումներուն պիտի մասնակցին Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման ծրագիրէն կիներ, հայկական սկաուտական խումբերէն ներկայացուցիչներ եւ աշակերտներ` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ անարատ յղութեան քոյրերու Սրբուհի Ագնէս վարժարանէն, Ազգային Լ. Եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն եւ Հայ աւետարանական Թորոսեան եւ Շամլեան Թաթիկեան վարժարաններէն:

Վերոյիշեալ վարժարաններուն մէջ արդէն իսկ տեղադրուած են տուփեր ուր աշակերտները պիտի հաւաքեն իրենց տուներէն բերած կերպընկալէ տոպրակներ եւ շաբաթ օր իրենց հետ բերեն աշխատանքային հանդիպումին: Անոնք, խումբ մը արուեստագէտներու հսկողութեամբ, կերպընկալէ տոպրակները օգտագործելով նոր իրեր պիտի ստեղծագործեն: Ժամական դրութեամբ կրկնուող այս աշխատանքը պիտի ստեղծէ տարբեր առաջարկներ այս հարցին լուծման համար:

Ճինիշեան Յիշատակի ձեռնարկի Համայնքային բարգաւաճման բաժանմունքը` քաջ կը գիտակցի, որ կենսոլորտի պահպանման ծրագիրները եւս անհրաժեշտութիւն են մեր իրականութեան մէջ եւ մեր շրջանին մէջ առկայ են, նկատի ունենալով նաեւ, որ Բարգաւաճման ծրագիրները ամբողջական մօտեցումով մը պէտք է հասնին ոչ միայն ընկերային, այլ նաեւ տնտեսական,  առողջապահական եւ կենսոլորտային բոլոր ոլորտներուն:

Նախորդը

Սուրիացի Հայ Նախարար

Յաջորդը

Հայկական Վարժարաններու Մասնակցութիւնն Ու Խլած Ախոյեանութիւնները` Լիբանանի Միջդպրոցական Պարի Մրցոյթի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.