Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պահանջ Ազգային Պետութեան

March 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Իրանի դէմ իսրայէլեան – ամերիկեան պատերազմը եւ անոր ածանցեալ Իսրայէլի պատերազմը լիբանանեան Հըզպալլայի դէմ թեւակոխեց երրորդ շաբաթը եւ երկար շաբաթներ շարունակուելու միտում ցոյց կու տայ: Պատերազմական այս առօրեան մոռցնել տուաւ, աւելի ճիշդ` լուսարձակներէ հեռացուց, ռուս-ուքրանական անվերջանալի ճակատումը եւ քանի մը աւելի փոքրածաւալ ընդհարումներ: Մեր լուսարձակներէն առժամապէս հեռացան նաեւ հայաստանեան իրադարձութիւնները, մեզի համար հիմնականէն դառնալով ոչ առաջնային: Սակայն, նոյնիսկ մակերեսային վերաքաղ մը հայաստանեան իրադարձութիւններուն ցոյց կու տայ պատերազմական դէպքերու նկատմամբ անտարբեր վերաբերում մը: Պատերազմական գօտիներուն մէջ ապրող ու տագնապի ենթակայ հայերը հետաքրքրութեան եւ ուշադրութեան պէտք չէ արժանանային հայրենի պետութեան կողմէ: Պետական պատասխանատուները շաբաթավերջերը կը յատկացնեն հանակառքերով մարզեր այցելութիւններու, որոնց ընթացքին վարչապետը եւ իր օգնականները կը ճգնին ցոյց տալ, որ իրենք եւս մարզերու բնակիչներուն նման են, իրենք ալ շատերէն մէկն են: Կիրակնօրեայ պատարագները մոռցուած են, սկսած է Ազգային ժողովի ընտրութեան նախնական արշաւը:

Ազգային ժողովի ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 7 յունիս 2026-ին: Կուսակցութիւններ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ լծուած են նախապատրաստական աշխատանքի: Ընտրացանկերու կազմութիւն, ծրագիրներու մշակում, ընտրական անձնակազմերու ստեղծում եւ այլն: Կոչեր հնչեցին համախմբուելու եւ ընտրութեան ներկայանալու քանի մը մեծ դաշինքներով: Հայաստան հարուստ է կուսակցութիւններով. անոնց թիւը կը գերազանցէ հարիւրը, թէեւ շատերը փոքրաթիւ անդամներով մարդ-կուսակցութիւններ են: Շատերը նոյնպէս ո՛չ գաղափարաբանութիւն ունին, ո՛չ ալ ծրագիր: Իրենց մասնակցութիւնը ընտրութեան կը ծառայէ կարեւոր թիւով ձայներու փոշիացման եւ ընտրութեան արդիւնքին խեղաթիւրման: Անցողական շէմը կուսակցական ցանկերու համար 5 առ հարիւր է, դաշինքներու համար` 7 առ հարիւր: Այս շէմերը չյաղթահարած ցուցակներուն ստացած ձայները կը գումարուին, համեմատական եղանակով, յաղթահարողներու ձայներուն, ստեղծելով «կայուն» մեծամասնութիւն խորհրդարանին մէջ: Այս եղանակով, ժողովրդային ձայներու մեծամասնութիւնը չունեցող կուսակցութիւն մը կամ դաշինք մը կ՛ապահովէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն եւ միայնակ կը կազմաւորէ իշխանութիւնը: Կը յուսանք, որ քաղաքական փոքր կազմաւորումները կա՛մ չեն մասնակցիր ընտրութեան, կա՛մ կը միաւորուին աւելի մեծ խմբակցութիւններու:

Յունիս 7-ի ընտրութիւնը սոսկական նոր իշխանութիւն կազմելու չի ծառայեր: Նիկոլ Փաշինեան եւ իր Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ամէն ճիգ կը թափեն վերարտադրուելու համար: Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իր խօսած ճառով, Նիկոլ Փաշինեան ընդդիմութիւնը ամբաստանեց պատերազմ հրահրելու միտումով, Հայ եկեղեցին` օտարի գործակալ ըլլալու մեղքով: Իբրեւ թէ պաշտպանելով խաղաղութեան գործընթացը եւ արգիլելով ռուսական ներթափանցման փորձերը, Նիկոլ Փաշինեան իր իսկ մոգոնած շինծու վտանգները տարաւ միջազգային հարթակ: Իսկ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէնին` Էդիտա Գզլոյեանի պաշտօնանկութիւնը, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահին Արցախի վերաբերող հայց ներկայացնելու եւ գիրք նուիրելու պատճառով, անգամ մը եւս ցոյց տուաւ վերջալոյսին հասած իշխանութեան ապազգային նկարագիրը: Այս քաղաքականութեան շարունակութիւնը աղէտ է համայն հայութեան համար: Ընդդիմութիւնը, համախմբուած ընդդիմութիւնը, եւ յուսանք ընտրողներու մեծամասնութիւնը պէտք է կարողանան վերջ տալ շարունակական անկումին եւ Հայաստանը օժտել հայ ժողովուրդի իղձերուն համապատասխանող ազգային իշխանութեամբ մը:

Յառաջիկայ ընտրութիւնները կարեւոր ջրբաժան են Հայաստան պետութեան համար: Հազուագիւտ առիթ` սրբագրելու ութ տարի առաջ կատարուած միամիտ սխալը եւ Հայաստանը վերադարձնելու ազգային պետականութեան ուղեծիրին:

 

 

Նախորդը

Ներում Խնդրելու Ինը Եղանակները

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Ուեմպանեամա Եւ Սփըրզ Իրենց 50-րդ Յաղթանակը Արձանագրեցին

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.