Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քառասունք` «Ազդակ»-ի Վաստակաշատ Նախկին Խմբագրապետ Սարգիս Մահսէրէճեանի

March 21, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

40 օրեր առաջ Լոս Անճելըսի մէջ անժամանակ կեանքին հրաժեշտ տուաւ հայ մամուլին եւ յատկապէս «Ազդակ» օրաթերթին հետ իր անունը նոյնացուցած Սարգիս Մահսէրէճեանը, որ երկար տարիներ լիովին նուիրուած էր «Ազդակ»-ին` վարելով պատասխանատու խմբագիրի, խմբագրապետի եւ տնօրէնի պաշտօններ:

Նախապէս յայտարարած էինք, որ «Ազդակ»-ի խմբագրութիւնը որոշած է անոր նուիրել «Ազդակ»-ի յաւելուած մը, որ պիտի ներառնէ մամլոյ վաստակաւոր գործիչին մասին յուշագրական նիւթեր եւ անոր աւանդը արժեւորող գրութիւններ, նաեւ կազմակերպել յուշ-հանդիպում մը: Երկու ծրագիրներն ալ կը մնան ի զօրու, սակայն որոշ ժամանակով յետաձգուած` Լիբանանի մէջ տիրող ծանօթ կացութեան պատճառով:

Սակայն մեր էջերով Սարգիս Մահսէրէճեանի քառասունքին անդրադառնալու նպատակով յարմար նկատեցինք հիմնականօրէն հրապարակել անոր մահուան առիթով արտասանուած խօսքերը:

  • Աննման Սագօ Մահսէրէճեանը* – ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ
  • Հայ Մամուլի Գործունեայ Եւ Աշխատասէր Մեծ Ծառան* – «ԱՍՊԱՐԷԶ»
    ——

Աննման Սագօ Մահսէրէճեանը*

Լուսանկարը՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆ

Այսօր վերջին հրաժեշտը կու տանք մեր սիրելի ընկերոջ` Սագօ Մահսէրէճեանին: Անակնկալ եւ ծանր էր անոր մահուան գոյժը: Ամէն մէկ օր, որ կ՛անցնի, առաւել զգալի կը դառնայ իր բացակայութիւնը, եւ վստահ եմ, որ շատ երկար ժամանակ պիտի փնտռենք զինք: Պիտի փնտռենք բարի, մաքուր, համեստ, անկեղծ, սկզբունքային, առաքինի այն ընկերը, որ ո՛չ մէկ սիրտ ցաւցուց, ո՛չ մէկը բարկացուց, ո՛չ մէկուն մասին բամբասեց, ո՛չ մէկուն օգնութեան խնդրանքը մերժեց, այլ միշտ իրեն յատուկ զուարթախօսութեամբ ու ծառայասիրութեամբ տուաւ, որքան որ կրնար` առանց խնայելու եւ առանց ոչ մէկ ակնկալութեան: Պիտի փնտռենք գաղափարի այն մարտիկը, որ երբեք փորձութեան չենթարկուեցաւ, երբեք չսակարկեց իր հաւատամքը, այլ գերազանցապէս մնաց  հաստատ ու հաւատարիմ տիպար դաշնակցական, կարգապահ ու կառչած անոր ակունքներուն:

Մեզմէ շատեր ընկ. Սագոյին հետ ունեցած են ծանօթութեան եւ գործակցութեան տարբեր փորձառութիւններ, որոնցմէ անպայման բան մը սորվեցանք եւ միայն ուրախ ու բարի հպարտ յիշատակներ ունինք:

Իբրեւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ` պարտք ունիմ մեր ներկայ ու անցեալի ղեկավար մարմիններու եւ մեր բոլոր ընկերներուն անունով, յետ մահու մեր յարգանքի, շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան խօսք արտասանել աննման ընկ. Սագոյին:

Մեր մտքերուն մէջ տակաւին թարմ է ընկ. Սագօ Մահսէրէճեանի ամէնօրեայ ներկայութիւնը մեր առօրեային մէջ, որ կու գայ վերջին քանի մը տասնամեակներու շրջանիս մէջ անոր  իւրայատուկ ծառայական աշխատանքէն, զոր ան իրեն հետ բերած էր` երկար տարիներ ՀՅԴ Լիբանանի պաշտօնաթերթ «Ազդակ» օրաթերթի իբրեւ խմբագիր, իբրեւ հայագէտ, ուսուցիչ եւ ազգային գործիչ իր մեծ փորձառութենէն:

Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն ահաւոր օրերուն ընկեր Սագօ դաշնակցականի արիութեամբ եղաւ ու մնաց պատնէշի վրայ:  Չլքե՛ց թերթը, չթերացա՛ւ պարտականութեան մէջ, շարունակեց գործել, նոյնիսկ երբ իր կեանքը վտանգուած էր:

Նոյն թափով ան շարունակեց իր գործը մեր շրջանին մէջ: Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետի իր աշխատանքը միայն մէկ մասն էր իր առօրեային, որուն կողքին ան իր յօդուածներով ողողեց դաշնակցական մամուլը, հայ մանուկին եւ պատանիին համար գրական գործեր հեղինակեց` մանկավարժական մատչելի նորօրեայ մօտեցումներով: Ան մնայուն ներկայութիւն էր դաշնակցական մամուլին մէջ, եւ անկարելի էր, որ «Ասպարէզ» օրաթերթի էջերուն մէջ մեր աչքէն վրիպէր ազգային-գաղափարական իր մեկնաբանական, վերլուծական եւ թելադրող գրութիւնները:

Ընկ. Սագոն եղաւ նաեւ միութենական-կուսակցական հանդիպումներու դասախօս: Ո՛ւր որ գտնուեցաւ, եղաւ հայութեան եւ Հայ  յեղափոխական դաշնակցութեան արժէքներուն մնայուն պաշտպանը: Եղաւ հեռատես ու պայծառատես: Չմխրճուեցաւ առօրեայ ճղճիմ հարցերու եւ մտահոգութիւններու մէջ: Ան գործի մարդ էր, ո՛չ թէ` խօսքի. սկզբունքի տէր, ո՛չ թէ` անձնական շահեր հետապնդող: Եղաւ հաւաքական Մենք-ի ընկեր, եւ ոչ թէ` Ես-ի մարդ: Հաւատաց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութեան եւ իր շուրջ բոլորեց երիտասարդներ, որոնց փոխանցեց իր փորձառութիւններն ու հմտութիւնները:

Ընկեր Սագոն եղաւ ու մինչեւ վերջ մնաց Դաշնակցութեան անկեղծ զինուորը, որուն զէնքն էր գրիչը, փամփուշտն ալ` միտքն ու խօսքը: Ան մարտնչեցաւ երկար տարիներ եւ ամբողջ կեանքը Դաշնակցութեան ճամբով  նուիրեց հայութեան պայքարին, ազգային մեր արժէքներու եւ տեսլականներու պաշտպանութեան գործին:

«Ասպարէզ»-ը շատ ճիշդ բնութագրեց մեր կորուստը, երբ ընկեր Սագոյի մահուան լուրին մէջ կ՛ըսէր, որ` «Ասպարէզ»-ի ընտանիքը եւ հայ հրապարակագրական համայնքը կը կորսնցնեն նուիրեալ, անխոնջ եւ մինչեւ մահը գաղափարական մեր մամուլին ծառայած գործիչ մը»:

Ցաւակցական մեր զգացումները կը յայտնենք Սագօ Մահսէրէճեանի կնոջ` Արփիին, եղբօր` Յովիկին, եւ բոլոր հարազատներուն, գաղափարակից գործընկերներուն եւ բարեկամներուն:

Այո՛, մեր Սագոն մէկն է այն երանելիներէն, որոնք ազգի ազատութեան զոհասեղանին նուիրաբերեցին իրենց ամբողջ կեանքը` սկիզբէն մինչեւ վերջ:

Աննման ընկ. Սագոյին յիշատակը վառ պիտի մնայ մեր բոլորին սրտերուն մէջ: Իր խօսքերը, մտածումները, գրութիւններն ու մանաւա՛նդ դաշնակցականի պայծառ կերպարը յաւերժ ներշնչող պիտի մնան բոլորիս:

Մենք պիտի շարունակենք գործը:

ԿԱՐՕ ՄԱՏԷՆԼԵԱՆ

* Էնսինոյի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ, փետրուար 19-ին տեղի ունեցած Սարգիս Մահսէրէճեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան ընթացքին ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչին արտասանած սրտի խօսք:

Հայ Մամուլի Գործունեայ Եւ
Աշխատասէր Մեծ Ծառան*

Լուսանկարը՝ ՊԵՐՃ ՃԱՄՃԵԱՆ

Ինծի վիճակուեցաւ «Ասպարէզ»-ի անունով յուզումով եւ երախտապարտօրէն խօսելու, գնահատելու, ցաւակցելու եւ շնորհակալութիւն յայտնելու ձեր ներկայութեան համար` ընկ. Սարգիս Մահսէրէճեանի մահուան տխուր առիթով անոր բարի յիշատակին կազմակերպուած այս հոգեճաշին:

Տակաւին քանի մը ժամ առաջ էր, երբ խունկով եւ աղօթքով մեր յարգանքի վերջին տուրքը միասնաբար մատուցեցինք մեր ընկերոջ:

Ահա թէ ինչո՛ւ սգաւոր է «Ասպարէզ»-ը, եւ իր կարգին համայն մամուլն է տխուր, որովհետեւ, անժամանակ կորսնցուցած է ժրաջան, իր ստեղծագործ աշխատանքով եւ ինքնատիպ ոճով հայագէտ, նուիրեալ ու վաստակաշատ խմբագիր մը, խիզախ ազգային գործիչ մը եւ մանաւանդ` տաղանդաւոր եւ համեստ մտաւորական մը, որ միշտ տուած էր իր լաւագոյնը, եւ որուն խօսքերը, տողերը գրեթէ ամէնօրեայ ներկայութիւն էին «Ասպարէզ»-ի էջերուն:

Հայ մամուլի գործունեայ եւ աշխատասէր այս մեծ ծառան ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ մեր բոլորին սիրելի եւ ծանօթ, հայասիրտ տրոփումի տէր, հայրենի եւ սփիւռքի հարցերով անսահման տագնապող բազմակողմանի գրիչ` հանգուցեալ մեր ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեան:

Անուն մը, որ սերտօրէն առնչութիւն ունի հայ մամուլի կեանքին եւ յատկապէս «Ասպարէզ»-ի հետ` իր բազմաթիւ ակնարկներուն թափով, ազգային շունչով ծնունդ առած նշմարներու եւ հրապարակագրական էջերու անսահման շարքերով:

Հաւատացէ՛ք, ան շարունակական ամբողջ տասնամեակներ գրեց, խմբագրեց, հրատարակեց, ստեղծագործեց եւ այս ձեւով իր անձին շուրջ ստեղծեց չմարող մոլորակ մը, լուսաւոր անուն մը, նոյն ատեն հարստացնելով հայ մամուլը:

Այս բոլորը, սակայն, կը պահանջէին անսակարկ ճիգ, նաեւ` անխոնջ աշխատանք, որուն հաստատօրէն տէրը հեղինակն էր ինք` մեր մեծ հրապարակագիր Սարգիս Մահսէրէճեան:

Իր մահով զգացինք մահուան պարապութիւնը: Իր մահով նաեւ կորսնցուցինք հայ գիրի հսկայ մը, որ հաւատարիմ իր տաղանդին` իր տողերուն մէջ չմարող հետաքրքրութեամբ, հարազատ կերպով եւ նոյնքան ալ կենդանօրէն որակ բերաւ հայ մամուլին:

Օրին եւ ամէն առիթով «Ասպարէզ»-ը միշտ ինքզինք հպարտ զգացած է, որ այսպիսի գրիչ մը, իր խիղճի օրինակով եւ կամքի քրտինքով, միշտ իր մատը օրերու բազկերակին վրայ դրած` հայ ընթերցողին արդարամտութեան յանձնած էր իր եզակի հայեացքները` արդարօրէն դատելու ճշգրիտ առաքելութեամբ:

Ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեան իր բազմակողմանի գրագէտի տիպարով` իբրեւ խիզախ, լայնախոհ եւ գիտակից, բայց համեստ մտաւորականի կոչումով, անսահման հպարտանք առթած էր «Ասպարէզ»-ին:

Այս առիթով նաեւ կարելի չէ երբեք անտեսել եւ չանդրադառնալ հանգուցեալ մեր ընկերոջ լեզուին` մաքուր, յստակ եւ վճիտ արեւմտահայերէնին, որ յատուկ գոյն եւ երանգ կու տար մեր էջերուն:

Իբրեւ երախտագիտութիւն` «Ասպարէզ»-ի յիշողութեան մէջ մեր ընկերոջ խոնջէնքը եւ պայծառ յիշատակը միշտ վառ պիտի մնան:

Ահա թէ ինչո՛ւ միշտ պիտի յիշենք զինք` իբրեւ հարուստ ծառայասիրութեան տէր գրիչ, իբրեւ յանձնառու եւ օրինակելի մտաւորական մը:

Յանուն «Ասպարէզ»-ի ընտանիքին` խոր ցաւակցութիւններ եւ նաեւ երախտիք կը յայտնեմ հանգուցեալ ընկերոջ այրիին` տիկին Արփիին, նաեւ եղբօր` ընկ. Յովիկին եւ իր ընտանեկան պարագաներուն ու մեր բոլոր ընկերներուն եւ հարազատներուն, ու անշուշտ`  աշխարհացրիւ մեր հայ մամուլին:

Արդ, յարգելիներ, շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն ձեզի` ձեր ներկայութեան, եւ ի սրտէ ու անկեղծօրէն հանգուցեալ ընկեր Սարգիս Մահսէրէճեանի յիշատակին ձեր ցուցաբերած  յարգանքին:

Բիւր յարգանք` մեր մեծ ընկերոջ քաղցր յիշատակին:

«ԱՍՊԱՐԷԶ»

* Սարգիս Մահսէրէճեանի հոգեճաշին ընթացքին Գէորգ Պետիկեանի` «Ասպարէզ»-ի կողմէ արտասանած խօսք

 

 

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Խօսք՝ Քառասունքի, Յարգանքի Ու Երախտիքի (Սարգիս Մահսէրէճեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.