ՅԱՐՈՒԹ ԱՄՊԱՐՃԵԱՆ
Կիներու նուիրուած ամէնէն կանուխ արձանագրուած տարբերակը «Կիներու օր»-ն էր, որ կազմակերպուած էր Ամերիկայի Ընկերվարական կուսակցութեան կողմէ, Նիւ Եորք քաղաքին մէջ, 28 փետրուար 1909-ին: Կիներուն հետ համերաշխութիւն ցուցաբերելով` համայնավար քաղաքական գործիչ Քլարա Ցետքին առաջարկեց «Աշխատաւոր կիներու օր» նշել, եւ այս առաջարկը ընդունուեցաւ 1910 թուականին Քոփենհակընի մէջ տեղի ունեցած Միջազգային ընկերվար կիներու համաժողովին, սակայն` առանց օր ճշդելու: Յաջորդ տարի առաջին անգամ տեղի ունեցան Կիներու միջազգային օրուան ցոյցերն ու նշումները ամբողջ Եւրոպայի մէջ, անոնք կը պահանջէին կիներու ընտրական իրաւունքը եւ աշխատաւորներու իրաւունքներու պաշտպանութիւն:
1922 թուականին Վլատիմիր Լենին մարտ 8-ն հռչակեց Կիներու միջազգային օր` պատուելու համար 1917-ին Ռուսական յեղափոխութեան ընթացքին կիներուն ունեցած դերը: Կիներու միջազգային օրը ՄԱԿ-ի կողմէ ճանչցուեցաւ 1977-ին, երբ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովը հրապարակեց բանաձեւ մը, որուն հիման վրայ 8 մարտը հռչակուեցաւ Կիներու իրաւունքներու եւ համաշխարհային խաղաղութեան միջազգային օր` նկատի ունենալով կիներուն ջանքերը խաղաղութեան եւ բարգաւաճման հաստատման մէջ, ինչպէս նաեւ պայքարը` ամէն տեսակի բռնարարքներ կասեցնելու:
Տօնը կը նշուի իւրաքանչիւր տարուան մարտի 8-ին` լուսարձակի տակ բերելով կիներուն պայքարը` հաւասարութեան եւ ազատագրման, ինչպէս նաեւ կիներու իրաւունքներ պահանջող շարժման համար: Այդ օրը կը կեդրոնանայ նաեւ իգական եւ արական սեռի հաւասարութեան, վերարտադրողական իրաւունքներու, ինչպէս նաեւ կիներու նկատմամբ բռնութեան վրայ: Կը շեշտուի, որ կիները պէտք է ունենան իրաւունքներ, քանի որ անոնք ընկերութեան կէսը կը կազմեն, հիմնական տարր են, ուստի իրաւունք ունին հաւասարութեան, արժանապատուութեան եւ ինքնավարութեան, իսկ իրաւունքները կը ծառայեն որպէս բռնութեան եւ խտրականութեան կանխարգիլման կարեւոր գործիք:
Կիներու միջազգային օրը շատ մը երկիրներու մէջ պետական տօն է, ան նաեւ առիթ է յարգելու եւ մեծարելու կիները: Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը այդ օրը կը նշէ` կապելով զայն կիներու իրաւունքներուն վերաբերող յատուկ բնաբանի, արշաւի կամ խնդրի մը հետ:


