. ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք. «Պէտք է Լիբանանի մէջ խաղաղապահ զինուորներուն վրայ յարձակումներուն վերջ տալ եւ անոնց պատասխանատուները հաշուետուութեան ենթարկել»:
. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Իրանի դեսպանի վտարման պատմութիւնը պատճառ դարձաւ նախագահ Աունի եւ խորհրդարանի նախագահ Պըրրիի միջեւ վստահութեան մեծ ճգնաժամի. վերջինս իր այցելուներուն յայտնեց, որ նախագահին հետ ամբողջական համակարգման շուրջ համաձայնած էր, սակայն անակնկալի մատնուեցաւ ոչ թէ արտաքին գործոց նախարար Ռաժժիի քայլէն, այլ` նախագահին այդ քայլը իրեն հետ համակարգուած ըլլալը չհերքելէն»:
. ԻՐԱՆԻ դեսպանի հարցին հետեւող աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Այս հարցը իր առաւելագոյն կէտին հասաւ: Որդեգրուած որոշումներ եւ այդ որոշումներուն հակազդեցութիւններ կան, եւ պէտք է այս հարցը լուծուի ողջախոհութեամբ եւ հանդարտութեամբ»:
Պաշտօնատար մը այս առնչութեամբ յայտնած է. «Այս հարցին լաւագոյն լուծումը մոռցուած հարցի վերածուիլն է»:
. «ԱՆՊԱ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «նախագահական պալատի շրջանակին մէջ երկու խումբեր կը վիճին, թէ արդեօք նախագահը պէ՞տք է լրատուամիջոցներուն ճամբով ելոյթ ունենայ, թէ՞ ոչ: Առաջին խումբը կը պնդէ, որ ան պէտք է իրականութիւնները բացայայտէ եւ լիբանանցիներուն հետ անկեղծօրէն խօսի, իսկ երկրորդ խումբը հարցականի տակ կ՛առնէ այդ քայլին օգտակարութիւնը, «եթէ անիկա լուծումներու առաջադրման պիտի չյանգեցնէ»:
. «ՀԱՏԱՍ» արբանեակային պատկերասփիւռի կայան. «Լիբանան Հըզպալլայի զինուորական թեւը ապօրինի կազմակերպութիւն որակաւորելու մասին նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ին»:
. ԱՖՓ. «Լիբանան Պէյրութի մէջ ուքրանական դեսպանատունէն պահանջեց իրեն յանձնել անձ մը, որ Մոսատի հետ գործակցութեան մէջ կը կասկածուի»:
. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 17000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 2.381.000 լ.ո.-ի եւ 2.422.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 58000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 2.353.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը նուազեցաւ 14000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.854.000 լ.ո.-ի:


