. ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ կարգ մը անձնաւորութիւններ «Ասաս»-ին. «Եթէ Իսրայէլ իր յարձակումները շարունակէ, պայմանաժամը բաց պիտի չըլլայ, եւ հաստատօրէն հակադարձութիւն պիտի ըլլայ»:
. ՔԱՍԻՄԻԷԻ կամուրջի քանդումին պատճառով Լիթանիի հարաւին մէջ պաշարման մէջ յայտնուած ընտանիքները կոչ ուղղեցին զիրենք դուրս բերելու: Լիբանանեան բանակը երէկ բացաւ կամուրջը:
. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը գուժեց երէկ իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով նահատակուած իր չորս զինուորներուն մահը:
. ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաքան Նասրէտտին յայտնեց, որ չորեքշաբթի օրուան իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով արձանագրուած է 203 զոհ եւ աւելի քան 1000 վիրաւոր:
. «ԺԱՏԻՏ» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի օր Պէյրութի քանի մը շրջաններուն մէջ Իսրայէլի կողմէ գործուած ռմբակոծումներուն ու շարք մը կոտորածներու պատճառով Պէյրութի պետական հիւանդանոց կը գտնուին 95 անծանօթ դիակներ, որոնք կը սպասեն իրենց ընտանիքներու կողմէ ինքնութեան ճշդման:


