Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Պատգամ Անցեալէն

March 10, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

5 մարտի յետմիջօրէին ծրարներուս մէջէն գտայ նկար մը, որ կարծես ակնթարթի մը համար քնածու ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս, եւ ահաւասիկ զիս փոխադրեց հոգեկան տարբեր ոլորտներ:

Նկարը անցեալէն գեղեցիկ պատկեր մըն էր յատուկ ընթրիքի մը առիթով, պանդոկի մը մէջ, Ապու Տապի:

Այո՛, լաւ կը յիշեմ այդ օրը. տարիներ առաջ, երբ ատենապետն էի Ազգային վարչութեան եւ ուզած էինք ժողովականներու եւ կարգ մը ազգայիններու հետ պատուել այդ օրերու Քուէյթի եւ Արաբական ծոցի երկիրներու թեմի նախկին կաթողիկոսական փոխանորդ Կորիւն արք. Պապեանը, որ ժամանած էր Քուէյթէն (այդ օրերուն շրջանի առաջնորդարանի վայրը):

Այդ ընթրիքը յատուկ դրոշմ մը ձգած էր մտքիս մէջ. արդարեւ, անկախ անկէ, որ ազնուական ազգայիններու սեղանակից էինք, բայց ի մասնաւորի անմոռանալի էր, երբ Կորիւն սրբազանի ղեկավարութեամբ ճաշկերոյթի աւարտին միասնաբար, լիաթոք երգեցինք եւ թնդացուցինք մեծ կայտառութեամբ  ու խանդավառութեամբ «Միացէ՛ք, հայե՛ր» երգը:

Այսօր, տարիներ ետք, նստած գրասեղանիս ետին, գրիչը ձեռքս, կարծէք տակաւին այդ երգեցողութիւնը կը հնչէ ականջներուս մէջ: Երբե՛ք չեմ մոռնար սրբազան հօր աչքերէն ցայտող հո՛ւրը, բո՛ցը երգեցողութեան ատեն, կարծես թէ ըլլար վարակիչ:

Տարիներ անցան այդ ճաշկերոյթէն, շատ բաներ փոփոխութեան ենթարկուեցան: Մարդկային իմաստով, աւա՜ղ, սրբազան հայրը իր մահկանացուն կնքեց` վերջակէտը դնելով իր յորդազեղ կեանքին, իսկ ազգային իմաստով կ՛ընդունիմ, որ այդ օրերուն ես եւ սեղանակիցներս շատ աւելի յոյսով էինք լեցուած մեր հայրենիքի ապագայ հզօրացումով, մեր ժողովուրդի բարգաւաճումով, հայկական Արցախի հարցի դրական լուծումով: Այս բոլոր կէտերը մեզի թռիչք կու տային եւ առաւել կորովով կ՛ուռճանայինք. բայց ետքը դժբախտաբար մութ ամպերը կուտակուեցան մեր հայրենիքի գլխուն, եւ եղաւ աներեւակայելին…

Առարկայականօրէն այսօր ունինք հայրենիք մը` վտանգուած սահմաններով, հայաթափ եւ ամբողջովին գրաւուած Արցախ, փաղանգ մը` հինգ հազար նահատակ հերոս երիտասարդներու, իշխանութեան կողմէ` խեղաթիւրում ազգային իրաւունքներու, պահանջատիրութեան, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներու անտեսում: Սուր պայքար` Հայաստան իշխանաւորներուն կողմէ Էջմիածնի Մայր Աթոռի դէմ. սփիւռքի կառոյցներու անտեսում. լռութիւն` Պաքուի  մէջ ապօրինի կերպով կալանաւորուած Արցախի քաղաքական պատանդներու նկատմամբ. հայրենիքի մէջ անհիմն ձերբակալութիւններ, եւ տակաւին, այլ խիստ մտահոգիչ հարցերու երկար շարք մը:

Դէպի ո՞ւր այսպէս: Ափսո՜ս, կարծէք այսօր մեր հայրենիքը վերածուած է ծրագիր չունեցող գոյութեան մը, պետութեան մը, որ կորսնցուցած է իր ուղենիշները եւ արժեհամակարգը:

Նոյնքան այլ ահաւոր երեւոյթ մըն է երկփեղկումը, որ ստեղծուած է մեր ազգի զաւակներու մօտ, կարծիքներու բեւեռացում, ծայրագոյն անհանդուրժողութիւն իրարու հանդէպ` այն աստիճան, որ կործանիչ եւ հայրենաքանդ հետեւանք սկսած է ունենալ:

Արդեօք ա՞յս է մեր երազած հայրենիքը: Ա՞յս է այն հայրենիքը, որ երկար տարիներ` իբրեւ պանդուխտ, կամ իբրեւ խորհրդային պետութեան քաղաքացի, երազեցինք եւ շատ անգամ մեր կեանքը նուիրեցինք անոր անկախութեան եւ ազատագրումին համար:

Այսօր գրասեղանիս ետին, անցեալէն այդ գեղեցիկ նկարը ձեռքիս, «Միացէ՛ք, հայե՛ր» երգը տարբեր իմաստ մը ունի կարծէք: «Միացէ՛ք հայե՛ր, հայե՛ր: միացէ՛ք, ուս ուսի տուած առիւծի նման ետ բերենք հողը, փառքը հայութեան»… եթէ ոչ հիմա, արդեօք ե՞րբ. մինչեւ ե՞րբ պիտի չսորվինք, որ հայրենիքը ամէն բանէ վե՛ր է, եւ մեր ուժը մեր միութեան մէջն է:

Այսօր երբ շրջանը կը բռնկի` վտանգի ենթարկելով նաեւ մեր հայրենիքը, սթափի՛նք,  նախքան շատ ուշ ըլլալը, որովհետեւ մեր հայրենիքը հզօ՛ր ու անյա՛ղթ է միայն իր զաւակներու միասնականութեամբ ու սիրող սփիւռքով:

 

 

 

Նախորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երկրորդ Թիւը

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` 1/8-րդ Հանգրուանը Կը Սկսի

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.