Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2028-ի Նախագահական Ընտրութիւններուն Ոչ Մէկ Ամերիկահայ Պէտք Է Քուէարկէ Վանսի Օգտին

March 3, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ. Տի. Վանս նախորդ շաբաթներուն այցելեց Հայաստան եւ Ազրպէյճան: Ասիկա Փաշինեանի, Ալիեւի եւ Թրամփի ի նպաստ քարոզչական հնարք մըն էր, որուն ընթացքին արձանագրուեցան շարք մը կոպիտ սխալներ եւ աղմկայարոյց իրադարձութիւններ:

Սկսելու համար, Վանս իր կնոջ հետ անակնկալ այցելութիւն տուաւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր եւ ծաղկեպսակ զետեղեց` յարգանքի տուրք մատուցելով 1,5 միլիոն նահատակներուն յիշատակին: Անմիջապէս ետք Վանս իր թուիթըրեան էջին վրայ հետեւեալ գրառումը կատարեց. «Այսօր փոխնախագահ Վանս եւ Երկրորդ տիկին Ուշա Վանս Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ մասնակցեցան ծաղկեպսակի զետեղման արարողութեան` յարգելու 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը»: Թանգարանի յուշամատեանին մէջ փոխնախագահը գրեց. «Կորսուած կեանքերու հանդէպ խորին յարգանքով` մենք կը պատուենք հայ ժողովուրդի տոկունութիւնն ու անսասան ոգին: Թող Ամերիկան եւ Հայաստանը միասին աշխատին յանուն խաղաղութեան եւ փոխըմբռնման ապագայի մը»:

Սակայն յարգանքի այս խորին դրսեւորումը քիչ անց ստուերի մէջ մնաց` լուրջ հակասութեամբ մը, երբ Վանսի գրառումը ջնջուեցաւ եւ փոխարինուեցաւ հաղորդագրութեամբ մը, ուր այլեւս բնաւ չէր յիշատակուեր «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրոյթը. «Փոխնախագահը եւ Միացեալ Նահանգներու Երկրորդ տիկինը ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին մօտ եւ ստորագրեցին յուշամատեանին մէջ` Հայաստան կատարած իրենց այցելութեան վերջին օրը»: Փոփոխուած բնագիրը հրապարակեց Վանսի մամլոյ քարտուղար Թէյլըր Վան Քըրք: Բացայայտ է, որ փոփոխութիւնը Քըրքի նախաձեռնութեամբ չէր եղած. ամենայն հաւանականութեամբ, անիկա կատարուած էր Սպիտակ տան հրահանգով` Թուրքիոյ ժխտողական վարչակարգի կոշտ բողոքէն ետք:

Վանսի գրառման փոփոխութեան պատճառը այն է, որ նախագահ Թրամփ 24 ապրիլ 2025-ի իր յայտարարութեան մէջ չօգտագործեց «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրը, հակառակ անոր որ նախագահ Ճօ Պայտըն զայն ճանչցած էր չորս տարի անընդմէջ: Ասիկա ցոյց կու տայ, թէ ինչպիսի՛ հետեւանքներ կրնան արձանագրուիլ, երբ հայ համայնքի որոշ ներկայացուցիչներ իրենց քուէն կու տան Ցեղասպանութիւնը ժխտողին: Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող յիշատակման ջնջումը այնքան վիրաւորական քայլ մըն էր, որ ամերիկահայերը պէտք է հրաժարին Վանսի օգտին քուէարկելէ 2028-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն:

Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղար Քերոլայն Լեւիթ, պատասխանելով Վանսի գրառման խայտառակ ջնջման մասին հարցումի մը, խուսափեցաւ նիւթէն` առանց նոյնիսկ արտասանելու «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերը: Ան յայտարարեց. «Այս պահուս քաղաքականութեան փոփոխութիւն չկայ», ինչ որ կը նշանակէ` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչում չկայ:

Երեւանէն մեկնելէ առաջ Վանսի հարց տրուեցաւ իր գրառումէն «Հայոց ցեղասպանութիւն» բառերուն ջնջման վերաբերեալ: Ան տուաւ խուսափողական պատասխան մը. «Իրենք ըսին, որ ասիկա մեզի համար շատ կարեւոր վայր մըն է, եւ յայտնի է, որ ես առաջին (Միացեալ Նահանգներու) փոխնախագահն եմ, որ երբեւէ այցելած է Հայաստան: Իրենք խնդրեցին մեզմէ այցելել այդ վայրը: Բացայայտ է, որ ասիկա շատ սարսափելի բան մըն է, որ պատահած է աւելի քան 100 տարի առաջ, եւ բան մը, որ իրենց համար մշակութային առումով շա՜տ շա՛տ կարեւոր է»:

Այսպիսով, Վանս մէկուկէս միլիոն հայերու զանգուածային սպանդը վերածեց «շատ սարսափելի բանի» մը եւ «իրենց համար մշակութային առումով շատ կարեւոր բանի» մը: Հեգնօրէն, Վանսի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող գրառումին հեռացումը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ, ներառեալ` Սի. Էն. Էն.ի, «Ռոյթըրզ»-ի, «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի եւ «Նիու Եորք Թայմզ»-ի: Այդ գրառումը ջնջելով` Սպիտակ տունը փաստօրէն աւելի մեծ ուշադրութիւն հրաւիրեց խնդրին վրայ:

Երեւանի մէջ Վանսի` Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութիւնը, ըստ ամենայնի, նպատակ ունէր հաւասարակշռել Հայաստանէն ետք Պաքու մեկնելով` այցելութիւնը «Նահատակներու պուրակ», որ Ազրպէյճանի ազգային գերեզմանատունն ու յուշահամալիրն է` նուիրուած պատերազմներու ընթացքին սպաննուած ազրպէյճանցի զինուորներուն:

Վանս այլ սխալ մը եւս գործեց` միջամտելով Հայաստանի ներքաղաքական հարցերուն եւ բացայայտ աջակցութիւն յայտնելով Փաշինեանին` այս տարուան յունիսին նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ: Ոչ մէկ լուրջ քաղաքական գործիչ նման յանդգնութեամբ կը միջամտէր օտար երկրի մը ընտրութիւններուն: Երեւանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Վանս նշեց. «Գիտեմ, որ յառաջիկային ընտրութիւններ կան: Այդ մասին չեմ խօսիր, բայց եթէ իմ աջակցութիւնս որեւէ նշանակութիւն ունի, ապա ան (Փաշինեանը) անշուշտ ունի զայն, քանի որ ան այն մարդն է, որ կրնայ կառուցել երկարաժամկէտ գործընկերութիւն` նման նախաձեռնութիւն մը կայուն դարձնելու համար»:

Վանս նաեւ սխալեցաւ` Հայաստանը ներկայացնելով իբրեւ «աշխարհի քրիստոնեայ հնագոյն երկիրներէն մէկը», փոխանակ գործածելու «հնագոյնը» կամ «առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը» բնորոշումները:

Վանսի մէկ այլ յայտարարութիւնը Հայաստանի մէջ մեծ վիճաբանութեան դուռ բացաւ: Իրականութեան մէջ ատիկա ամերիկեան կողմին ընտրած թարգմանիչին սխալն էր: Երբ Վանս կը խօսէր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստան 9 միլիառ տոլար արժողութեամբ հիւլէական փոքր բարդերու եւ մասերու արտածման մասին, «արտածում» (export) բառը սխալմամբ թարգմանուեցաւ որպէս «ներդրում» (investment): Իրականութեան մէջ ոչ թէ Միացեալ Նահանգներն են, որ ներդրում կը կատարեն Հայաստանի մէջ, այլ Հայաստանը` Միացեալ Նահանգներու մէջ: 9 միլիառ տոլարը հսկայական գումար է, որ հաւասար է Հայաստանի ամբողջ տարեկան պիւտճէին: Մինչ Վանս այս վաճառքը կը ներկայացնէր որպէս կայացած գործարք, Փաշինեան ըսաւ, որ Հայաստանը դեռ բանակցութիւններու մէջ է այլ երկիրներու հետ` մրցակցային առաջարկներ ստանալու համար:

Մինչ Փաշինեան գիշեր-ցերեկ խաղաղութեան մասին կը խօսի, Ալիեւ կը շարունակէ Հայաստանէն նոր զիջումներ պահանջել եւ կը հրաժարի ստորագրել, այսպէս կոչուած, «խաղաղութեան պայմանագիրը»: Միեւնոյն ժամանակ Ազրպէյճան կեղծ մեղադրանքներով Պաքուի բանտերուն մէջ կը պահէ Արցախի նախկին ղեկավարները` յայտարարելով, թէ հայ պատանդները աւելի ծանր յանցանքներ գործած են, քան` նացիները:

Անսպասելիօրէն Փաշինեան յայտնեց, որ Վանսի հետ քննարկած է հայ բանտարկեալներու հարցը: Վանս աւելցուց, որ կը պատրաստուի այդ հարցը բարձրացնել Ալիեւի հետ հանդիպման ժամանակ, իսկ վերջինս ալ հաստատեց, որ Վանս իրեն հետ իսկապէս խօսած է բանտարկեալներու մասին: Այսուհանդերձ, իրականութիւնն այն է, որ Վանս Պաքուէն վերադարձաւ առանց կարենալ ազատելու ոեւէ հայ պատանդ:

Աւելի՛ն. Վանս չհանդիպեցաւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հետ եւ չայցելեց Հայաստանի մէջ կալանաւորուած հայ եպիսկոպոսներուն: Վստահելի աղբիւրներու համաձայն, Հայաստանի կառավարութիւնը խնդրած է Վանսէն, որ Հայաստան այցելութեան ընթացքին չհանդիպի վեհափառին:

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ Վանս որեւէ խօսք չըսաւ` քննադատելու Փաշինեանի եւ Ալիեւի հակաժողովրդավարական քաղաքականութիւնը: Ան յիշատակեց Ալիեւի կինը` Մեհրիպանը, որ Ազրպէյճանի փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէ, նշելով. «Յոյսով եմ, որ ասիկա Միացեալ Նահանգներու Երկրորդ տիկնոջը որեւէ գաղափար չի տար»: Այս արտայայտութիւնը դժգոհութիւն առաջացուց Վանսի ազրպէյճանցի հիւրընկալներուն մօտ եւ գրաքննուեցաւ Ազրպէյճանի պետական պատկերասփիւռի կայանին կողմէ:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (2 Մարտ 2026)

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Միացեալ Նահանգները Կ՛ուզեն Կրինլանտը

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.