Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յակոբ Բագրատունի. «Մեզի Համար Հիմնականը Մեր Ժողովուրդի Կամքը Ամուր Պահելն Է Եւ Լիբանանեան Մեր Հայրենիքին Կառչիլը»

March 18, 2026
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի երէկ հեռավար հարցազրոյց ունեցաւ Աւստրալիոյ «Արմինիըն  Միտիա» կայանի հաղորդավար Նորա Սեւակեանի հետ: Հարցազրոյցը կեդրոնացաւ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Լիբանանի այժմու դրութեան վրայ` արձանագրուող ապահովական ու զինուորական նորագոյն իրադարձութիւններու լոյսին տակ:

Անդրադառնալով Լիբանանի ու յատկապէս լիբանանահայութեան ներկայ դրութեան` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հաստատեց, որ Իսրայէլ ոչինչ կը խնայէ ու կը հարուածէ հարաւային Լիբանանը, Պէյրութի Հարաւային արուարձանները եւ Պաալպեքի ու Պեքայի կարգ մը շրջանները: Վերջին օրերուն ահռելի քանդում տեղի ունեցաւ, թիրախաւորուեցաւ նաեւ աշխարհագրականօրէն Պուրճ Համուտի ծայրամասին` Նապաայի մէջ գտնուող շէնք մը, որ հայաբնակ չէ: Բնականաբար այն, ինչ որ կը հարուածէ Լիբանանը, վատ անդրադարձ կ՛ունենայ նաեւ լիբանանահայ քաղաքացիներուն վրայ: Այսօր երկրին մէջ կան 950 հազար պաշտօնապէս արձանագրուած տեղահանուածներ, 740  զոհ եւ շուրջ 1500 վիրաւոր: Լիբանանահայ համայնքը, գաղութը կը շարունակէ ամուր կառչած մնալ երկրին եւ համախմբուած  է մեր կառոյցներուն շուրջ: Մեր դպրոցները բաց են, եկեղեցիները կը գործեն, Ազգային առաջնորդարանին շուրջ հաւաքուած են մեր բոլոր կառոյցները: Քաղաքական իմաստով մեր յարաբերութիւնները կը շարունակենք զանազան կողմերու հետ: Վերջերս Միջկուսակցական հանդիպում տեղի ունեցաւ, ուր մերժուեցաւ իսրայէլեան յարձակումը, միասնականութեան կոչ ուղղուեցաւ: Դժբախտաբար չենք կրնար ըսել, որ պատերազմը կրնայ մօտալուտ վախճան ունենալ:  Լիբանանահայ ղեկավարութիւնը 1975-ին ապրած են պատերազմի փորձառութիւնը, եւ մեր հայ երիտասարդութիւնը ոչ մէկ ձեւով կը զիջի մեր համայնքը առանձին ձգել, ու մեր կառոյցները գրեթէ բոլորը կը գործեն: Հիմնականը մեզի համար մեր ժողովուրդին կամքը ամուր պահելն է, լիբանանեան հայրենիքին կառչիլն է, այս առաջին պատերազմը չէ, ի վերջոյ մենք հոս արիւն թափած ենք այս հայրենիքը պահպանելու համար: Մենք միշտ կ՛ըսենք, թէ Լիբանանը Լիբանանի հայութեան, սփիւռքի՛ հայութեան եւ Հայաստանի հայութեան համար պահած ենք ու այդպէս ալ պիտի շարունակենք, եւ այս գիտակցութիւնը խոր արմատներ ունի լիբանանահայ երիտասարդութեան մօտ: Փաստօրէն, երբ ճիշդ պահուն զանգը կը հնչէ, մենք համալիբանանեան առումով մենք մեզ ամուր կը զգանք շնորհիւ սփիւռքահայութեան, որ տակաւին Լիբանանի եւ լիբանանահայութեան մօտ կը տեսնէ այն բաբախող սիրտը, որուն երակները կը հասնէին մինչեւ Արցախ, Հայաստան եւ սփիւռքեան ամէնէն հեռաւոր գաղութ:

Իսկ Ծոցի երկիրներուն, ինչպէս` Քուէյթի, Իրանի թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հայութեան անդրադառնալով Բագրատունի յիշեցուց, թէ Քուէյթի պարագային պատերազմական պայմաններու բերումով պետութիւնը արգիլած է գրեթէ բոլոր ձեռնարկները, նոյնիսկ պսակադրութեան արարողութիւնները, սակայն մեր դպրոցը կը գործէ առցանց: Նմանապէս Էմիրութիւններու պարագային հարուածները յատուկ թիրախներու վրայ ուղղուած են: Անոնք նման պատերազմի փորձառութիւնը չեն ապրած, հիմնական մտահոգութիւնը աւելի տնտեսական է եւ մեր հայրենակիցները զգուշ են եւ բոլորուած են մեր կառոյցներուն ու եկեղեցւոյ շուրջ: «Ես ամէնօրեայ զրոյցի մէջ եմ առաջնորդ սրբազանին հետ: Իրանի գծով վերջերս իրանեան աղջկանց դպրոցը թիրախ դարձած էր ու հայկական թաղամաս մը հարուած ստացած էր, սակայն հարուածը ուղղակի հայութեան դէմ չէր: Մեր երիտասարդները ոտքի են հայահոծ թաղամասերուն մէջ, բոլոր կարիքներուն կը հասնին, ըլլայ Թեհրանի, Թաւրիզի թէ Իսպահանի մէջ մեր ազգային առաջնորդարանները կը գործեն, ժողովուրդը եկեղեցւոյ շուրջ է: Յատուկէն հայկական իմաստով վտանգ գոյութիւն չունի: Այն, ինչ որ կը հարուածէ Իրանը, կը հարուածէ նաեւ իրանահայութիւնը», ըսաւ Բագրատունի:

Հայաստանի ներկայ կացութեան ու իշխանութեան քայլերուն մասին հարցումի պատասխանելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ըսաւ. «Նախ ըսեմ, որ ներկայի այս պատերազմական դէպքերը անպայման իրենց անդրադարձն ու ազդեցութիւնը պիտի ունենան  Հայաստանի վրայ, եւ Հայաստանի իշխանութիւնները պարտաւոր են այս հարցերը լուրջ կերպով քննել: Հայաստանի մէջ մեզի համար ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումով միանշանակ մէկ բան յստակ է, որ այս չարիքը պէտք է մեկնի այլեւս: Այս չարիքը մեր  վերջին հարիւրամեայ եւ աւելի պատմութեան մեծագոյն վտանգն է: Այսօր Հայաստան լինելութեան պայքարի փուլին է, կա՛մ Հայաստանը իր գոյութիւնը կը պահէ այս իշխանութեան մեկնումով եւ կա՛մ Հայաստանը եւ հայութիւնը կը կրէ պատասխանատուութիւնը: «Այո՛, մենք խաղաղութեան կողքին ենք, բայց արժանապատի՛ւ խաղաղութեան: Այսօր մենք համազգային զօրաշարժի պարտաւորութեան տակ ենք: Փառի՛նք Հայաստանի փրկութեան», ընդգծեց Բագրատունի:

Նախորդը

Թրամփ. «Պատերազմը Երկար Պիտի Չտեւէ»

Յաջորդը

Պալապանեան. «Թիրախաւորուող Շրջաններուն Մէջ Հայութեան Թիւը Համեմատաբար Նուազ Է»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.