Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուրախ Եւ Տխուր Յիշատակներ

April 8, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ կան ուրախ եւ տխուր օրեր, որոնց արժէքն ու իմաստը ընդհանրապէս վայրկեանին չենք զգար:

Օրերը կ՛անցնին, տարիները` նոյնպէս, ապա կը յիշենք զանազան դէպքեր եւ կ՛անդրադառնանք մեր կեանքի ընդհանուր ընթացքին:

Կը յիշեմ, երբ դպրոցական տարիներուս Վենետիկ մեկնեցայ եւ Մխիթարեան վարժարանը` Մուրատ Ռափայէլեան յաճախեցի, հոն աշխարհի չորս կողմերէն հայ պատանիներ եկած էին` գիշերօթիկ, իրենց ուսումը շարունակելու եւ ապա համալսարան յաճախելու նպատակով:

Եկած էին զանազան երկիրներէ` Թուրքիայէն, Յունաստանէն, Պուլկարիայէն, Հունգարիայէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Եգիպտոսէն, Եթովպիայէն, Սուտանէն, Ֆրանսայէն եւ այլն:

Մօտաւորապէս 100-120 աշակերտներ, շուրջ 12-13-14 տարեկան, իրարու խառնուելով`  ծանօթացանք, բարեկամներ դարձանք եւ տարիներ շարունակ նոյն դպրոցին մէջ, մէկ ընտանիքի պէս ապրեցանք ու դասարան առ դասարան միասին բարձրացանք: Նոյն ճաշերը կերանք, նոյն ջուրը խմեցինք, նոյն զբօսանքին ելանք, միասին խաղցանք, միասին վայելեցինք մեր շաբաթավերջերը, նոյն հսկայ սրահին մէջ քնացանք, Նոր տարիներն ու Զատիկները միասին անցուցինք, Վենետիկի թաղերը, հրապարակները, եկեղեցիները, թանգարանները, Սուրբ Ղազար վանքը եւ Վենետիկի շրջակայ կղզիները մէկ առ մէկ յայտնաբերեցինք:

Տարիներ ետք, երբ դպրոցը աւարտեցինք, իւրաքանչիւրս Իտալիոյ յատուկ քաղաքներ փոխադրուեցանք, որպէսզի զանազան համալսարաններ արձանագրուելով, ամէն մէկս իր փափաքին համեմատ հետեւի իր ընտրած ճիւղին` բժշկութիւն, դեղագործութիւն, ճարտարապետութիւն, ճարտարագիտութիւն եւ այլն:

Իւրաքանչիւրս տարբեր քաղաքներու մէջ ձուլուեցանք եւ, մեր «միշտ հանդիպելու» խոստումները չպահելով, հետզհետէ քիչ հանդիպեցանք` ամիսը անգամ մը, 3 ամիսը անգամ մը կամ տարին մէյ մը հազիւ հանդիպեցանք:

Տարիները շուտ անցան, գրեթէ իրարմէ հեռացանք, մէկ մասը համալսարանը աւարտեց եւ ուրիշ երկիր փոխադրուեցաւ, մէկ մասը ամուսնացաւ, եւ այդպէս, ամէն մէկը իր բոյնը շինեց եւ իր նոր աշխատանքի աշխարհին մէջ մխրճուեցաւ:

Այդ տարիներուն միայն նամակներով կամ պարզ հեռաձայններով մեր կապերը պահեցինք, մանաւանդ որ այն ատեն հաղորդակցութեան ներկայ դիւրութիւնները չկային` բջիջային, ուաթսափ, ընկերային ցանցերու էջեր, Դիմատետր եւ այլն: Ատեն-ատեն նամակ մը ղրկելով կամ հեռաձայն մը ստանալով` իրարու մեր լուրերը կը փոխանակէինք:

Տարիներու ընթացքին այդ հեռաձայնները եւ նամակները նուազեցան, որովհետեւ իւրաքանչիւրս իր առօրեայ գործին եւ պատասխանատուութիւններուն մէջ մխրճուեցաւ, միեւնոյն ատեն ընտանիքի տէր դառնալով` ուրիշ զբաղումներ ունեցաւ. շատերու հասցէները փոխուեցան, հեռաձայններու թիւերը օտար անձերու փոխանցուեցան, եւ այդպիսով, կապերը հետզհետէ նուազեցան, մինչեւ որ բոլորովին զիրար կորսնցուցինք:

Իբրեւ յիշատակ` մնացին միայն նկարներ, մանաւանդ` դպրոցական օրերու նկարներ կամ մեր ազատ արձակումի (Վենետիկի մէջ ապրած ժամանակուան) նկարներ, կամ` վկայականի յիշատակի նկարներ:

Օրերը եւ տարիները արագ անցան, եւ միայն կարգ մը բարեկամներէ եւ հին դասընկերներէ կրցանք ատենը անգամ մը կարճ լուրեր ստանալ, եւ երբ մեր կեանքին մէջ մուտք գործեց բջիջայինի  աշխարհը, ուաթսափը, Դիմատետրը, «Զում»-ը եւ այլ հաղորդակցութեան միջոցներ, սկսանք զիրար փնտռել եւ կապերը վերահաստատել, նոյն ատեն նկարներ փոխանցելով եւ զիրար տեսնելով:

Հոն անդրադարձանք, թէ 30-40 տարիներ անցեր էին: Կարգ մը բարեկամներ նոյնիսկ չկրցանք ճանչնալ, այնքան որ փոխուած էին, նիհարցած կամ գիրցած, մօրուքներն ու մազերը ճերմկցած կամ նոյնիսկ ճաղատ դարձած էին… Անշուշտ մէկ կողմէն ուրախացանք, որ զիրար վերագտած էինք, սակայն միեւնոյն ատեն տխրեցանք,  որ  տարիներ անցած էին եւ  իրարմէ հեռու երկիրներ ապրելով` չէինք կրցած զիրար վայելել, մէկ մասը` Ամերիկա, մէկ մասը Քանատա, Աւստրալիա, Շուէտ, Հայաստան, Յունաստան, իսկ կար աւելի տխուր բաժին մը, որ կարգ մը դասընկերներ-բարեկամներ մահացած էին, եւ տարուէ տարի ողջ մնացածներուն թիւը կը նուազէր:

Ամէն անգամ որ դուրսէն հեռաձայն մը գար, մեր սրտերը կը տրոփէին, թէ` ո՞վ հիւանդ էր, ո՞ր հիւանդանոցն էր, մահաքունի մէ՞ջ էր, թէ՞ մահացած էր…

Դժբախտաբար կեանքի անիւն է, որ կը դառնայ, բայց մենք` իբրեւ հայ, միշտ աւելի ցաւալի կացութեան մը մէջ կը գտնուինք, որովհետեւ ուրիշ ազգերու պէս նոյն երկիրը չենք ապրիր. ցրուած ենք աջ ու ձախ եւ տարիներու բարեկամներ կորսնցուցած ենք:

Չկրցանք զիրար վայելել, կարծէք այդ բարեկամութիւնը միայն այդ քանի մը տարիներուն համար ծրագրուած էր:

Հոն է, որ կը ցաւիս… եւ երբեմն կը մտածես, թէ երանի իրարու հանդիպած չըլլայինք, երանի զիրար չճանչնայինք:

Բուն հարցը այն է, որ մենք հայ ենք: Ես Իտալիա գտնուող բոլոր իտալացի բարեկամներս ամէն տարի կը տեսնեմ, որովհետեւ կա՛մ նոյն քաղաքը կ՛ապրին, կա՛մ քանի  մը քմ հեռու գտնուող մօտիկ քաղաքի մը մէջ:

Մենք` հայերս, ըստ սովորութեան, ցրուեցանք աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ: Կը յիշեմ, երբ մեր վկայականները առինք, իրարու խօսք տուինք, որ առիթով մը դարձեալ պիտի հանդիպինք իրարու:

50 տարիներ անցան, սակայն այդ առիթը չստեղծուեցաւ, եւ ֆիզիքապէս իրարու հետ չտեսնուեցանք, այլ համացանցի միջոցով եւ հաղորդակցութեան արդի ձեւերով` իբրեւ նկար կամ վիտէօ: «Զում»-ի միջոցով նկարներ կը ղրկուէին, կը դիտէինք, կը յիշէինք մեր հաճելի օրերը, միասին մեր ապրած տարիները, կատակներն ու արկածախնդրութիւնները, ուրախ եւ ժպիտներով լեցուն նկարները, որոնք, սակայն, երբեմն տխրութիւն ալ կը բերեն, երբ նկատենք, որ հոն եղողներուն մէկ մասը արդէն մեզմէ առյաւէտ հեռացած է, ուրիշներ հիւանդ են: Նկարներն իսկ նոյն տպաւորութիւնն ու ուրախութիւնը չեն պատճառեր:

Դժբախտաբար այս է հայուն, մանաւանդ երիտասարդ սերունդին վիճակը:

Հայ ըլլալով` սուղ վճարեցինք մեր հեռաւորութեան, առանձնութեան ու մեր յիշատակներուն գինը եւ այսօր նկարները դիտելով կը յուզուինք` մտածելով, թէ ո՞վ տակաւին ներկայ է:

Դժբախտաբար այս է մեր ճակատագիրը…

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Նոր Պատճառ Մը Եւս Կու Տայ` Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Իրեն Չաջակցելու

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.