Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ:
Ֆիտան Արաղչիին յայտնած է, թէ անհրաժեշտ է, որ բոլոր կողմերը չորդեգրեն քայլեր, որոնք քաղաքայինները կը վտանգեն:
Իրանեան դիւանագիտութեան պետն ալ իր կարգին յայտնած է, որ իրանեան երկու հրթիռներու Թուրքիոյ ուղղութեամբ արձակման դէպքին շուրջ ընդլայնուած հետաքննութիւն մը տեղի պիտի ունենայ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ֆիտան Արաղչիի հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծած է, որ Թուրքիոյ օդային տարածքի խախտումը անընդունելի է, եւ որ Թուրքիան պիտի շարունակէ ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները` ի պատասխան ատոր:


