Հովանաւորութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գրիգոր Պատիշահի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինին, հինգշաբթի, 26 մարտ 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին տեղի ունեցաւ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելի խմբագրած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին քննարկումը: Պուրճ Համուտի հայ կաթողիկէ Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ «Նիրվա եւ Վարուժ Ներկիզեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին ներկայ էին` գաղութի հայ թէ օտար միութիւններու, հիմնարկներու, հասարակական կառոյցներու եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` միութենական, հոգեւոր, ակադեմական ու պատմասէր անձնաւորութիւններ:
Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Գրիգոր Էքմեքճեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ձեռնարկի առիթին ու նպատակին: Ան նշեց, թէ «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» գիրքը ոչ միայն պատմութիւն կը ներկայացնէ, այլեւ կը բացայայտէ ողբերգութեան արմատները` փաստագրելով ճշմարտութիւնը:
«Երբ կը կանգնինք Պէյրութի Նահատակներու հրապարակին վրայ, կանգնած կ՛ըլլանք ոչ միայն պատմական յուշարձանի, կամ լիբանանեան մամուլի նահատակներու յիշատակին առջեւ, այլեւ` ազգային խորհրդանիշի առջեւ, որ կը միաւորէ օսմանեան տիրապետութեան բոլոր զոհերը», ընդգծեց ան` շեշտելով, որ այդ հրապարակը ականատես եղած է մայիսի 6-ի մահապատիժներուն, դարձած է ազատութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած տղամարդոց եւ կիներու զոհաբերութիւններու կենդանի վկայութիւն եւ լիբանանցիներու միասնութեան խորհրդանիշը անարդարութեան դէմ` անկախ անոնց պատկանելիութենէն: Էքմեքճեան այս ծիրին մէջ վերյիշեց 2020-ին Արցախի եւ ապա 2023-ին ազերիական իշխանութիւններու կողմէ հայերու պարտադիր տեղահանումը, որ շարունակութիւնն է նոյն քաղաքականութեան, որ խարսխուած է մեկուսացման, արմատախիլ ընելու եւ ցեղային զտումներու վրայ:
«Համայն աշխարհ ականատես եղաւ, թէ ինչպէ՛ս ազերին անպաշտպան ժողովուրդը թիրախաւորեց, պաշարեց մարդիկ, որոնք հարկադրաբար հեռացան իրենց նախնիներու հայրենիքէն: Այս իրադարձութիւնները անցեալէն չեն անջատուած, այլ շարունակութիւնն են այն նոյն մտածելակերպին, որ դար մը առաջ իրականացուցած է սով ու կոտորած», յիշեցուց Էքմեքճեան: «Այսօր, երբ մենք Լիբանանի մէջ կ՛ապրինք դժուար պայմաններու մէջ, կը բախինք գոյութենական մարտահրաւէրներու, չենք կրնար անդրադառնալ ներկային` անջատաբար այս պատմական իրավիճակէն: Լիբանան ներկայիս կ՛ենթարկուի Իսրայէլի կրկնուող յարձակման, որ կը թիրախաւորէ իր հողը, ժողովուրդը եւ ենթակառոյցները», դիտել տուաւ ան:
«Ռմբակոծումը տարբերութիւն չի դներ քաղաքացիական բնակչութեան եւ մարտիկներու միջեւ, բազմաթիւ անմեղ մարդիկ դարձան այս յարձակումներու զոհ` կոպտօրէն խախտելով բոլոր մարդկային արժէքները», ընդգծեց Էքմեքճեան:
Ապա խօսք առաւ «Վանայ ձայն» ձայնասփիւռի կայանի արաբերէն բաժանմունքի հաղորդավար, լրագրող Հալա Հատտատ, որ ներկայացուց 880 էջերէ բաղկացած «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքը, որ արգասիքն է 2024 թուականին գումարուած համաժողովին ներկայացուած ուսումնասիրութիւններուն: Հալա Հատտատ այս առիթով զանազան հարցումներու ճամբով զրոյց ծաւալեց Լիբանանեան համալսարանի դասախօս, Պատմագիտութեան լիբանանեան միութեան նախագահ, վերոնշեալ հատորի խմբագիր, օրուան պատգամախօս դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատելին հետ: Նշենք, որ հատորի խմբագրութեան աշխատանքին մասնակցած է նաեւ Լիբանանեան համալսարանի Պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէններէն դոկտ. Անտրէ Նասսար: Հարցումները հիմնականին մէջ կեդրոնացան Ա. Աշխարհամարտի սովին առնչուող համագումարին արծարծուած հարցերուն` Լեռնալիբանանի ծովային ու ցամաքային պաշարումին, սովի տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական պատճառներուն եւ հետեւանքներուն, համագումարէն բխած որոշումներուն եւ թելադրանքներուն ու առհասարակ պատմութեան վերաբերող դասանիւթերու ուսուցման ոճին վրայ եւ այլն:
Պատասխանելով այդ հարցումներուն` Լիբանանեան համալսարանի Պատմութեան հիմնարկի նախկին տնօրէն դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել հանգամանօրէն ներկայացուց «Սովը Լիբանանի մէջ Ա. Աշխարհամարտի ընթացքին (1914-1918)» խորագրեալ գիրքին շուրջ 2024-ին գումարուած պատմագիտական համագումարին մթնոլորտը: Ան դիտել տուաւ, որ հիմնականին մէջ համագումարին հրաւիրուած յիսուն պատմագէտ-պատմաբաններու ներկայացուցած համապատասխան երեսուն ուսումնասիրութիւնները կեդրոնացած են Ա. Աշխարհամարտի սովի շրջանին Լիբանանի մէջ, յատկապէս` Լեռնալիբանանի` տիրած մթնոլորտին ու այդ օրերուն շրջան ըրած տեղեկութիւններու ճշգրիտ մանրամասնութիւններուն վրայ, այլ խօսքով` սկզբնաղբիւրներուն վրայ: Ապի Ֆատել այս ոճը որակեց «ճշգրիտ պատմագրութիւն»: Նշեալ պրպտումները ընդգրկած են հիւսիսային Լիբանանի Պշարրէ, Զղարթա շրջանէն մինչեւ հարաւային Լիբանանի սահմանամերձ աւանները: Ապի Ֆատել նշեց, որ ըստ պրպտումներու եւ այլազան տեղեկութիւններու, սովը պատահական չէր, ունէր ներքին եւ արտաքին պատճառներ: Ան շեշտեց, որ 9 ապրիլ 2025-ին լոյս տեսած այս հատորը աննախընթաց քայլով առաջինն է իր տեսակին մէջ եւ կրնայ պատմաբաններուն համար իբրեւ սկզբնաղբիւր ծառայել:
Այս իմաստով կատարուած պրպտումներու հիման վրայ ուշագրաւ է, որ պատկան շրջաններու մարդիկ կամ կառոյցներ օրագիր կամ արխիւային նիւթեր գրեթէ չեն արձանագրած բացի մարոնիներու պատրիարքարանէն, որ կրցած է հինգ ձեռագիր տետրակներու մէջ ամփոփել սովի առօրեային առնչուող հիմնական մանրամասնութիւններ: Ան թուեց Լեռնալիբանանի տարբեր աւաններուն մէջ պատահած սովի եւ անոր պատճառով արձանագրուած` զոհերու թիւին համեմատութիւնը, որ կը տարուբերէր շրջանէ շրջան, ինչ որ կը նշանակէր, թէ կարգ մը շրջաններ կը ստանային տարրական նպաստ (ալիւր…), մինչ այլ շրջաններ կը զրկուէին անկէ:
Դոկտ. Ապի Ֆատել անհրաժեշտ նկատեց պատմական այդ տեղեկութիւններու ներառումը լիբանանեան պատմութեան դասագիրքերուն մէջ` յիշեցնելով, որ լիբանանեան կրթական հաստատութիւններուն մէջ ուսուցանուող պատմութեան դասանիւթերը, որոնք պատրաստուած ու խմբագրուած էին 1968-ին, հիմնական վերանայումի կը կարօտին: Այս հարցով կազմուած է յանձնախումբ մը, որ պիտի զբաղի այս խնդրի հետապնդումով: «Սովորական բնական աղէտէ անդին` այդ սովը կանխածրագրուած ճնշումի միջոց էր քաղաքական արդիւնքներ ձեռքբերելու նպատակով», ընդգծեց դոկտ. Ապի Ֆատել` գլխաւորաբար ակնարկելով այդ օրերուն Լիբանանի եւ մերձակայքի վրայ իշխող թուրք-օսմանցի զօրավար Ճեմալ փաշայի կեցուածքին:
Պատգամախօսը հիմնաւորեալ տուեալներով նշեց, որ օրին լիբանանեան բազմաթիւ շրջաններու մէջ տնտեսութիւնը անտեսուած, չոր ու տկար էր, երկրագործութիւնը գրեթէ նահանջի մէջ էր, հազուադէպօրէն կարելի էր շրջաններու մէջ արդիւնաւէտ ցանքի հանդիպիլ: Լիբանանցիք կը նախընտրէին ապաւինիլ հիմնականին մէջ իրենց պանդուխտ հարազատներու արտասահմանէն ուղարկած նիւթական նպաստներուն: Ոմանք նոյնիսկ իրենց սեփական հողաշերտը կը վաճառէին պարկ մը ալիւրի փոխարէն: Ապի Ֆատել յիշեցուց, որ 1920-ին հռչակուած «Մեծն Լիբանան»-ի յայտարարութենէն դար մը ետք լիբանանեան տնտեսութիւնը տակաւին ամուլ է, այս իրականութեան համաձայն գտնուած են սեպտեմբեր 2020-ին կազմակերպուած «Մեծն Լիբանան»-ի հարիւրամեակի ձեռնարկին մասնակիցները: Ասոր վերաբերեալ դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել զուգահեռ մը գծեց Ա. Աշխարհամարտի սովին ու ներկայիս դրսեւորուող կեցուածքներուն միջեւ, երբ զանազան միջոցներ կ՛օգտագործուին իբրեւ ճնշումի խաղաքարտ` պատկան կողմերը մղելու համար զիջելու կամ «ծունկի բերելու»:
Ան մէջբերեց Էնվեր փաշայի այն յոխորտանքը, թէ` «Մենք բնաջնջեցինք հայերը սուրով, իսկ լիբանանցիները պիտի մեռցնենք սովով»` ակնարկելով 1915-ին Ա. Աշխարհամարտին ցեղասպանուած հայերուն եւ Լեռնալիբանանի քրիստոնեաներուն: Այս ծիրին մէջ պատմաբան դոկտ. Ապի Ֆատել իբրեւ օրինակ` յիշեց 2023-ին Արցախի ամբողջական բռնագրաւումը, երբ բազմաթիւ արցախահայեր հարկադրուեցան հեռանալ իրենց պապենական հողերէն: Արդիւնքներու ծիրին մէջ նշեալ համագումարի ընթացքին թէ հետագային լոյս տեսած մամուլով թելադրանք փոխանցուած է` կազմակերպելու Ա. Աշխարհամարտի սովի զոհերու ճանաչման արշաւ մը, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջին օրինակով:
Ապա լրագրող Հալա Հատտատ խօսքը տուաւ տնտեսագէտ Ռիշար Ապու Ժաուտէին, որ նոյնպէս սովի օրերուն վերաբերող մանրամասնութեանց պրպտումով շրջած է Լեռնալիբանանի զանազան գիւղերն ու աւանները եւ` բնակիչները հարցապնդած սովի օրերուն մասին, եթէ յուշեր ունին: Ան թուեց, թէ ինչպէ՛ս Լեռնալիբանանի կարգ մը գիւղեր կ՛որոշեն օրուան «ինքնաշարժներէն»` զուգագործ հեծակի «թոնպոր» տիպի «փոխադրակառք ունեցող Ժորժ Թաննուսի հետ պատուիրակութիւն մը ղրկել սուրիական Հաուրան շրջանը` ալիւր բերելու համար: Սակայն պատուիրակութեան անդամները հարց տուած են, եթէ կարենան թրքական կամ ինչ-ինչ արգելքներ յաղթահարել, տակաւին կը մնայ հիմնական այն արգելքը, թէ ինչպէս կարելի պիտի ըլլայ ձերբազատիլ Հաննա Ասիի գլխաւորած խմբակէն: Արդարեւ, Ռիշար Ապու Ժաուտէի մեծ հայրը` Ապու Եուսեֆ, բարեկամ էր Ասի եւ Էլիաս Ռահպանիներու հօրը` Հաննա Ասիի, որ «օրինազանցներու խմբակ» մը գլխաւորած` լեռներէն կ՛իջնէր ու «կ՛իւրացնէր իւղոտ անցորդներու» բեռը: Ան աւելցուց, թէ «Սաֆար պարլիք» ժապաւէնը իր այս դրուագի նմանօրինակն է: Ըստ Ապու Ժաուտէի լսածներուն, սուրիական Սուէյտա շրջանի արաբ գերդաստանները, աշիրէթները բաւական դիմադրած են: Տիւրզիները օգնած են քրիստոնեաներուն: Ապու Ժաուտէ ընդգծեց, որ 1916-ին բռնկած արաբական մեծ յեղափոխութիւնը համատարած շարժում էր թուրքերուն դէմ:
Ձեռնարկին իր սրտի խօսքը արտասանեց Գրիգոր եպս. Պատիշահ, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին, որ համախմբած է երկու ողբերգութիւններ` 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնն ու սովի ճիրաններուն մէջ խեղդամահ եղած Լեռնալիբանանն ու Պէյրութը: Ան բարձր գնահատեց համալսարանի պատմութեան դասախօս դոկտ. Իմատ Մուրատի յանդուգն կեցուածքը Լիբանանեան համալսարանի 2024-ի համագումարին ընթացքին, ուր ան շեշտեց անցեալի ողբերգութիւններէն դասեր քաղելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի անոնք չկրկնուին: Գրիգոր եպս. Պատիշահ հաստատեց, որ սովի նահատակներուն յիշատակը անտեսելը մեր ազգային ինքնութեան հիմնական մէկ մասնիկին քողարկումն է:
Իրեն հետ միասին կը հաստատեմ` լիբանանցիներու ողբերգութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս` Հայոց ցեղասպանութիւնը, պիտի մնայ որպէս բաց վէրք, քանի դեռ արդարութիւնը չէ հասած իր լրումին: Ան նոյնպէս խորհրդածութեամբ վերյիշեց ու ողջունեց նախկին երեսփոխան Նեհմեթալլահ Ապի Նասըրի օրինագծային նախաձեռնութիւնը` սովի յիշատակին նուիրուած պաշտօնական օր մը հաստատելու մասին` ցաւ յայտնելով, որ նեղ ու համայնքային պառակտումները արգելք հանդիսացան այս օրէնքի վաւերացման:
«Այդ սովը լոկ պատահական բնական պայմաններու հետեւանք չէր, այլ` կանխամտածուած ցեղասպանութիւն», շեշտեց Գրիգոր եպս. Պատիշահ` յիշեցնելով, թէ ինչպէ՛ս չարաշահ ամբարողներ ցորենը դիզեցին, մինչ ժողովուրդը շեմերուն վրայ հոգին կ՛աւանդէր. տեսարան մը, որ այսօր կը կրկնուի Լիբանանի մէջ` տնտեսական այնպիսի ճնշումներով, որոնք կը կրծեն մարդկային արժանապատուութիւնը եւ թիրախ կը դարձնեն անոր օրապահիկն ու անդորրութիւնը: Գրիգոր եպս. Պատիշահ նոյնպէս խոր ակնածանքով յիշեց Հայ կաթողիկէ Զմմառու Տիրամօր վանքի դերակատարութիւնը, երբ պաշարները սպառեցան, այս միաբանութիւնը չվարանեցաւ զոհաբերելու ամէնէն նուիրականը. ծախու դրուեցան վանքի հոգեւոր մասունքները` ոսկեայ մատանիներն ու լանջախաչերը: Ան նաեւ մեծ դրուատիքով վերյիշեց հայր Պօղոս Արիսը, որ 1916 թուականին, երբ աւելի քան 600 սովածներ ու աղքատներ կը շրջէին վանքի շրջափակին մէջ, ան ստանձնեց օրական 200 սովածներու կերակրման գործը:
Իր խօսքին մէջ Գրիգոր եպս. Պատիշահ խոր երախտագիտութեամբ վերյիշեց մարոնիներու Էլիաս Հուայեք պատրիարքին պատմական վեհանձն կեցուածքը, երբ ան ողջունելով հայ գաղթականներու ժամանումը` ըսած էր. «Մեծ պատերազմը զաւակներս խլեց: Աստուած անոնց տեղ հայերը կը ղրկէ: Բացէ՛ք դռները, թող հայերը գան»: «Այդ վայրկեանէն իսկ պատրիարքին որոշումը վերածուեցաւ «Գթութեան սահմանադրութեան», որ տարածուեցաւ երկրի բոլոր կողմերը: Եկեղեցին իր ամբողջ ուժականութեամբ լարուեցաւ, եւ վանքերը միացան մարդասիրական այնպիսի ներդաշնակութեան մը մէջ, որուն նմանը պատմութիւնը չէր տեսած: Եկեղեցին փաստեց, որ ինք բանակներ չունի, բայց ունի «Հացի զօրութիւնը» եւ սիրոյ իշխանութիւնը, որ մեր վանքերը վերածեց անառիկ ամրոցներու` տապալելով սովամահութեան քաղաքականութիւնը, որպէսզի մնայ մարդը, եւ մնայ Լիբանանը:
«Մեր այսօրուան կեցուածքը լոկ լաց ու կոծ չէ ողբերգութեան աւերակներուն վրայ, այլ` «ինքնութեան վերականգնման արարք»: Եթէ այդ սովը խլեց երկու հարիւր յիսուն հազար մարդոց կեանքը, ապա մեր տոկունութիւնը ապացոյցն է այն իրողութեան, որ Լիբանանի մէջ ապրելու կամքը անընկճելի է: Այս հայրենիքը ծիլ տուաւ «Սիրոյ հացի» արմատներէն, որ շաղախուեցաւ հայրերու քրտինքով եւ մայրերու գուրգուրանքով»: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրապարակենք յառաջիկային):
Աւարտին դոկտ. Մարուան Ապի Ֆատել մակագրեց իրեն հետ բերած հատորներէն փափաքողներուն տրամադրուած օրինակները:





