Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պատերազմի նախարարութեան` Փենթակոնի քուլիսներուն մէջ հետզհետէ աճող մտահոգութիւն գոյութիւն ունի:

Զինուորական բարձրաստիճան պաշտօնատարներ օրաթերթին յայտնած են, որ իրենք Սպիտակ տունը ուղղակի կերպով զգուշացուցած են, թէ Իրանի հետ զինուորական լայնածաւալ ճակատում մը ամերիկեան վարչակազմի նախնական պատկերացումը գերազանցող ռազմավարական ու մարդկային վտանգներ կը պարունակէ:

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի, ամերիկեան բանակի միացեալ սպայակոյտի պետերը, նախ եւ առաջ զօր. Տան Քէյնը նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացուցած են մանրամասն զեկուցումներ, որոնց մէջ ընդգծած են, թէ ներկայ յարձակումը «համաշխարհային ապահովական բացերու յառաջացման» կը յանգեցնէ:

Անոնք զգուշացուցած են, թէ Միջին Արեւելքի մէջ բաց հակամարտութիւն մը պիտի սպառէ «Փաթրիոթ» եւ «Թատ» հրթիռներուն նման «իմաստուն» զինամթերքներն ու հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգերը, ինչ որ կը տկարացնէ այլ շրջաններու մէջ իր ռազմավարական հակառակորդները, մասնաւորաբար Հնդկաց ովկիանոսի շրջանին մէջ Չինաստանը զսպելու Միացեալ Նահանգներու կարողութիւնը:

Օրաթերթը լուսարձակները կեդրոնացուց «իրանեան հակադարձութեան» բնոյթին նկատմամբ Փենթակոնի մտավախութիւններուն վրայ:

Պաշտօնատարները նշած են, թէ Թեհրան կարողութիւն ունի հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով շրջանին մէջ ամերիկեան ռազմակայաններն ու դաշնակիցներու կենսական կառոյցները թիրախաւորող յարձակումներ շղթայազերծելու:

Օրաթերթին համաձայն, զօրավարները այն մտավախութիւնը ունին, որ վիրահատական սահմանափակ ու արագ հարուածը վերածուի շրջանային համապարփակ պատերազմի մը, որուն սահմանները վերահսկողութեան տակ պահելը դժուար կ՛ըլլայ եւ կարելի չէ անոր աւարտը կանխատեսել:

 

Նախորդը

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

Յաջորդը

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Ըստ «Պլումպըրկ»-ի.  Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս  Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը
Միջազգային

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի. Թրամփ Նպատակ Ունի Մինչեւ 4 Յուլիս Աւարտել Ռուս-Ուքրանական Պատերազմը

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.