Մեծ ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ յաջողութեամբ ձեռք ձգեցինք 211 Consumers Road հասցէին գտնուող համալիր մը, որ պիտի փոխարինէ եւ միաժամանակ պիտի գերազանցէ ներկայիս ընթացքի դրուած Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի ծրագիրը:
15,05 միլիոն տոլար արժող այս ձեռքբերումը համայնքի պատմութեան մէջ ամենամեծ ծրագիրն է, որ կը հանդիսանայ ազգային կրթութեան եւ համայնքային գործունէութեան երկարաժամկէտ ու կայուն աճն ու ապագան ապահովող վճռական ու ռազմավարական ներդրում մը:
Համալիրի իւրայատուկ կառուցուածքը առիթը պիտի ընծայէ նաեւ ՀՕՄ-ի ամէնօրեայ վարժարանի 7-12-րդ կարգերու տեղաւորումը նոր համալիրին մէջ` մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի բաժիններու աճին ու զարգացումին համար անհրաժեշտ տարածք ստեղծելով ներկայի երկու շէնքերուն մէջ: Տարիներէ ի վեր տարածքի սահմանափակումներուն պատճառով բազմաթիւ հայ երեխաներ չեն կրցած ընդունուիլ համայնքի միակ ամէնօրեայ վարժարանը: Այս ընդլայնումը ուղղակիօրէն կը լուծէ այդ հարցը եւ կ’ապահովէ վարժարանին կայուն ու շարունակական աճը:
Նոր նախաձեռնութեան նպաստելու համար ACC Beyond հանգանակային արշաւը, որ սկզբնապէս մեկնարկած էինք Հայ երիտասարդական կեդրոնի ընդլայնումի աշխատանքներուն ի նպաստ, պիտի վերամեկնարկուի եւ ուղղուի այս նոր ծրագիրի իրականացումին:
Այս անկիւնադարձը կը խորհրդանշէ կրթական գերազանցութեան եւ ազգային ու մշակութային ժառանգութեան պահպանումի նոր ժամանակաշրջան մը: Ժամանակակից այս համալիրը ձեռք ձգելով` համայնքը կ’երաշխաւորէ քանատահայութեան համար կայուն ու բարգաւաճ ապագայ մը:
Շնորհաւորութի՜ւն թորոնթոհայ համայնքին:
ՀՅԴ «Ս. ԹԵՀԼԻՐԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ


