Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընդդիմախօսներու Թիրախաւորումը, Դատական Եւ Անվտանգութեան Կառոյցներու Չարաշահումը` Յունիսի Ընտրութիւններէն Առաջ Մտահոգիչ Են.

March 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ստորեւ կը ներկայացնենք Ժողովրդավարութեան մշտադիտարկում իրականացնող միջազգային նախաձեռնութեան նախնական գնահատականը, որ հրապարակուած է քաղաքացիական հասարակութեան, քաղաքական կուսակցութիւններու եւ պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ մէկ շաբաթուան հանդիպումներէ ետք:

Հայաստանի մէջ քաղաքական եւ քաղաքացիական իրաւունքներու միջավայրի վատթարացումը լուրջ մտահոգութիւններ կը յառաջացնէ այն ժողովրդավարական պայմաններուն վերաբերեալ, որոնք անհրաժեշտ են արդար եւ ազատ ընտրութիւններ կազմակերպելու համար: Այս մասին Երեւանի մէջ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է «Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան միջազգային դիտարան» (International Observatory for Democracy in Armenia / IODA) նախաձեռնութիւնը` ներկայացնելով իր նախնական գնահատականը` այս շաբաթ Հայաստանի մէջ իրականացուցած առաջին փաստահաւաք առաքելութենէն ետք:

Կառավարութեան կողմէ դատական իշխանութեան եւ կրօնական հաստատութիւններու անկախութեան նկատմամբ միջամտութեան, ինչպէս նաեւ ենթադրեալ քաղաքական ընդդիմախօսներու նկատմամբ քաղաքականացուած քրէական հետապնդումներու վերաբերեալ առկայ փաստերը, ներառեալ` քաղաքական առաջնորդներու, լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու, իրաւաբաններու եւ հոգեւորականներու նկատմամբ ձեռնարկուած քայլերը, խաթարած են քաղաքական մրցակցութեան հաւասար պայմաններու նկատմամբ վստահութիւնը:

«Թշնամի դրացիներով շրջապատուած Հայաստանի նման փոքր երկրի մը համար ամէնէն թանկագին արժէքը իր ժողովրդավարութիւնն է: Տարածաշրջանին մէջ այդ հազուադէպ երեւոյթը կը դառնայ առանձնապէս մտահոգիչ այն պայմաններուն մէջ, երբ կառավարութեան քայլերը աստիճանաբար կը սահմանափակեն ժողովրդավարական ազատութիւնները` յունիս 7-ի խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ», ըսած է IODA-ի գործադիր խորհուրդի անդամ Քենեթ Ռոթ:

«Միջազգային հանրութիւնը, դժբախտաբար, իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է ոչ թէ կարեւորագոյնին` կենսունակ ժողովրդավարութեան պահպանման վրայ, այլ ընտրութիւններուն իբրեւ արդիւնք այս կամ այն կողմին նպաստաւոր ելք ապահովելու վրայ` ըլլայ ան «արեւմտամէտ» թէ «ռուսամէտ», նշած է IODA-ի գործադիր խորհուրդի անդամ Ֆիլիփ Գալֆայեան:

IODA-ն անկախ եւ ոչ կուսակցական նախաձեռնութիւն մըն է, որ ստեղծուած է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու վիճակը դիտարկելու նպատակով` 2026-ի յունիսին նախատեսուած ընտրութիւններէն առաջ: Կազմակերպութիւնը կապ չունի որեւէ ազգային կառավարութեան կամ միջազգային կառոյցի հետ եւ կազմուած է բացառապէս մարդու իրաւունքներու անկախ մասնագէտներէ:

IODA-ի պատուիրակութիւնը, որ Հայաստանի մէջ գտնուած է մարտ 7-12, իր նախնական գնահատականը կազմած է երկրի տարբեր դերակատարներուն հետ ունեցած հանդիպումներուն հիման վրայ, ներառեալ` քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, հասարակական կազմակերպութիւններու եւ ընտրութիւններու ամբողջականութիւնն ու մարդու իրաւունքները ապահովող պետական մարմիններու հետ խորհրդակցութիւնները: Արդարադատութեան եւ ներքին գործոց նախարարութիւնները, Սահմանադրական դատարանը, ինչպէս նաեւ կառավարող կուսակցութիւնը` Քաղաքացիական պայմանագիրը, հրաժարած են հանդիպիլ պատուիրակութեան հետ: Պատուիրակութեան մաս կազմած են` Ռոթ, Գալֆայեան, Սառա Լիհ Ուիթսըն եւ Մարք Ճոնզ:

IODA-ի պատուիրակութեան նախնական գնահատականին մէջ նշուած հիմնական մտահոգութիւնները կը ներառեն հետեւեալները.

– Քաղաքական շարժառիթներով ձերբակալութիւններ եւ կալանքներ` ընդդիմադիր գործիչներու նկատմամբ, ներառեալ Սամուէլ Կարապետեանի` «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդին, ինչպէս նաեւ` արքեպիսկոպոսներ Բագրատ Գալստանեանի, Միքայէլ Աջապահեանի, Արշակ Խաչատրեանի եւ Մկրտիչ եպս. Պռոշեանի նկատմամբ, երբեմն նաեւ` ոստիկանութեան կողմէ խիստ եւ անհամաչափ ուժի կիրարկման եւ յաճախ` երկարատեւ ու անհարկի նախնական կալանքով:

– Դատական համակարգի անկախութեան միջամտելու փորձեր, ներառեալ` Բարձրագոյն դատական խորհուրդի միջոցով, որուն պատճառով որոշ դատաւորներ հեռացուած են իրենց պաշտօններէն` ըստ երեւոյթին քաղաքական շարժառիթներով, ինչպէս նաեւ քաղաքական կողմնակալութեան նշաններ կան այն դատաւորներու նշանակման գործընթացին մէջ, որոնք կը քննեն ընդդիմադիր գործիչներու գործերը:

– Քրէական օրէնսգիրքի անորոշ ձեւակերպումներով յօդուածներու չափազանց կիրարկում` խօսքի հետ կապուած ենթադրեալ խախտումները քրէականացնելու համար (օրինակ` «խուլիկանութիւն» կամ «կառավարութեան տապալման կոչեր»), որոնց հիմամբ կը հետապնդուին պատգամաւորներ, ընդդիմադիր գործիչներ եւ լրատուամիջոցներ:

– Դատական համակարգի եւ անվտանգութեան կառոյցներու ակնյայտ օգտագործում` կառավարութեան կողմէ քաղաքական ընդդիմախօսներու դէմ:

«Հայաստանի իշխանութիւններուն համար դժուար է պնդել, թէ ընտրութիւնները պիտի ըլլան արդար եւ ազատ, երբ երկրի առաջատար ընդդիմադիր առաջնորդը` Սամուէլ Կարապետեանը, կը շարունակէ գտնուիլ տնային կալանքի տակ` ըստ երեւոյթին անհիմն մեղադրանքներով», նշած է Ուիթսըն եւ` աւելցուցած. «Կառավարութիւնը կարծես կը փորձէ օգտագործել օտար միջամտութեան վերաբերեալ ապացոյցներ չունեցող պնդումները, որպէսզի եւրոպացի պաշտօնեաները աչք փակեն իր կողմէ որդեգրուող աւելի ու աւելի իշխանավար գործելաոճին վրայ: Տպաւորութիւն կը ստեղծուի, որ իշխանութիւնը այնքան կը ձգտի պահպանել իր դիրքը, որ պատրաստ է այդ ընթացքին վտանգի տակ դնել Հայաստանի նոր ձեւաւորուող ժողովրդավարութիւնը»:

Յառաջիկայ ընտրութիւնները տեղի պիտի  ունենան քաղաքական լարուած միջավայրի մը մէջ` վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ արցախեան պատերազմէն ետք կնքուած վիճայարոյց համաձայնագիրի պայմաններուն տակ:

IODA-ի պատուիրակութիւնը նաեւ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը, ամերիկացի, թուրք եւ ազրպէյճանցի պաշտօնատարներ փորձած են ազդել Հայաստանի ընտրական գործընթացին վրայ` հրապարակայնօրէն արտայայտելով իրենց աջակցութիւնը Նիկոլ Փաշինեանին: Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանին յատկացուցած է 12 միլիոն եւրօ` հիմնականին մէջ ընտրութիւններու ընթացքին արտաքին միջամտութիւնը վերահսկելու նպատակով: Միեւնոյն ժամանակ, թէեւ կառավարութիւնը շարք մը ընդդիմադիր առաջնորդներ, հոգեւորականներ եւ քաղաքական ուժեր մեղադրած է «ռուսամէտ» ըլլալու մէջ, մինչ այժմ որեւէ ապացոյց չէ ներկայացուած այդ խումբերու կողմէ ապօրինի գործողութիւններու վերաբերեալ:

«Եթէ Եւրոպական Միութեան պաշտօնեաները իսկապէս կը փափաքին աջակցիլ Հայաստանին, ապա լաւագոյն քայլը պիտի ըլլայ պնդել, որ կառավարութիւնը յարգէ Հայաստանի քաղաքացիներու իրաւունքները եւ ապահովէ իսկապէս ազատ ու արդար ընտրութիւններ», նշած է Ճոնզ եւ` աւելցուցած. «Հայաստանին վերաբերիլ իբրեւ պարզապէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան դաշտ` անարգանք է Հայաստանի ժողովուրդին նկատմամբ, որ երկար պայքարած է իր անկախութեան, ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան համար: Եւրոպան պէտք չէ ընդունի ժողովրդավարութեան զոհաբերումը աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան անունով:

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (12 Մարտ 2026)

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Միջին Արեւելքի Հայ Համայնքներու Կացութեան

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.