Այսօր եւ վաղը տեղի կ՛ունենայ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած «Չեմփիընզ լիկ»-ի 1/8-րդ հանգրուանի երթի փուլը:
Այսօրուան առաջին մրցումին, ժամը 19:45-ին, Անգլիոյ ախոյեան Լիփըրվուլ Թուրքիոյ մէջ պիտի մրցի Կալաթասարայի դէմ:
Կալաթասարայ բաւական լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի, ան դուրս ձգած էր Իտալիոյ Եուվենթուսը: Կալաթասարայ իր դէմ պիտի ունենայ Լիվըրփուլը, որ բնաւ չէ կրցած յաղթել իր նախկին 5 այցելութիւններուն` կրելով 4 պարտութիւն: Լիվըրփուլի պարագային այս անկայուն տարեշրջանը կրնայ աւելի կայուն դառնալ այսօր յաղթանակով մը, ուր 6 անգամ «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր «Կարմիրները» շատ աւելի արդիւնաւէտ են այս մրցաշարքին:
Մրցակից թրքական ակումբը շատ կոլեր նշանակող խումբ է, ուր Վիքթոր Օսիմեն կը մնայ վտանգաւոր մարզիկ մը Լիվըրփուլի ամէնէն տկար կէտին` պաշտպանութեան համար:
Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ այսօր կրնայ դառնալ Լիվըրփուլի շապիկը ամէնէն շատ կրած մարզիկը «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան, եւ եթէ կոլ նշանակէ, պիտի դառնայ առաջին ափրիկեցի մարզիկը, որ կը հասնի 50 կոլերու սահմանին` «Չեմփիընզ լիկ»-ի պատմութեան մէջ:
Ժամը 22:00-ին, Նիւքեսըլ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան, Աթալանթա պիտի հիւրընկալէ Պայերն Միւնիխը, իսկ Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի հիւրընկալէ Թոթենհամը:
Նիւքեսըլ իր կարգին բաւական անկայուն տարեշրջան մը կ՛ունենայ, դժուար մրցակից մը պիտի ունենայ Պարսելոնան, որ բաւական լաւ ելոյթներ կ՛ունենայ եւ երիտասարդներով հարուստ խմբակով մը կրնայ անակնկալի բերել Նիւքեսըլը: Պարսելոնայի պաշտպանողական գիծի խոցելի կէտերը կրնան առիթ տալ Նիւքեսըլին, որ կոլ նշանակէ:
Անակնկալ արդիւնքով մը դուրս ձգելէ ետք Տորթմունտը (4-3), Աթալանթա Իտալիոյ Պերկամօ քաղաքին մէջ պիտի փորձէ «զսպել» այլ գերմանական ակումբ մը` Պայերն Միւնիխ խումբը:
Պայերն, որ տարեշրջանի սկիզբէն բաւական հաճելի եւ յարձակողական ֆութպոլ կը կիրարկէ, իր կարգին անակնկալ կոլեր կրնայ ստանալ` իր դէմ հակայարձակումներով: Անոր պաշտպանողական վերջին մարզիկները նոյնիսկ շատ անգամ դաշտի կեդրոնն ալ կ՛անցնին ճնշելու մրցակիցին վրայ, որ եթէ արագ մարզիկներ ունի, շատ դիւրին հակայարձակումներ կրնայ կատարել:
Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի փորձէ դուրս ձգել Թոթենհամը, որ վերջերս շատ ձախող ելոյթներ կ՛ունենայ: Թոթենհամ Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի 16-րդ դիրքը կը գրաւէ եւ միայն 1 կէտով կը գերազանցէ 18-րդ դիրքը գրաւող Ուեսթ Համը:
Ստորեւ յայտագիրը.
Կալաթասարայ – Լիվըրփուլ (ժամը 19:45)
Նիւքեսըլ – Պարսելոնա (ժամը 22:00)
Աթալանթա – Պայերն Միւնիխ (ժամը 22:00)
Աթլեթիքօ Մատրիտ – Թոթենհամ (ժամը 22:00)
ՎԱՂԸ
Պայեր Լեւերքուզըն – Արսենալ (ժամը 19:45)
Փարիզ Սեն Ժերմէն – Չելսի (ժամը 22:00)
Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Սիթի (ժամը 22:00)
Պոտօ Կլիմթ – Սփորթինկ Լիզպոն (ժամը 22:00)


