Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 25, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանանեան պետութիւնը առաւելագոյն ջանք կը թափէ Լիբանանը շրջանային պատերազմի հետեւանքներէն զերծ կացուցելու համար»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Խաղին թելերը» լիբանանեան ձեռքերու մէջ չեն, եւ առաւելագոյնը, որ կարելի է կատարել, Ուաշինկթընի հետ դիւանագիտական խողովակները գործի լծելն է` փորձելով մեծ պայթումի ուրուականը հեռացնել»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, «խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի իշխանութեան դէմքերուն Հըզպալլայի կողմէ երաշխիքներ փոխանցեց, թէ Իրանի ամերիկեան յարձակումի ենթարկուելուն պարագային անոր թիկունք կանգնելու որեւէ պատերազմի պիտի չմասնակցի»:

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «Բրիտանական կողմը Լիբանանէն խնդրեց Կիպրոսի մէջ գտնուող ռազմակայաններու մէջ տեղակայուած իր պատերազմական օդանաւերուն արտօնել լիբանանեան օդային տարածքը օգտագործել»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Միացեալ Նահանգներու, Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի ղեկավարութեամբ ընտրութիւնները առնուազն մէկ տարիով յետաձգելու ճնշումներուն լոյսին տակ, ընտրական օրէնքին եւ անոր գործադրութեան մեքանիզմին շուրջ պայքարը այլ մակարդակի բարձրացաւ»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ականաւոր հեղինակութիւն մը «Ախպար» օրաթերթին. «Խորհրդարանական ընտրութիւնները յետաձգելու արտաքին ճնշումները ուժեղ եւ ուղղակի են, եւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունը, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամը լիբանանցի ականաւոր պաշտօնատարներու կողքին այդ պահանջին մթնոլորտի մէջ դրուեցան: Արտաքին կողմերը այնքան չեն ջանար հարցը լիբանանեան կողմին հետ քննարկելու, որքան զայն իբրեւ կատարուած իրողութիւն պարտադրելու»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, թէ հարաւային Լիբանանի սահմանային շրջաններու  հսկողութեան ընթացքին Մարժաայունի Սարտա շրջանին մէջ, բանակի հսկողութեան կէտի հաստատման ընթացքին այդ կէտին մերձակայքը ենթարկուած է իսրայէլեան կրակոցներու, մինչ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքեր ալ բաւական  ցած բարձրութեան վրայ թռիչք կը կատարէին` միեւնոյն ժամանակ սպառնալիքներ ուղղելով բանակին, որպէսզի ան լքէ շրջանը:

Բանակը զինուորներուն հրամայած է ամրապնդել կէտը, այդտեղ մնալ եւ կրակոցներուն հակադարձել:

. «ԷՄ.ԹԻ.ՎԻ.» կը հաղորդէ, որ ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը անցնող ժամերուն հարաւային Լիբանանի մէջ մանրակրկիտ հետապնդման գործողութենէ ետք ձերբակալած է երկու ոչ լիբանանցի գործակալներ, որոնք «կարեւոր տարրերէն» կը նկատուին:

. «ԷԼ.ՊԻ.ՍԻ.»-ի տեղեկութեան համաձայն, Եւրոպական Միութիւնը սկզբունքով 100 միլիոն տոլար գումարով պիտի մասնակցի լիբանանեան բանակի աջակցութեան:

. 95 եւ 98 օքթան պենզինի գիները բարձրացան 6000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.799.000 լ.ո.-ի եւ 1.842.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 2000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.382.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը բարձրացաւ 17000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.410.000 լ.ո.-ի:

 

Նախորդը

Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Արցախի Վերաբերեալ Խորհրդարանական Հետաքննութիւն

Յաջորդը

Ընդունելով Դրամատուներու Միութեան Պատուիրակութիւնը` Սալամ. «Ելեւմտական Բացի Օրինագիծը Խորհրդարանին Մէջ Կը Գտնուի»

RelatedPosts

Սալամ. «Մեր Եղբայրներէն Ու Միջազգային  Գործընկերներէն Չենք Խնդրեր, Որ Մեր Գործը  Մեր Տեղ Ընեն, Այլ Մեզի Օգնեն»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ընտրութիւնները Յետաձգելու Կարող Միակ Կողմը Խորհրդարանն Է, Եւ Հըզպալլային Կոչ Կ՛ուղղեմ Երկիրը Նոր Արկածախնդրութեան Չտանելու»

February 25, 2026
Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի  Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ  Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին  Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»
Լիբանանեան

Ռաժժի. «Գոյութիւն Ունին Ցուցանիշեր, Թէ Մագլցումի Պարագային Իսրայէլ Կրնայ Ուժեղ Հարուածներ Հասցնել Լիբանանին Եւ Կրնայ Պէյրութի Օդակայանը Թիրախաւորել»

February 25, 2026
Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի  Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին  Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»
Լիբանանեան

Ֆատլալլա. «Խորհրդարանի Նստաշրջանի Երկարաձգում Պարտադրելու Արտաքին Միջամտութիւն Գոյութիւն Ունի»

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.