. «ԼԵՊԱՆՈՆ ՖԱՅԼԶ» կը հաղորդէ, որ ականաւոր հեղինակութիւն մը իր այցելուներուն յայտնած է. «Հաշիւնիդ ըրէ՛ք, պատերազմը կրնայ մինչեւ սեպտեմբեր երկարիլ, եւ Ուաշինկթընի ու Թեհրանի միջեւ կրնայ զինադադար գոյանալ, սակայն Լիբանանի մէջ պատերազմը կրնայ մինչեւ սեպտեմբեր երկարիլ»:
. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին յայտնած են, որ Փարիզ դիւանագիտական խողովակներու ճամբով ու Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին ճամբով Պէյրութի մարտական կացութեան վատթարացման եւ դէպի յաւելեալ մագլցում ուղղուածութեան վերաբերեալ չափազանց լուրջ զգուշացումներ փոխանցած է:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իր այցելուներուն յայտնած է. «Պէյրութի մէջ Իրանի դեսպանին հարցը լուրջ խնդիր մըն է, որ պէտք է լուծուի, եւ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ելքեր, զորս կարելի է քննարկել: Անոնցմէ մէկը օրինակ այն է, որ որոշումը բանաձեւուի «գործադրութեան առկախմամբ» բառակապակցութեամբ»:
Պըրրի յայտնած է, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ յարաբերութիւնները «շատ պաղ են», «բոլորին հետ հաղորդակցութիւնները կտրուած են», եւ տօներու առիթով խորհրդարանի նախագահի նախագահական պալատ նախատեսուած այցելութիւնը այդ մթնոլորտը փարատելու համար բաւարար չի թուիր ըլլալ, «որովհետեւ այս խնդիրը լուրջ է, եւ պէտք է անոր լուծում գտնել»:


