Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրանի Կառավարութեան Բանբերը Կը Նշէ. «Դիւանագիտութիւնը Պատերազմէն Կը Նախընտրենք, Սակայն Երկու Ընտրանքներուն Ալ Պատրաստ Ենք»

February 25, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ֆաթիմա Մոհաժերանի Թեհրանի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց. «Դիւանագիտութիւնը պատերազմէն կը նախընտրենք, սակայն երկու ընտրանքներուն ալ պատրաստ ենք»:

«Դիւանագիտութիւնը կը նախընտրենք, սակայն զսպման գործիքները պիտի օգտագործենք` հաշիւներու որեէ սխալ արգիլելու համար», նշեց ան:

«Իրանեան զինեալ ուժերը կը հետեւին ամէն վտանգի, բարձր պատրաստուածութեան մէջ են, եւ վերջին ռազմափորձերը այդ մէկը փաստեցին», աւելցուց Մոհաժերանի:

Իրանեան կառավարութեան բանբերը նաեւ յայտնեց, թէ համալսարանի ուսանողները ցոյց կատարելու իրաւունք ունին, սակայն պէտք չէ «կարմիր գիծերը» անցնին:

Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Քազեմ Ղարիպ-Ապատի իր կարգին յայտարարեց. «Դուք փորձեցիք պատժամիջոցներ կիրարկել եւ Իրանի դէմ պատերազմ սկսիլ, սակայն ոչինչի հասաք: Հիմա ժամանակն է դիւանագիտութիւն եւ յարգանք ցուցաբերելու, Իսլամական հանրապետութիւնը պիտի դիմադրէ որեւէ քաղաքական կամ զինուորական դաւադրութեան»:

Անդրադառնալով վերջերս Իրանի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերուն ժամանակ զոհերու թիւին, Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարը պնդեց, որ տարբեր աղբիւրներու կողմէ ներկայացուած թիւերը քաղաքական նպատակներով «յօրինուած» են:

«ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, թէ Իրանի  պաշտպանութեան նախարար Ազիզ Նասիրզատէ յայտարարած է, թէ Իրան չի ձգտիր պատերազմի, սակայն Միացեալ Նահանգներու յարձակումին պարագային Իսլամական հանրապետութիւնը թշնամիներուն պիտի տայ այնպիսի դաս, որ անոնք երբեք պիտի չմոռնան:

«Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը պատերազմ չի փնտռեր, սակայն եթէ պատերազմը երկրին պարտադրուի, անիկա ինքզինք պիտի պաշտպանէ ամբողջ ուժով եւ թշնամիներուն պիտի տայ այնպիսի դաս, որ անոնք երբեք պիտի չմոռնան», ըսած է Նասիրզատէ:

Յիշեցնենք, որ Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ բանակցութիւններու նոր փուլը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 26 փետրուարին, Ժընեւի մէջ:

Նախորդը

Պատասխանելով Թրամփին` Հերցոկ. «Իսրայէլ Օրէնքի Իշխանութեան Տակ Եղող Պետութիւն Է»

Յաջորդը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.