Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

March 5, 2026
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

ՀՅ Դաշնակցութեան 135-Ամեակի Նշում Քանատայի Մէջ

 Թորոնթօ

Կազմակերպութեամբ Թորոնթոյի ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին, 27 փետրուարին Թորոնթոյի Հայ երիտասարդական կեդրոնի «Համազգային»-ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակի հանդիսաւոր տօնակատարութիւնը` «Յանուն հայ ազգին, պատմութեան եւ ապագային» կարգախօսով:

Տօնակատարութիւնը սկիզբ առաւ Քանատայի,  Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, որմէ ետք պատանիներու երգեցողութեամբ հնչեց «Մշակ, բանուոր» քայլերգը, ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ նահատակներու յիշատակին:

Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Բալիկ Ճապաղջուրեան-Խշուաճեան: Ան դիտել տուաւ, որ շատերու համար ազգային կազմակերպութեան մը հիմնադրութեան տօնի հերթական նշումը հանդիսութիւն մը համարուի, սակայն Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան մէջ խորապէս թափանցող անհատներու կամ հաւաքականութիւններու համար շատ պարզ կը դառնայ, որ այս նախաձեռնութիւնը սեղանի վրայ կը դնէ մեր անցած ճանապարհը, կը քննարկէ իրականացուած աշխատանքներն ու ծաւալուած գործերը, կը վերանայի իւրաքանչիւր քայլափոխի արձանագրուած ճիշդ ու սխալ գործունէութիւններն ու որոշումները եւ անոնց գործադրութիւնը, ապա կը մշակէ մինչեւ յառաջիկայ նշումը իր իրականացնելիք ծրագիրներու նախագիծը:

Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Գարեգին ծ. վրդ. Շխըրտմեան ելոյթ ունենալով` յայտնեց, որ այսօր տօնն է պահանջատէր հայուն, որ իր գոյութեան համար խիզախօրէն կը պայքարի, անարդարութեան դիմաց անզիջող կը մնայ, նահանջել չի գիտեր եւ չի թոյլատրեր, որ իր ժողովուրդը նահանջէ, աւելցնելով, որ  տօնն է Հայաստանի, Արցախի, արցախահայութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան համար տագնապող ազնուական հոգիին: Հայր սուրբը նաեւ փոխանցեց Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի հայրական օրհնութիւնը, ջերմ շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթութիւնները:

ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Նարօտ Գըլըպոզեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ հաւաքուած ենք մեր ապագան վերահաստատելու համար, դիտել տալով, որ 135 տարի առաջ հիմնուած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ծնաւ իբրեւ ազգային ազատագրութեան եւ ընկերային արդարութեան կազմակերպուած կամք, անցաւ բռնութիւններու, գաղթի, վերածնունդի եւ պետականութեան կերտման ճանապարհով, բայց երբեք չկորսնցուց իր հաւատքը հայ ժողովուրդի ուժին հանդէպ: Ան հաստատեց, որ հաւատքը այսօր մեր մէջ կերտուած է ակումբ-դպրոց-եկեղեցի եռեակով, որոնք միասին կը կերտեն կազմակերպուած, գիտակից եւ պայքարող երիտասարդութիւն, որ մենք ենք:

Թորոնթոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց կոմիտէի ներկայացուցիչ Գառնիկ Հասըրճեան: Ան նկատել տուաւ, որ մենք կը տօնակատարենք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 135-ամեակը` մեր ազգին ու հայրենիքին համար ոչ միայն ճակատագրական, այլեւ օրհասական ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, աւելցնելով, որ Արցախի պատերազմէն եւ հայաթափումէն ետք Հայաստանի կառավարութիւնը առաւելապէս ենթարկուած է արտաքին ազդեցութիւններու եւ ներքին սխալ քաղաքականութիւններու, որոնք խաթարած են մեր ազգային ինքնիշխանութիւնը: Այսպիսին է այսօրուան քաղաքական իրականութիւնը, որուն առջեւ սփիւռքն ու համայնքներն ալ պատասխանատուութիւն ունին` ամրապնդելու ազգային ինքնութիւնը եւ պաշտպանելու մեր պետութիւնը: Ան շեշտեց, որ մենք պարտաւոր ենք միասնաբար դէմ դնելու` բոլոր ոտնձգութիւններուն, բռնաճնշումներուն եւ ամէն տեսակի պառակտիչ գործողութիւններու:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւնը:

Տօնակատարութեան գլխաւոր պատգամը յղեց Հայաստանէն յատուկ այս առթիւ ժամանած ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան,: Ան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի օրը նշելը միշտ առիթ է մեր ժողովուրդին առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացնելու, անցնող ճանապարհը վերլուծելու եւ ապագայ ծրագիրներու մասին խօսելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ սոյն տօնակատարութիւնը առանձնայատուկ է, նաեւ` պատմական, որովհետեւ կը համընկնի մեր ժողովուրդին համար բախտորոշ ժամանակահատուածի հետ, եւ ամէն տեղ այս տրամաբանութեամբ կը նշենք 135-ամեակը: Ռուստամեան դիտել տուաւ, որ այս նշումը մեզի համար կրկին մեր ուխտի թարմացումն է, մեր երդման թարմացումը, առաջին հերթին` դաշնակցականի կերպարի վերահաստատումը, աւելցնելով, որ մենք միշտ մեր ժողովուրդին հետ  եւ անոր կողքին եղած ենք, եւ անհրաժեշտ պարագային, անոր իրաւունքները եւ ինքնութիւնը պաշտպանած ենք: Այսօր վտանգուած է մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշտպանող չկայ:

Ռուստամեան անդրադարձաւ վերջին ութ տարիներուն ընթացքին Հայաստանի իշխանութիւններուն կործանարար քաղաքականութեան եւ կոչ ուղղեց հայութեան` Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ, միաւորուելու եւ տէր կանգնելու մեր ժողովուրդի իրաւունքներուն, վստահեցնելով, որ մեր ուժերու միաւորումը, մեր ժողովուրդին դաժան փորձութիւնները յաղթահարելով` կը բերէ լուսաւոր ապագայ:

Տօնակատարութեան ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

Քեմպրիճ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քեմպրիճի «Արամ-Դրօ» կոմիտէին, 28 փետրուարին Քեմպրիճի Հայ կեդրոնին մէջ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը:

Քանատայի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկի բացումը կատարեց օրուան հանդիսավար Շանթ Ահարոնեան, որ անդրադարձաւ` Դաշնակցութեան 135 տարիներու ազգանուէր գործունէութեան, հայրենաշինութեան նուիրուած ծառայութեան, սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման ու հայ ժողովուրդի հաւաքական քաղաքական կամքի կազմակերպման մէջ ունեցած հսկայական դերակատարութեան:

Քեմպրիճի ՀՅԴ «Արամ-Դրօ» կոմիտէին անունով խօսք առաւ կոմիտէի ներկայացուցիչ Վարանդ Զէյթլեան: Ան հաստատեց, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, քաղաքական կազմակերպութիւն ըլլալու կողքին, եղած է նաեւ ազգային գաղափարախօսութիւն, որ սերունդներ դաստիարակած է ու կը շարունակէ դաստիարակել նուիրումի` անձնուիրութեան ոգիով, աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն ծնած է այն ժամանակ, երբ հայ ժողովուրդը կը պայքարէր իր գոյութեան, իր արժանապատուութեան եւ իր ազատութեան համար, եւ ներկայիս եւս, մեր ազգի այս դժուարին ու մթագնած օրերուն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնն է, որ տէր կը կանգնի մեր ազգային ինքնութեան ու արժանապատուութեան: Ան ըսաւ, որ մեր ժողովուրդի բաբախող սիրտն է, որ գաղափարը կը դարձնէ գործ, տեսլականը` ծրագիր, իսկ ծրագիրը` իրականութիւն, իսկ երբ պատմութեան փոթորիկները կը փորձեն կտրել մեր շարքերը, Դաշնակցութիւնը կը պահէ իր կարգապահութիւնը, կ’ապահովէ շարունակականութիւնը ու կը շարունակէ դաստիարակել նոր սերունդներ:

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ 135 տարիներու ընթացքին Դաշնակցութիւնը դիմագրաւած է` բռնութիւն, աքսոր, գաղափարական հալածանք եւ քաղաքական ճնշում, սակայն իւրաքանչիւր հարուածէ ետք ան ոտքի կանգնած է աւելի ամուր, որովհետեւ իր ուժը անհատներու մէջ չէ եղած, այլ` գաղափարին, հաւաքական կամքին եւ ազգին նկատմամբ անսակարկ նուիրումին մէջ: Ան շեշտեց, որ ՀՅԴ Քանատայի ընտանիքը պիտի շարունակէ դաստիարակել եւ կրթել յաջորդ սերունդները ազգային ոգիով` որպէս գիտակից, պատասխանատու եւ նուիրուած հայորդիներ, պիտի զարգացնէ քանատահայ համայնքը բոլոր ոլորտներուն մէջ` մշակութային, կրթական, երիտասարդական եւ քաղաքական, որպէսզի մեր ներկայութիւնը Քանատայի մէջ ըլլայ ա՛լ աւելի կազմակերպուած, ազդեցիկ եւ արժանապատիւ:

Օրուան գլխաւոր բանախօս ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Դաշնակցութեան 135-ամեայ գաղափարական ուղեգծին, ժամանակակից մարտահրաւէրներուն եւ ազգային-քաղաքական պատասխանատուութեան հրամայականին, շեշտելով, որ Դաշնակցութիւնը անցնող դարերու ընթացքին բազմիցս ապացուցած է իր կենսունակութիւնը եւ կարողութիւնը` հաւատարիմ մնալու իր սկզբունքներուն` անկախ պատմական պայմաններէն:

Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներուն` ան ըսաւ, որ այսօր վտանգուած է մեր ինքնութիւնը, եւ իրաւունքները ընդհանրապէս պաշտպանող չկայ, աւելցնելով, որ Հայաստանը ներկայացնող վարչախումբը ժողովուրդի իրաւունքները չի պաշտպաներ, ներկայ իշխանութիւնները ութ տարիներու ընթացքին անընդհատ զիջեցան, ինչի որ մեր թշնամիները պահանջեցին: Պէտք է կասեցնել այս զիջումներու կործանարար ընթացքը: Իսկ, անդրադառնալով յունիսին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն` Ռուստամեան շեշտեց, որ մենք իրաւունք չունինք այս առիթը կորսնցնելու եւ պէտք է կեցնենք գահավիժումը եւ նոր ապագայ ու նոր ընթացք հաղորդենք հայութեան, Հայաստանի գործընթացներուն եւ մեր հեռանկարին:

Միացեալ Նահանգներ

ՀՅԴ Օրուան Տօնակատարութիւն` Սան Ֆրանսիսքոյի Մէջ

7 փետրուարին Սան Ֆրանսիսքոյի «Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 135-ամեակը:

Շրջանի ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Շանթ Փանոսեան, իսկ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց ներկայացուցիչ Կարօ Մատէնլեան: Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան: Բանախօսները շեշտեցին յատկապէս կուսակցութեան գործունէութեան շարունակականութիւնը ապահովելու, պատասխանատուութիւն ստանձնելու եւ համայնքին գործօն մասնակցութիւնը երաշխաւորելու կարեւորութիւնը` յիշեցնելով, որ կուսակցութեան հզօրութիւնը հիմնուած է անոր անդամներուն եւ համակիրներուն նուիրեալ եւ կամաւոր ծառայութիւններուն վրայ: Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նատիմա Աւագեան, Դրօ Գրիգորեան եւ Արա Տապանճեան:

Արցախի Հայկական Ժառանգութեան Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցերը Ներկայացուեցան Կրօնական Ազատութեան Յանձնաժողովին

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը եւ անոր ընկերակցող իրաւական մասնագէտներ, հոգեւորականներ, պետական պաշտօնատարներ եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան յանձնաժողովին ներկայացուցին Արցախի մէջ հայ քրիստոնէական մշակութային եւ եկեղեցական ժառանգութիւնը ոչնչացնելու նպատակով Ազրպէյճանի համակարգուած գործունէութեան փաստերը` միաժամանակ կոչ ընելով, որ Պաքուի իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցուի ազրպէյճանական բանտերուն մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն ազար արձակումը ապահովելու համար:

Պատուիրակութեան անդամները իրենց մտահոգութիւնը յայտնեցին Հայաստանի կառավարութեան կողմէ Հայ եկեղեցիին դէմ սկսած անընդունելի արշաւին եւ Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին նկատմամբ սպառնալիքներուն վերաբերեալ:

Իրենց մանրամասն ներկայացումներէն ետք, պատուիրակութեան անդամները նաեւ կոչ ըրին յանձնաժողովին, որ Ազրպէյճանը դասեն «Յատուկ մտահոգութեան արժանի երկիր»-ներու կարգին, նկատի առնելով այդ երկրին մէջ կրօնական ազատութիւններու աղաղակող ոտնակոխումները:

Նման դասաւորում մը նաեւ առիթ պիտի ընծայէ` մօտէն հետապնդելու հայերու հալածանքը, նպաստելու հայ գերիները ազատ արձակելու ջանքերուն  եւ քրիստոնէական ժառանգութեան փաստագրուած ոչնչացումը դատապարտելու:

Հայ Դատը Քոնկրեսական Վալատաոյի Հետ Քննարկեց Արցախի Հայութեան Վերադարձի Եւ Գերիներու Ազատ Արձակման Հարցերը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան եւ գործադիր վարիչ Ռուբէն Կարապետեան վերջերս Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ մէջ հայութեան իրաւանց զօրակցողներ Փոլ Ճամուշեանի եւ Վարուժան Տէր Սիմոնեանի հետ հանդիպում մը ունեցան Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Տէյվիտ Վալատաոյի հետ` քննարկելով հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր, ինչպէս` Հայաստանի ապահովութեան երաշխաւորում, Ազրպէյճանի դէմ պատժամիջոցներու որդեգրում,  Արցախի հայութեան ապահով վերադարձի երաշխաւորում եւ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներու ազատ արձակում: Այս առիթով Յարութիւնեան եւ Ճամուշեան դրուատեցին Վալատաոյի երկար տարիներու ցուցաբերած սկզբունքային զօրակցութիւնը հայութիւնը յուզող հարցերուն, նշելով, որ ան ոչ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործնականապէս նպաստած է հայութեան շահերը պաշտպանելու ջանքերուն:

Քննարկուած կէտերէն մէկն էր Ներկայացուցիչներու տան ներկայացուած ARMENIA Security Partnership Act (H.R.6840) բանաձեւը, որուն նպատակն է սերտացնել Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմական յարաբերութիւնները եւ սահմանափակել Պաքուին տրամադրուող ռազմական աջակցութիւնը, մինչեւ այն ատեն որ Ալիեւի վարչակարգը շօշափելի քայլերու չէ դիմած Հայաստանի հետ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ: Անիկա նաեւ կը պահանջէ հայ գերիներուն ազատ արձակումը եւ Արցախի հայութեան ապահով վերադարձը: Հայ դատը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ դիմելով իրենց քոնկրեսականներուն` պահանջեն անոնցմէ, որ զօրակցին թիւ 6840 բանաձեւին, այցելելով կայքէջը:

Նշենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը շարունակաբար A+ վարկանիշ տուած է քոնկրեսական Վալատաոյին` իր հայանպաստ կեցուածքներուն համար:

Գահիրէ

 Դիլաքեան Եղբայրներու «Գտնուած Երազ»-ի Բեմադրութիւնը

Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան, 15 փետրուարին «Յուսաբեր» ակումբին «Լ. եւ Ս. Գարագաշեան» սրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ «Գտնուած երազ»-ը` մասնակցութեամբ «Սարդարապատ» պարախումբի անդամ-անդամուհիներուն, գեղարուեստական ղեկավար` Մարիամ Կարապետեան: Բացման խօսքը արտասանեց Կարին Կրպոյեան, որ յայտնեց, թէ  Դիլաքեան եղբայրներու ստեղծագործութեամբ «Գտնուած երազ»-ը   կը ներկայացնէ անհատին ներաշխարհը:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ պարախումբի ընդհանուր պատասխանատու Գարոլին Մազլումեան:

Աւարտին մասնակից փոքրերը եւ պատանիները շնորհաւորագիրներ եւ նուէրներ ստացան «Յուսաբեր» մշակութային ընկերակցութեան կողմէ:

Իրան

Ոչ Եւս Է Իրանահայ Ազգային–Հասարակական Հաւատաւոր Գործիչ Վարդան Վարդանեանը

Վերջերս իր մահկանացուն կնքեց իրանահայ ազգային-հասարակական հաւատաւոր գործիչ Վարդան Վարդանեանը:

1984 թուականէն սկսեալ եւ շուրջ 16 տարի Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութիւնը վստահած էր Վարդան Վարդանեանին` Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան խորհրդարանին մէջ: Ան որպէս պատգամաւոր եւ տարբեր յանձնաժողովներու անդամ քանի մը անգամ եղած է արդիւնաբերութեան յանձնաժողովի մէջ եւ ընտրուած է այդ յանձնաժողովի ղեկավար կազմի անդամ:

Վարդան Վարդանեանի գործունէութիւնը եւ կատարած աշխատանքները լայնօրէն յայտնի են իրանահայ համայնքին, յատկապէս` Իրան-Իրաք պատերազմի տարիներուն եւ պատերազմին յաջորդած շրջանին: Ան նշանակալի ներդրում  ունեցած է արդիւնաբերութեան ծիրին մէջ աշխատող գործարարներու գործունէութեան կազմակերպման եւ բարելաւման գործին մէջ:

Վարդան Վարդանեանի գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր միայն արդիւնաբերութեան ոլորտով: Ան երկար տարիներ ստանձնած է պարսկերէնով հրատարակուող «Պայման» պարբերականի հրատարակման պատասխանատուութիւնը` որպէս արտօնատէր:

2011 թուականին Վարդան Վարդանեանի շնորհուած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը:

Պոլիս

Պոլսահայ Գրականութեան Նոր Կորուստը` Բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան

14 փետրուարին Պոլսոյ մէջ 80 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեց բանաստեղծ Իգնա Սարըասլան:

Իգնա ասպարէզով հռչականուն ու սիրուած բժիշկ էր, վկայուած` Պոլսոյ բժշկական համալսարանէն, 1969-ին: Ան իր երիտասարդ տարիքէն սկսեալ հակում ցուցաբերած էր գրականութեան, մասնաւորաբար բանաստեղծական արուեստի նկատմամբ: 1974-ին լոյս ընծայած էր իր անդրանիկ քերթողագիրքը` «Լօ» խորագրով, որ արժանացած է «Ալեք Մանուկեան գրական մրցանակ»-ի առաջին պարգեւին: Անկէ ետք, մինչեւ օրս, Իգնա վար չէ դրած իր գրիչը, շարունակ ստեղծագործած է` հայ գիրին ու հայերէնի բառագանձին նկատմամբ մեծ սէր ցուցաբերելով:

Իգնայի բանաստեղծական աշխարհայեացքն ու ոճը տարբեր էին դասական ըմբռնումներէ: Ա՛ն ալ հետեւորդ մըն էր Զահրատի ու Խրախունիի դպրոցին` պահպանելով անշուշտ ինքնուրոյնութիւն մը, որ իրե՛ն յատուկ էր, եւ որ` մտածական ու զգացական հիանալի հորիզոններ կը բանար ընթերցողին առջեւ:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Հետաքրքրական. Նուագարանի Մը Պատմութիւնը Զուռնայ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ծննդոցը Եւ Առաջին Թիւը

RelatedPosts

Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

September 10, 2026
Հաղորդագրութիւն.  «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան».  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

Հաղորդագրութիւն. «Կրօնները Պէտք Է Գործեն Որպէս Ջատագով Արդարութեան Վրայ Հիմնուած Խաղաղութեան». Արամ Ա. Կաթողիկոս

September 7, 2026
Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի
Գաղութէ Գաղութ

Յորդանան Գետի Երկու Ափերու Հայ Երիտասարդութիւնը` Մէկ Ոգի

September 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.