Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Մամուլի Շաւիղով

June 1, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ

Ուրբաթ, 4 մայիս 2012-ին, դպրեվանքին մէջ դասախօսական երեկոյ մը ունեցանք Ժիրայր Դանիէլեանին հետ` լիբանահայ մամուլին մասին: Դասախօսը մտերմիկ ոճով յիշեց շարք մը թերթեր, դէպքեր եւ անձեր, մտահոգութիւններ եւ մարտահրաւէրներ, որոնք հաճելի ունկնդրութեան արժանացան:

Դասախօսութեան ընթացքին, հայ մամուլին դերին ու արժէքին ականջալուր, միտքս պահ մը անցեալէն ներկայ սլացք կատարեց:

Յիշեցի, թէ ժամանակին մարդիկ գիրքը եւ մամուլը ձեռքէ ձեռք անցընելով` անյագօրէն կը կարդային: Փնտռուող ընկեր մըն էր հայ գիրքն ու հայ մամուլը: Մարդիկ ըսելիք ունէին եւ կ՛ուզէին ուրիշները իրենց խօսքին հաղորդակից դարձնել մամուլի կամ գիրքի ճամբով: Եւ աւելի հաճելին այն էր, որ երիտասարդներ մամուլին մէջ արձագանգ գտած նիւթերը կը քննարկէին եւ կը քննադատէին իրենց զրոյցներուն ընթացքին: Այսպիսով, միջավայրը կը ջերմանար, երիտասարդներ զանազան նիւթերով կը հարստանային եւ մտածելակերպեր կը հիւսուէին: Անցեալին նոր թերթեր ունենալու տրամադրութիւնները եւս բարձր էին, եւ նոյնիսկ ձեռագիր թերթիկներով երիտասարդներ կ՛ուզէին իրենց ձայնը լսելի դարձնել:

Ներկայիս երիտասարդներ առաւելաբար համացանցին մէջ են` գրեթէ հայ գիրքէն ու հայ մամուլէն հեռու: Իսկ այն երիտասարդները, որոնք մօտ են հայ գիրին ու գրականութեան, լաւագոյն պարագային հասարակաց հետաքրքրութիւն ունեցող նիւթերը ելեկտրոնային նամակներով կ՛արծարծեն:  Այն մօտիկութիւնը, որ մարդիկ քով-քովի գալով կը փորձէին հաստատել, այսօր համակարգիչի միջոցով կը կատարուի: Իսկ դպրոցներու մէջ, եթէ ուսուցիչներն ու տնօրէնները չպարտադրեն, աշակերտներ թերեւս թերթ տպելու մասին իսկ չմտածեն:

Նոյնիսկ երբ գրական հանդիպումներ կը կազմակերպուին «Բագին»-ի խմբագրատան մէջ կամ այլ վայրեր, ներկաները առաւելաբար ուսուցիչներ, մտաւորականներ եւ գրողներ են: Երիտասարդները հոս ալ չկան:

Հարց կու տամ. համակարգիչը մարդիկը իրարու մօտեցո՞ւց, թէ՞ իրարմէ հեռացուց: Անվերապահօրէն կարելի է ըսել, թէ ան մեզ անցեալի ջերմութենէն զրկեց:

Եթէ գրական կամ այլ նիւթերու շուրջ զրուցելու հաւաքոյթները նոր նախաձեռնութիւններով կազմակերպուին, արդեօք երիտասարդներուն մասնակցութեան թիւը պիտի բարձրանա՞յ, թէ՞ անոնք պիտի շարունակեն համակարգիչներուն դիմաց մնալ: Պէտք է փորձել:

Այս առթիւ նաեւ յարատեւութեան մաղթանքներս կը յղեմ այս տարի իրենց յոբելեանը տօնող թերթերուն. «Ազդակ»-ի 85-ամեակ, «Հասկ»-ի 80-ամեակ, «Արարատ»-ի 75-ամեակ, «Աւետիք»-ի 75-ամեակ, «Զարթօնք»-ի 75-ամեակ, «Ջանասէր»-ի 75-ամեակ, «Մասիս»-ի 65-ամեակ, «Գլաձոր»-ի 55-ամեակ, «Խօսնակ-ի 55-ամեակ եւ «Բագին»-ի 50-ամեակ:

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՒ. ՍՐԿ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
Դպրեվանք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան

Նախորդը

Փութինի «Կազփրոմ»-ի Խնդիրը. Քրեմլին Ինչպէ՞ս Պատահաբար Ազատականացուց Ռուսիոյ Բնական Կազի Շուկան

Յաջորդը

Սուրիացի Հայ Նախարար

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.