Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Բարսեղ Կանաչեանի Դուստրը` Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան

March 24, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրահռչակ յօրինող-երաժշտագէտ Բարսեղ Կանաչեանի դուստրը`  Սեդա Կանաչեանը (ծնած` Կիպրոս, 19 նոյեմբեր 1926-ին), մահացաւ խոր ծերութեան մէջ, կիրակի, 22 մարտին, Միացեալ Նահանգներ: Երկու տարեկանին իր մայրը (Քնար) կորսնցուցած` ան չզրկուեցաւ մայրական գուրգուրանքէ: Որոշ ժամանակաշրջանէ մը ետք Բարսեղ Կանաչեան ամուսնացաւ Քրիստինէ Գալֆայեանին հետ, որ «Մամի» անունով ճանչցուելով իր մտերիմներուն կողմէ` լաւապէս հոգ տարաւ Սեդային եւ քոյրերուն (Այտա եւ Ռիթա):

Իր հօր տեսողութիւնը տկարացած ըլլալով` ան 17 տարեկանին սկսաւ աշխատիլ Պէյրութի «Լ՛Օրիան» (այժմ` «Լ՛Օրիան-Լը Ժուր») օրաթերթին համար: Տարի մը ետք Սեդա ընտանիք կազմեց հալէպահայ Նշան Թիւսիւզեանին հետ: Ամոլը բախտաւորուեցաւ չորս զաւակներով` Ծովիկ (մահացած), Վահէ (ամուսնացած` Նուշիկին հետ), Ցոլիկ (ամուսնացած` Արա Շամլեանին հետ), եւ Շաղիկ (մահացած): Իբրեւ դուստր, կին, մայր եւ մեծ մայր` Սեդան եղաւ նուիրեալ, անբասիր եւ առատաձեռն:

Լիբանանահայ մշակութային կեանքին մէջ Սեդա Կանաչեան-Թիւսիւզեան իր աշխատանքներով եւ ծառայութեամբ ունեցած է իր վաստակը, որ միայն յարգանք կը պարտադրէ:

Երկար տարիներ եղած է Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի անդամ:

Թիւսիւզեան 45 տարիներու ընթացքին Համազգայինի «Կոմիտաս» մասնաճիւղին  մէջ յարատեւ աշխուժութեամբ գործեց: Ան եղաւ կամաւոր աշխատանքի հերոսուհի` Լիբանանահայ օգնութեան խաչի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի հիւանդանոցին մէջ կատարած լայնածաւալ աշխատանքներուն ընդմէջէն:

Սեդային եւ Նշանին տունը դարձած էր ակումբ-հաւաքատեղի`մշակութային ու մշակութային շէն օճախ, ուր համախմբումները կը վերածուէին իսկական գեղարուեստի երեկոներուն: Ամուսնոյն մահէն ետք ալ Սեդային Պէյրութի (Քանթարի) տունը միշտ ալ բաց մնաց բոլորին եւ յատկապէս Համազգայինի  մտաւորականներուն եւ արուեստագէտներուն համար:

Նախորդը

Կեանք-Պարգեւը

Յաջորդը

Փաշինեան «Փախածներ» Կոչեց Արցախէն Բռնի Տեղահանուած Արցախահայութիւնը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.