Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆինալիսիմա»-ն Տեղի Պիտի Ունենա՞յ…

March 17, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» շատ հաւանաբար այսօր որոշէ, թէ ի՛նչ ձեւով եւ ո՛ւր տեղի պիտի ունենայ «Ֆինալիսիմա»-ն:

Սկզբունքով Լուսէյլ քաղաքը (Քաթար) պիտի հիւրընկալէր այս մրցումը, որուն ընթացքին աշխարհի եւ հարաւային Ամերիկայի ախոյեան Արժանթին պիտի մրցէր Եւրոպայի ախոյեան Սպանիոյ դէմ, բայց աւելի քան 2 շաբաթ առաջ սկսած  պատերազմին պատճառով (Միջին Արեւելքի մէջ) Քաթար, ինչպէս նաեւ շատ մը արաբական երկիրներ յետաձգած էին բոլոր մարզական մրցումները, մանաւանդ որ օդային սահմանները գրեթէ փակ են եւ օդակայանները հազուադէպօրէն կ՛աշխատին:

Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քլաուտիօ Թափիա վերջերս մեկնաբանած է մամլոյ կարգ մը աղբիւրներու լուրերը, որոնք նշած էին, թէ Մատրիտի «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտը պիտի հիւրընկալէր մրցումը:

«Մենք կը բանակցինք Սպանիոյ հետ: Անոնք կը ցանկան, որ «Ֆինալիսիմա»-ն հիւրընկալեն իրենց դաշտին վրայ, իսկ ես կ՛ուզեմ, որ այդ մրցումը կայանայ Պուենոս Այրեսի «Մոնումենթալ» մարզադաշտին վրայ», ըսած է Թափիա:

27 մարտին տեղի ունենալիք մրցումը ըստ երեւոյթին պիտի փոխարինուի երկու մրցումներու երթ ու դարձի բնոյթով, երբ երկու խումբերն ալ անշուշտ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի վերջնական որոշումով կը փափաքին հիւրընկալել մրցումը:

Անորոշութիւն կայ տակաւին, եւ նոյնիսկ կը խօսուի մրցումը Լիզպոնի եւ Լոնտոնի մէջ կատարելու մասին` նկատի ունենալով, որ երկու մրցում կատարելը բաւական անյարմար կրնայ ըլլալ արդէն իսկ շատ «սեղմուած» տարեշրջանի մրցումները խաչաձեւելով:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տը Ռոզըն 41 Կէտ Նշանակեց Եւ Քինկզ Յաղթեց

Յաջորդը

Ա. Սէ. Միլան Չկրցաւ Մօտենալ Ինթերի

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կը Սուրայ Դէպի Գ. Դասակարգ

September 16, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Արարատ Արմենիա – Սփարթա Փրակա

September 16, 2026
Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի  Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով
Մարզական

Յովհաննէս Գաբրիէլեան Առանց Դադարի Սեւանայ Լիճը Կտրեց Ամբողջ Երկայնքով

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.