Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեծ պահքը իր աւարտին կը մօտենայ, եւ արդէն օրեր անց` ապրիլ 5-ին, մենք պիտի նշենք Քրիստոսի Ս. Յարութեան կամ Ս. Զատիկի տօնը:
Ս. Յարութեան տօնին նախընթաց շաբաթը կը կոչուի Աւագ շաբաթ. ան կը բովանդակէ իր մէջ այն եօթը օրերը, որոնք ամէնէն բովանդակալից օրերն են Քրիստոսի կեանքին եւ վարդապետութեան: Այս շաբաթը երկու մասի կը բաժնուի. առաջին երեք օրերը, երբ տակաւին Յիսուս ազատօրէն կը շրջի Երուսաղէմի մէջ, եւ` յաջորդող երեք օրերը, երբ ան կը ձերբակալուի, կը չարչարուի, կը խաչուի, կը մեռնի ու կը թաղուի: Իսկ այս բոլորը կը պսակուին Քրիստոսի փառաւոր յարութեամբ:
Այսօր` այդ շաբթուան հինգշաբթին, կը կոչուի Աւագ Հինգշաբթի:
Այսօր Յիսուս Քրիստոսի վերջին ընթրիքի յիշատակութեան օրն է: Ըստ Աւետարանին, այդ օրը հաստատուեր է Ս. հաղորդութեան խորհուրդը: Միջօրէին կը մատուցուի ս. պատարագ: Ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի օրուան երկրորդ կէսին` մինչեւ երեկոյեան ժամերգութիւն, եւ կը խորհրդանշէ այն խոնարհութիւնը, որ ցուցաբերեց Քրիստոս իր աշակերտներուն հանդէպ: Աւագ հինգշաբթի, երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, կը կատարուի հսկումի (խաւարում) կարգը` ի յիշատակ Քրիստոսի կրած չարչարանքներուն, խաչելութեան եւ թաղման:
Աւագ Հինգշաբթիի Հետաքրքրական
Աւանդութիւններ
Եկեղեցական արարողութիւններուն զուգահեռ, դարեր շարունակ պահպանուեր են Աւագ հինգշաբթիի հետ կապուած սովորութիւններ, որոնք կը վկայեն օրուան խորհուրդին հանդէպ հայ մարդուն ունեցած հաւատքը:
– Աւագ հինգշաբթին համարուած էր Տէրունի օր: Հաւատացած են, որ այդ օրը ձեռնարկուած գործերը յաջողութեամբ կը պսակուին, եւ ինչ որ խնդրեն, Աստուած կը լսէ:
– Երկրագործը Աւագ հինգշաբթի իր գործիքներէն որեւէ մաս մը եւ ափ մը սէրը դրած է եկեղեցւոյ գրակալին մօտ, որպէսզի օրհնուին:
– Աւագ հինգշաբթին տօնական օր համարուած էր: Աւագները երեխաներուն պատուիրած են` հաղորդուելէ ետք չհայհոյել, իրարու հետ քաղցր խօսիլ, հաշտ ըլլալ ու չվիճիլ:
– Երեկոյեան ժամերգութեան ընթացքին նոր հարած կարագ, իւղ տարած են եկեղեցի: Քահանան օրհնած եւ քսած է տղամարդոց ոտքերուն, իսկ կիներու` ձեռքերուն: Ապա մեծ ու փոքր, կտոր մը օրհնուած կարագ վերցնելով, քսած են` իրենց աչքերուն, ականջներուն, ճակատին, ձեռքերուն, մազերուն…
– Շատեր կարագի կտորը տարած են տուն ու քսած` կովու ստինքներուն, որպէսզի առատ կաթ տայ, քսած են ընտանիքի անասուններու հիւանդ մասերուն, կամ դրած են իւղի կճուճին, կարասին, խնոցիին մէջ` զանոնք մշտապէս լեցուն տեսնելու ակնկալիքով:
– Աղջիկները գացած են դաշտերը` կանաչեղէն հաւաքելու, բաժին հանած են նաեւ այն ընտանիքներուն, որոնք այս կամ այն պատճառներով դաշտ չեն գացած:
Պայման էր, որ հինգշաբթի նոր քաղուած կանաչեղէնները ուտէին: Օրուան ուտեստներէն էր «աղամաղ»-ը, կամ` «աղի-մաղի»-ն, զայն պատրաստած են սմբուկի գլխու կանաչ կեղեւով, զոր չորցուցած են, մանրած, սոխով տապկած, աղ ու պղպեղով համեմած եւ կերած են:
– Այդ օրը յատկապէս ննջեցեալ ունեցող ընտանիքները կանեփով հաց թխած են:
– Հայաստանի որոշ բնակավայրերու մէջ սովորութիւն էր Աւագ հինգշաբթի նորահարսը դարձ տանիլ (ամուսնութենէն ետք նորահարսին առաջին անգամ իր ծնողներուն տուն երթալը` քանի մը օրով), որ կը տեւէր մինչեւ Զատիկի կիրակին:
– Արեւմտահայաստանի գիւղերուն մէջ Աւագ հինգշաբթին նաեւ կը կոչուէր «Խոնարհութեան օր», այդ օրը հաւատացեալները կը պատրաստէին համեստ կերակուրներ` առանց ձէթի, հաց` առանց թթխմորի, ի յիշատակ Քրիստոսի համեստ կեանքին: Սեղանին կը դրուէին բուսական պարզ կերակուրներ` ընդեղէններով կամ վայրի կանաչեղէններով պատրաստուած:
Արարողութիւններու եւ ժողովրդական աւանդութիւններու առումով, Աւագ հինգշաբթին Աւագ շաբթուան ամենայագեցած օրերէն մէկն է:
Զատկուան Սեղանը Աւելի Հիւրընկալ
Դարձնող Յարդարանքներ
Սեղանի յարդարանքները միայն տեսքի համար չեն, անոնք նաեւ մթնոլորտ կը ստեղծեն:
Երբ կը խօսինք սեղանի յարդարանքի մասին, պէտք չէ մտածել միայն գեղեցիկ իրերու մասին, այլեւ` այն մասին, թէ ի՛նչ զգացողութիւններ կ՛առաջացնեն անոնք մարդոց մօտ: Գեղեցիկ սեղանը կրնայ որեւէ ճաշատեսակ վերածել անմոռանալի փորձառութեան մը:
Վիճակագրութիւններ ցոյց տուած են, որ հրաւիրեալներու 70 առ հարիւրը առաջին հերթին կը տպաւորուին սեղանի յարդարանքով, իսկ լաւ յարդարանքը կը խթանէ ախորժակը եւ առիթը նշելու ու վայելելու ցանկութիւնը:
Ստորեւ` Զատկուան սեղանի 6 հետաքրքրական զարդարանքներ, որոնք անտարբեր պիտի չձգեն ձեր ընտանիքին անդամները կամ հիւրերը:
Տիոր Եւ Լուի Վուիթոն Նորաձեւութեան
Տուներու Զատկուան Հաւկիթները
Զատկուան տօնին առիթով Տիոր նորաձեւութեան տունը ստեղծած է տուրմէ հիանալի գլուխ գործոց մը` հաւատարիմ մնալով տան նրբագեղութեան եւ վայելչութեան:
Այս բացառիկ զատկական հաւկիթին հեղինակը Եանիք Ալլենոն է: Սեւ եւ ճերմակ տուրմէ պատրաստուած հաւկիթին վրայ պատկերուած է նորաձեւութեան տան «մետալ»-ը` զարդարուած նուրբ ժապաւէնով:
Տուրմէ հաւկիթին մէջը կան կոճակի տեսքով, ինչպէս նաեւ «CD» տառերը պատկերող փոքրիկ տուրմի կտորներ: Իսկ համերը` գետնանուշի, տապկուած նուշի, խրթխրթան բրինձի, փրալինէի եւ խրթխրթան սոպաչայի նրբերանգներ են:
* * *
Նոյնքան տպաւորիչ է Լուի Վուիթոն նորաձեւութեան տան տուրմէ զատկական հաւկիթը` պայուսակի տեսքով: Այս գլուխ գործոցին հեղինակը ֆրանսացի հրուշակագործ Մաքսիմ Ֆրետերիքն է:
Տուրմ-պայուսակը պատրաստուած է սեւ տուրմէ, կաթնային տուրմէ եւ գետնանուշէ: Հաւկիթին մէջը կայ կաթնային տուրմէ սալիկ` գետնանուշի միջուկով:
Խոհագիր
Կաթնահունց
– 5 հաւկիթ + 1 հաւկիթի դեղնուց
– 1 քիլօ ալիւր
– 1 1/2 գաւաթ շաքար
– 1 գաւաթ գաղջ կաթ
– 1 գաւաթ հալած կարագ
– 2 ապուրի դգալ թթխմոր
– 1 1/2 թէյի դգալ մահլեպ
– 1 թէյի դգալ մեզտեքի (փոշի)
Պատրաստութիւն
Խորունկ ամանի մը մէջ լեցնել հաւկիթը, շաքարը եւ կարագը ու ձեռքով հարել:
Աստիճանաբար աւելցնել մաղէ անցած ալիւրը, մեզտեքին եւ կաթով լուծուած թթխմորն ու մահլեպը: Բոլորը միատեղ հունցել. կը ստացուի կպչուն խմոր մը. 5 վայրկեան եւս հունցել, ապա ծածկել խմորը, զետեղել տաք տեղ մը եւ ձգել 2-3 ժամ, որպէսզի հանգչի ու թթուի:
Աշխատանքի սեղանին վրայ ալիւր ցանել եւ խմորը ձեւաւորել ըստ ճաշակի` պսակաձեւ կամ երկար հիւսքեր եւ կամ` փոքրիկ խխունջաձեւ կլորներ: Փոխադրել իւղով ծեփուած կաղապարներու մէջ ու ձգել, որ քառորդ ժամ եւս հանգչին եւ ուռին:
Ձեւաւորուած խմորներուն երեսը հաւկիթի դեղնուց քսել, շուշմայ կամ սեւագնդիկ ցանել եւ նախապէս տաքցուած փուռի մէջ եփել, մինչեւ որ երեսը կարմրի:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ուժաչափ
Ազատ է –
Ով որ կ՛ուզէ հոս իր ուժը կը փորձէ
Կ՛առնէ լախտը ծանրածանր ու կը զարնէ կուռ սալին
Կ՛առնէ ռումբը ձուլածոյ եւ կը քշէ զառիթափէն դէպի վեր
Կ՛առնէ խուրձը զսպանակի ու կը քաշէ երկու ծայրէն ձիւթի պէս
Ամէն անգամ – նշանակուած իւրաքանչիւր աստիճան
Կը ծանուցուի զանգակներով լոյսերով
Գոյն գոյն լոյսեր կը վառին
Զիլ զիլ զանգեր կը հնչեն
Ու մենք կեցած մեկուսի
Այս գոյնզգոյն ու զլաձայն ուժի ցոյցը կը դիտենք
Ու սարսուռով մ՛ողնային
Մենք կը զգանք գալն հսկայի մը հրաչուի
Որ պիտի գայ ցրուել կոտրել ուժ չափողներն- ուժաչափերը բոլոր
Որուն արդէն ոտնաձայնը կշռաւոր
Կ՛արձագանգէ մեր վշտահոս երակներուն իւրաքանչիւր տրոփին:
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ




