Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լոյսով` Լոյսին» Խորագիրով. Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի Բարձրորակ Համերգը

March 6, 2026
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, օրհնութեամբ լիբանանահայ երեք համայնքապետներուն, բարերարութեամբ Պէզիքեան ընտանիքին, ուրբաթ, 27 փետրուար 2026-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի հոլ»-ին մէջ տեղի ունեցաւ «Լոյսով` լոյսին» խորագիրով Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի համերգը, նուիրուած` Անի Պէզիքեանի յիշատակին:

Համերգին ներկայ էին հոգեւոր պետեր, կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներ, ներկայ եւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ, միութիւններու ներկայացուցիչներ, արուեստագէտներ եւ մեծաթիւ արուեստասէրներ:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը արտասանեց Միրա Եարտըմեան, որ նշեց, թէ յիշողութիւնն ու յոյսը, ժառանգութիւնն ու նորարարութիւնը միաւորող այս համերգը արտայայտութիւնն են մեր մշակութային եւ հոգեւոր միակամութեան: Ան աւելցուց, որ այս համերգը նուիրուած է Անի Պէզիքեանին, որ կը յիշատակուի ո՛չ թէ լռութեան մէջ, այլ` երաժշտութեան ճամբով, ոչ թէ ստուերի մէջ, այլ` փայլքով: Այս առիթով Համազգայինի անունով խորին երախտագիտութիւն յայտնեց Պէզիքեան ընտանիքին, գլխաւորութեամբ Ալէքքօ Պէզիքեանին, որուն անսասան նուիրուածութեան ու առատաձեռնութեան շնորհիւ կարելի եղաւ իրականացնել տուեալ համերգը:

Եարտըմեան յայտնեց, որ հայ մշակութային ինքնութեան պահպանման կենդանի զարկերակ Համազգայինը կենսական դեր խաղացած է ո՛չ միայն կրթութեան եւ արուեստի միջոցով սերունդները դաստիարակելու, այլ նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի միջեւ արդիւնաւէտ կամուրջներ կառուցելու գործին մէջ: Ան հաստատեց, որ Հայաստանի «Ազգային կամերային նուագախումբ»-ը Հայաստանի ամէնէն գործունեայ, յարգուած եւ միջազգային ճանաչում ստացած երաժշտական անսամպլներէն մէկն է, որ տարեկան աւելի քան 35 համերգ կու տայ իր տան` Կոմիտասի անուան համերգասրահին մէջ, եւ այսօր 27 տարուան դադարէ ետք խումբին Լիբանան ներկայութիւնը ունի իր էական նշանակութիւնը եւ արժէքը:

Յայտնենք, որ Հայաստանի «Կամերային պետական նուագախումբ»-ի նշեալ ելոյթի խմբավարն է Սիփան Օլահ, մենակատար` սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, ինչպէս նաեւ դաշնակահար Մարիա Փալազեան:

Լիբանանահայ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի խմբավարն է, միջազգային բեմերու վրայ ելոյթներ ունեցած լիբանանահայ դաշնակահար Մարիա Փալազեանը Անգլիայէն յատուկ հրաւէրով վերադարձած է իր ծննդավայրը, իսկ միջազգային մրցանակի արժանացած թենոր եւ դաշնակահար մայեսթրօ Սիփան Օլահն հիմնադիրն ու գեղարուեստական ղեկավարն է Լոնտոնի Քլինճըն պալատի նուագախումբին եւ երգչախումբին:

Խումբը բարձրորակ կատարումով շուրջ մէկուկէս ժամուան ընթացքին ներկայացուց Միրզոյեանի, Սարեանի, Ամիրխանեանի, Տիգրանեանի, Խաչատուրեանի, Պապաճանեանի, Պետրոսեանի, Ազնաւուրի եւ միջազգային հեղինակներու ստեղծագործութիւններէն` արժանանալով մեծաթիւ հանրութեան գնահատանքին: Համերգը փակուեցաւ Յովհաննիսեանի «Երեւան-Էրէբունի» երգով` Շողիկ Թորոսեանի եւ Սիփան Օլահի միացեալ կատարումով:

 

Հայաստան-սփիւռք կապերու ամրապնդման ծառացող այս եզակի համերգը խորհրդանիշ էր միակամութեան, որ արտացոլաց հայրենի եւ սփիւռքահայ արուեստագէտներու միացեալ կատարումներով:

Այցելութիւն` Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Շաբաթ, 28 փետրուար 2026-ի առաւօտուն, «Կամերային պետական նուագախումբ»-ը, ընկերակցութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան եւ ելոյթի կազմակերպիչ մարմինին, այցելեց Անթիլիասի մայրավանք, ուր հանդիպում ունեցաւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին հետ եւ ստացաւ անոր հայրապետական օրհնութիւնը: Վեհափառ հայրապետը ողջունեց նուագախումբի պատասխանատուներն ու անդամները եւ շեշտեց մեր մշակութային արժէքները ամուր պահելու, զանոնք առաւել հարստացնելու ու տարածելու կարեւորութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ այս առաքելութեան լծուած են մեր մշակութային բոլոր կառոյցները` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ: Այս առումով, անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գործնապէս զօրավիգ կանգնին մշակութային առաքելութեան առաւել կենսաւորման ու տարածման միտող մեր բոլոր մարմիններու գործունէութեանց, շեշտեց Արամ Ա. կաթողիկոս`  նուագախումբին յաջողութիւն մաղթելով:

Նշեալ հանդիպումին յաջորդաբար խօսք արտասանեցին նուագախումբի խմբավարն ու պատասխանատուն: Ապա, նուագախումբը առիթը ունեցաւ շրջելու մայրավանքի շրջափակը եւ մօտէն ծանօթանալու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ազգանուէր ծառայական առաքելութեան: Յիշեալ հանդիպումին վեհափառ հայրապետին կողքին ներկայ էր ազգային բարերար Ալէքքօ Պէզիքեանը:

Նախորդը

«Բազմազան Արեւելքներ» Հայերէն Փոտքասթը` Գիտելիքի Եւ Երկխօսութեան Հարթակ

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա 1». Այս Շաբաթավերջին Մելպուռնի Մէջ Կը Սկսի Տարեշրջանը

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.