ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՎԵԱՆ
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Մեղրեան» մասնաճիւղ
Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը Լիբանանի հասարակական եւ ազգային կեանքի հիմնասիւններէն մէկը կը կազմէ: Տասնամեակներ շարունակ ան եղած է ոչ միայն իր համայնքի պահպանման եւ զարգացման շարժիչ ուժը, այլ նաեւ` Լիբանանի բազմազան հասարակութեան ծոցէն ծնած կառուցողական եւ պատասխանատու ներկայութիւն մը: Լիբանանը հայ ժողովուրդին համար սոսկ ապաստան չէ եղած. ան դարձած է երկրորդ հայրենիք մը, ուր հայութիւնը կրցած է վերակազմակերպել իր կեանքը, պահպանել իր ինքնութիւնը եւ զարգացնել իր մշակութային, կրթական ու քաղաքական հաստատութիւնները:
Այս պատմութիւնը անբաժանօրէն կապուած է լիբանանահայ երիտասարդութեան պայքարին եւ մասնակցութեան հետ: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ինչպէս նաեւ` 2006-ի Լիբանան-Իսրայէլ պատերազմի ընթացքին, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կանգնած մնաց իր երկրի կողքին` պաշտպանելով իր թաղամասերը, իր հաստատութիւնները եւ իր ժողովուրդը: Այդ փորձառութիւնը սերունդէ սերունդ փոխանցուած գիտակցութիւն մըն է, որ կը յիշեցնէ, թէ ազատութիւնը, անվտանգութիւնը եւ համայնքային գոյատեւումը երբեք տրուած իրականութիւններ չեն, այլ` մնայուն պայքարով ձեռք բերուած արժէքներ:
Այսօր Միջին Արեւելքը դարձեալ կը գտնուի վտանգաւոր լարուածութեան փուլի մը մէջ: Տարածաշրջանային հակամարտութիւնները, Իրանի եւ Իսրայէլի միջեւ աճող լարուածութիւնը, Լիբանանի սահմանային բախումները եւ ներքին տնտեսական ճգնաժամը կը ստեղծեն անորոշ եւ վտանգաւոր իրականութիւն մը: Այս պայմաններուն մէջ լիբանանահայ համայնքը եւ մասնաւորաբար երիտասարդութիւնը կանգնած են նոր պատմական փորձութեան մը դիմաց:
Այս իրավիճակը կը պահանջէ յստակ քաղաքական գիտակցութիւն, կազմակերպուածութիւն եւ ազգային պատասխանատուութիւն: Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը պէտք է հասկնայ, որ իր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ միայն մշակութային կամ համայնքային ներկայութիւն մը չէ, ան նաեւ քաղաքական եւ գաղափարական ներկայութիւն է: Հայ երիտասարդութիւնը պէտք է շարունակէ իր մասնակցութիւնը Լիբանանի հասարակական եւ քաղաքական կեանքին մէջ` պաշտպանելով երկրին կայունութիւնը եւ միաժամանակ ամրապնդելով հայկական համայնքին գոյութիւնը:
Հոս է, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան գաղափարական ժառանգութիւնը կը դառնայ կարեւոր ուղեցոյց: Դաշնակցական գաղափարաբանութիւնը միշտ հիմնուած է երեք հիմնական սկզբունքներու վրայ` կազմակերպուածութիւն, ազգային գիտակցութիւն եւ ծառայութիւն ժողովուրդին: Այս սկզբունքները այսօր եւս կը մնան լիբանանահայ երիտասարդութեան գործողութեան առանցքը: Ներկայ մարտահրաւէրները կը պահանջեն երիտասարդութենէն ըլլալ արթուն, կազմակերպուած եւ պատրաստ` ծառայելու իր համայնքին եւ երկրին:
Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը պէտք է նաեւ դառնայ ստեղծագործ եւ նախաձեռնող ուժ մը ներկայ ճգնաժամային պայմաններուն մէջ: Տեղեկատուական պայքարը, հասարակական ծառայութիւնը, մարդասիրական նախաձեռնութիւնները եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւելու աշխատանքները կրնան դառնալ այն միջոցները, որոնց ընդմէջէն երիտասարդութիւնը պիտի կարողանայ պաշտպանել իր համայնքը եւ ներկայացնել լիբանանահայութեան ձայնը աշխարհին:
Ինչպէս լիբանանահայ մտաւորական Սարգիս Զէյթլեանն է նշած. «Ոչ մէկ մարտահրաւէր կամ ճնշում չի կրնար պարտութեան մատնել այն ժողովուրդը, որ կը հաւատայ իր ապագային, կը յարգէ իր անցեալը եւ կը պայքարի իր ազատութեան համար»:
Այս խօսքերը այսօր կը հնչեն աւելի արդիական, քան երբեւէ: Անոնք կը յիշեցնեն, որ ժողովուրդի գոյատեւումը կախեալ է` իր հաւատքէն, իր կազմակերպուածութենէն եւ իր պայքարի ոգիէն:
Վերջապէս, լիբանանահայ երիտասարդութիւնը ունի այն ներուժը, որ կրնայ վերածուիլ ոչ միայն հայկական համայնքի պահպանման երաշխիքին, այլ նաեւ` Լիբանանի ապագայի վերակառուցման կարեւոր դերակատար ուժերէն մէկուն: Պատմութիւնը բազմիցս ապացուցած է, որ երբ հայ երիտասարդութիւնը միացած է գաղափարին, բոլորուած է կազմակերպութեան եւ ծառայութեան շուրջ, ան միշտ կարողացած է ամէնէն դժուար ժամանակներն իսկ վերածել ազգային վերածնունդի եւ յառաջընթացի նոր փուլերու:


