Իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթը անդրադարձաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր Իսրայէլին շուրջ 660 միլիոն տոլար արժողութեամբ եւ 27.000 ռումբեր ներառող գործարքի մը, որ կը ներառէ «Էմ.Քէյ.80» տիպի հազարաւոր ռումբեր եւ առնչակից սարքեր:
Իսրայէլեան օրաթերթը նշեց, որ այս գործարքը կը պարունակէ արտասովոր մանրամասնութիւն մը. այն, թէ նշեալ զինամթերքը կ՛արտադրուի թրքական ռազմարդիւնաբերութեան գործարանի մը սեփականութիւնը եղող ընկերութեան մը կողմէ:
«Ետիոթ Ահրոնոթ» յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փաստաթուղթերը ի յայտ բերած են, թէ ծրագիրին գլխաւոր կապալառուն «Ռեփքոն Եու.Էս.Էյ.» ընկերութիւնն է, որուն կեդրոնատեղին Թեքսաս նահանգի Կարլընտ շրջանին մէջ է եւ կը պատկանի թրքական զինարտադրութեան «Ռեփքոն» ընկերութեան:
Օրաթերթը կ՛աւելցնէ, թէ թրքական ընկերութիւնը մարտ 2025-ին գնած է Կարլընտի մէջ ամերիկեան ռազմարդիւնաբերութեան «Ճեներըլ Տայնամիքս» հսկայական ընկերութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ միակ կառոյցն է, որ կարող է արտադրել «Էմ.Քէյ.-80» կմախքը, որ հիմնական բաղադրիչն է թիրախահար «Ճէյ.Տի.Էյ.Էմ» կազմածներուն, որ մեծապէս կ՛օգտագործուի ամերիկեան բանակին եւ իսրայէլեան օդուժին կողմէ:


