Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա յայտնեց. «Կ՛ուզենք, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի ունենան իրենց սահմանադրական ժամկէտին, առանց որեւէ երկարաձգման կամ յետաձգման, եւ ատիկա բոլոր լիբանանցիներու շահերէն կը բխի, որովհետեւ ընտրութիւններուն կայացումով անոնք իրենց ձգտումները կ՛արտայայտեն, սակայն գոյութիւն ունի Լիբանանին երկարաձգում պարտադրելու փորձ մը, որ կը կատարուի միջամտութեամբ օտար պետութիւններու, որոնք պաշտօնատարներու մօտ սկսան աշխատանք տանիլ ներկայ խորհրդարանի նստաշրջանի մեր ազգային շահերուն հետ որեւէ առնչութիւն չունեցող արտաքին հաշիւներու հիմամբ երկարաձգման համար»:

«Այդ հաշիւներէն մէկը իրենց այն կարծիքն է, թէ մեր համակիր զանգուածը մէկ տարի ետք աւելի պիտի տկարանայ, վերաշինութեան թղթածրարը պիտի ուշանայ, եւ Իրանի դէմ ամերիկեան պատերազմի կարելիութիւն գոյութիւն ունի, ուստի մէկ տարի ետք պայմանները իրենց համար աւելի լաւ պիտի ըլլան, որպէսզի բերեն խորհրդարան մը, որ իսրայէլեան պատերազմէն ետք յառաջացած ուժերու հաւասարակշռութեան արտացոլացում ըլլայ, նոյնիսկ եթէ ատիկա սահմանադրական ժամկէտներու հաշուոյն եւ ի վնաս իշխանութեան հաւաստիութեան ու կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին է», նշեց երեսփոխանը:

«Գերիշխանական ըլլալ պնդողները խորհրդարանի նստաշրջանի երկարաձգման համար արտաքին միջամտութեան ամէնէն շատ ընդառաջողներն են, իսկ մենք մեր երեսփոխանական ու քաղաքական դիրքէն մեկնելով կ՛ընդգծենք ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու անհրաժեշտութիւնը, եւ թող անոնց արդիւնքը ըլլայ քուէարկողներու կամքին համեմատ», ըսաւ ան:

«Այս փուլը տոկունութեան, համբերութեան, պատրաստուածութեան եւ պատրաստակամութեան փուլն է: Մենք պէտք է հարցերը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնը նկատենք: Բոլորը հարց կու տան, թէ ո՛ր պետութեան մասին կը խօսինք, եւ ատիկա արդար հարցում մըն է, սակայն կը խօսինք ներկայ ժամանակահատուածին եւ ներկայ փուլին մասին:

«Ներկայ յարձակումներուն ի տես կ՛ուզենք, որ ներկայ կառավարութիւնն ու պետութիւնը իրենց բոլոր հաստատութիւններով իսրայէլեան այս յարձակումներուն նկատմամբ իրենց ամբողջական պատասխանատուութեան տէր կանգնին, եւ պիտի շարունակենք հետեւիլ, պահանջել ու պետութիւնը յորդորել, որ իր ժողովուրդին նկատմամբ իր պարտաւորութիւններն ու պարտականութիւնները կատարէ», յայտնեց Ֆատլալլա:

Նախորդը

Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

Յաջորդը

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան  Պատուիրակութիւնը`  Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը  Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»
Լիբանանեան

Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.