ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ
Քամպոտիան երկիր մըն է, որուն մասին թերեւս շատեր չեն լսած կամ քիչ բան լսած են: Անիկա Վիեթնամի եւ Թայլանտի միջեւ գտնուող հսկայ երկիր մըն է, որ այսօր ունի 181.035 քառ. քմ տարածութիւն, այսինքն Լիբանանէն 18 անգամ մեծ է եւ 17.640.000 բնակիչ ունի:
30 հոկտեմբեր 2025-ին այցելեցի Քամպոտիա եւ անոր մայրաքաղաքը` Ֆնոմ Փեն, որ գեղեցիկ եւ փոքր քաղաք մըն է Մեքոնկ եւ Թոնլէ գետերու հանդիպման վայրին վրայ:
Քամպոտիան հին երկիր մըն է, հարուստ` հնութիւններով եւ պատմութեամբ: Հոն գոյութիւն ունի Անխոր տաճարը, որ մօտաւորապէս 5 հազար տարուան հնութիւն է եւ կը նկատուի աշխարհի հնագոյն կառոյցներէն մէկը:
Այս մէկը իմ երկրորդ այցելութիւնս էր Քամպոտիա եւ այս անգամ մայրաքաղաքը այցելեցի, որպէսզի մօտէն սերտեմ այն ահռելի եւ ցաւալի դէպքերը, որոնք տեղի ունեցած են 1975-1979, եւ որոնց պատճառով 2 միլիոն անձեր մահացած են:
Այդ տարիներուն, երբ Վիեթնամի պատերազմը վերջացաւ ամերիկացիներուն պարտութեամբ, Քամպոտիան զինուորական եւ կուսակցական ծանր տագնապի մատնուեցաւ:
Համայնավար Կարմիր խմեր կոչուած կուսակցութիւնը ծայրայեղ ղեկավարներով տապալեց թագաւորական կառավարութիւնը եւ տէր դարձաւ Քամպոտիոյ` 17 ապրիլ 1975 թուականին եւ Նորոտոմ Սիհանուք թագաւորը ստիպուեցաւ փախչիլ երկրէն:
Այս Կարմիր խմերներուն զօրավարը Փոլ Փոթ կոչուած անձն էր, որ իր որոշումով Քամպոտիոյ բոլոր քաղաքները պարպել տուաւ` ամբողջ ժողովուրդը փոխադրելով դէպի դաշտերը, որպէսզի հողագործութեամբ զբաղին:
Այդ օրէն, այսինքն` 17 ապրիլ 1975-էն, քաղաքներու միլիոնաւոր բնակիչները փոխադրուեցան դէպի գիւղերը եւ դաշտերը` հողերը հերկելու: Տուները եւ գործարանները պարպուեցան, դպրոցները, համալսարանները եւ հիւանդանոցները փակուեցան, արգիլուեցան` կրօնը, ուսումը եւ դրամ կրելը. իւրաքանչիւր անձ կրնար միայն փոքր տոպրակով մը իր անձնական հագուստները եւ անհրաժեշտ իրերը փոխադրել:
Եւ այսպիսով, տուները եւ դռները բաց մնացին` առանց ոչ մէկ բնակիչի: Քամպոտիոյ ժողովուրդին առջեւ բացուեցան դժոխքի դռները: Նոր վարչակարգը սկսաւ հալածել իր հակառակորդները եւ սպաննել հին կառավարութեան պաշտօնեաները, գործակալները, մտաւորականները, հալածեցին նոյնիսկ ակնոց կրող անձեր` զանոնք ապագայի թշնամի նկատելով:
Նախկին քաղաքագէտներ, զինուորականներ եւ անոնց ընտանիքները սպաննուեցան` զաւակներով եւ կիներով: Հազարաւորներ բանտերուն մէջ հարցաքննութեան ենթարկուեցան: Նախկին դպրոցները, համալսարաններն ու պալատները վերածուեցան չարչարանքի կեդրոններու: Երկրին բանտերը այնքան շատցան, որ սկսան թիւով հաշուել:
Բանտերէն ամէնէն նշանաւորը Ֆնոմ Փեն մայրաքաղաքի բանտը եղած է: Այդ պատճառով ուզեցի անձամբ տեսնել եւ շօշափել ցաւալի իրականութիւնը: Այդպիսով, 31 հոկտեմբեր 2025-ին այցելեցի S=21 նշուած բանտը, որ ներկայիս վերածուած է Թուոլ Սլենկ ցեղասպանութեան թանգարանին, եւ իբրեւ նմուշ` ներկայացուած է զբօսաշրջիկներուն:
Երբ առտուան ժամը 9:00-ին ներկայացայ S=21 յիշուած բանտը, զանազան երկիրներէ եկած հարիւրաւոր զբօսաշրջիկներ շարքի կեցած էին եւ 5 տոլար վճարելով` իրաւունք կ՛ունենային մտնելու ու այցելելու այդ թանգարանը:
Առաջին երեւոյթը շատ ցաւալի էր:
Հազարաւոր նկարներ` կիներու, երիտասարդ տղոց կամ աղջիկներու, մեծամասնութիւնը` 13-35 տարեկան, որոնց միակ յանցանքը զինուորականի մը, յատուկ կուսակցականի մը, դպրոցականի մը կամ համալսարանականի մը զաւակը կամ ազգականը եղած ըլլալն էր, եւ անոնք խոստովանելէ ետք իրենց «յանցանքը», պիտի որոշուէր, թէ ի՛նչ ձեւով կը փափաքէին մեռնիլ…
Չարչարանքի գործիքները բազմազան էին ու բազմաթիւ` ելեկտրահար ընել, գլուխը ջուրի մէջ դնելով խեղդել, կախուիլ, փամփուշտով գնդակահար ըլլալ կամ` ողջ-ողջ թաղուիլ…
Ինչ որ տեսայ եւ լսեցի, 85 տոկոսը նախընտրած է փամփուշտով սպաննուիլ, որովհետեւ չարչարանքը աւելի նուազ էր:
Օրինակ, S=21 բանտը մտնող անձերը, ըստ վիճակագրութիւններուն, 18.782 հոգի եղած են` 7 ապրիլ 1975-էն մինչեւ 7 յունուար 1979, երբ Կարմիր խմերներուն վարչակարգը փուլ եկաւ: Հոն գտնուողներէն ողջ մնացած են միայն 7 անձեր, որոնցմէ 3-ը այժմ մեռած են, իսկ 4-ը տակաւին ողջ են եւ բանտին մաս կազմող մեծ պարտէզին մէջ կը ծախեն յիշատակի գիրքեր եւ իրենց անձնական յուշերու գիրքերը, ուր իրենց ամբողջ չարչարանքներն ու ողջ մնալու պատճառները յիշած են:
Առիթը օգտագործելով` թէ՛ իրենց գիրքերը գնեցի, թէ՛ ալ նկարուեցայ անոնց հետ, ապա հարց ու փորձով կրցայ աւելի մանրամասն հասկնալ եղած դէպքերը:
Հոն գտնուած ժամանակս, երբ սենեակ առ սենեակ կը նկարէի, շատ յուզիչ էր մթնոլորտը… զբօսաշրջիկներուն մեծամասնութեան աչքերը արցունքով լեցուած էին, անոնցմէ շատեր նոյնիսկ չկրցան շարունակել եւ ամբողջացնել իրենց այցելութիւնը:
Ես մեծ ճիգ թափեցի արցունքներս պահելու, շատ յուզուած էի եւ դժուարութեամբ ջանացի դիմանալ, մանաւանդ որ այդ նպատակով այցելած էի Քամպոտիա…
Հոն մնացի 4:30 ժամ… մինչ բարեկամներս, որոնք հետս էին, 1 ժամ ետք փախուստ տուին եւ ինծի դուրսը` ճաշարան մը ժամադրութիւն տուին:
Երբ այցելութիւնս ամբողջացուցի, ուզեցի այդ 4 կենդանի մնացած անձերուն հետ հանդիպիլ եւ յաջողեցայ հետերնին խօսիլ, մանաւանդ որ անոնցմէ երկուքը տարիքով մեծ ըլլալնուն` ֆրանսերէն կը խօսէին, որովհետեւ Քամպոտիա հին ֆրանսական Հնդկաչին (indochine) գաղութ (colony) մը եղած է:
Ամփոփ եւ կարճ ձեւով յիշեմ զիրենք.
1.- Պու Մէնկ (Bou Meng) անունով բանտարկեալը, որ զաւակներէն եւ կնոջմէն բաժնուեցաւ եւ անկէ ետք երբեք զանոնք չտեսաւ, որովհետեւ սպաննուեցան: Ինք ողջ մնաց, քանի որ գծագրիչ էր եւ Փոլ Փոթի դիմանկարը գծած էր, զինք ողջ պահեցին, որպէսզի քարոզչութեան ձեւով ղեկավարներու դէմքերը գծէ, եւ անոնք ճամբաները ցուցադրուին:
2.- Չում Մէյ բանտարկեալը ողջ պահեցին, որովհետեւ բեռնակառքի նորոգութեան մասնագէտ էր, որուն պէտք ունէին իրենց բեռնակառքերուն նորոգութեան համար:
3.- Նորնկ Չան Ֆալ եւ Քոք Թայ երկու փոքր եղբայրներ` 5 եւ 7 տարեկան, որոնք բանտարկուեցան, որովհետեւ իրենց հայրը զինուորական պաշտօնեայ էր. զայն սպաննելէ ետք զաւակները S=21 բանտը բերին, անոնց յանցանքը պարզապէս զինուորականի զաւակներ ըլլալն էր. իրենց մայրը, որ բժշկուհի էր, սպաննուեցաւ, որովհետեւ մեծ զինուորական մը բուժած էր անցեալին…
Այս երկու եղբայրները ողջ մնացին, քանի որ իրենց պաշտօն տրուեցաւ, որ բանտարկեալներուն ջուր բաժնեն. միայն 1 գաւաթ օրական, հակառակ անոր որ ջերմաստիճանը 40 աստիճան կ՛ըլլար…
Անոնք եւս իրենց ցաւալի պատմութիւնը պատմեցին, եւ ինչ որ իմացայ, հետագային Կարմիր խաչը զիրենք յատուկ կեդրոն մը փոխադրած է, անոնց հոգեկան վիճակը բուժած է, որովհետեւ անոնք աւելի քան 18.700 մեռելներու ականատես վկայ եղած են…
Երբ 4:30 ժամը ամբողջացուցի եւ բարեկամներուս միացայ ճաշարանը, չկրցայ բերանս պատառ մը դնել, ախորժակս փախցուցի եւ գիտեմ, թէ այդ 5 գիշերները, որոնք պանդոկը անցուցի, չկրցայ քնանալ… գրեթէ զղջացած էի Քամպոտիա այցելելուս:
Այն օրերուն հանդիպեցայ տարիքոտ բժիշկի մը, որ ինծի պատմեց, թէ ինչպէ՛ս Կարմիր խմերները հիւանդանոց մտնելով` բոլոր բժիշկներն ու հիւանդապահուհիները տարեր էին, զինք ալ հետերնին: Հիւանդները լքուած մնալով` շատերը մահացած էին, իսկ հետը աշխատող բժիշկներուն եւ հիւանդապահուհիներուն երբեք անգամ մը եւս չէր հանդիպած, յետոյ իմացած էր, որ մեծամասնութիւնը սպաննուած էր: Բժիշկը պատմած ատեն չկրցաւ շարունակել իր վկայութիւնը, քանի որ արցունքները զինք կը խեղդէին…
Քամպոտիոյ 8 միլիոն ժողովուրդը Կարմիր խմերներու վարչակարգի ընթացքին, 4 տարիներ շարունակ դժոխքի մէջ ապրեցաւ: 2 միլիոն անձ մահացաւ, եւ 8 միլիոնը 6 միլիոնի վերածուեցաւ, այսինքն ժողովուրդին մէկ չորրորդը անհետացաւ… Ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս` բնաւ յստակ պատասխան չունեցաւ ժողովուրդը… հայրեր, մայրեր, քոյրեր, եղբայրներ եւ զաւակներ անհետացան… նոյնիսկ յայտնի չեղաւ, թէ ո՛ւր էին անոնց գերեզմանները…
Ռուսիան եւ Չինաստանը, որոնք որդեգրած էին այս վարչակարգը, այնքան ապշեցան եղած ծայրայեղութենէն, որ հրաման տուին Վիեթնամին, որ Քամպոտիա մտնէ եւ տապալէ այս համայնավար ծայրայեղական վարչակարգը:
7 յունուար 1979-ին վերջապէս վիեթնամեան բանակը մտաւ Ֆնոմ Փեն եւ վերջ դրաւ այս գազաններու իշխանութեան:
Փոլ Փոթ եւ իր հետեւորդները դէպի անտառները փախան եւ շարունակեցին իրենց պայքարը… առանց ոչ մէկ արդիւնքի:
Նոր կառավարութիւն հաստատուեցաւ, Նորոտոմ Սիհանուք թագաւորը վերադարձաւ եւ ժողովուրդին արտօնութիւն տրուեցաւ վերադառնալու իրենց քաղաքները, կամաց կամաց վերաբացին` դպրոցները, համալսարանները, կրօնական կեդրոնները եւ հիւանդանոցները…
Քամպոտիոյ ժողովուրդը այս ողբերգութենէն ետք սկսաւ պահանջել` պատիժի ենթարկել պատասխանատու ղեկավարները եւ խիստ վճիռներ արձակել: Նոր կառավարութիւնը խոստացաւ, որ անպայման խիստ ձեւով պիտի պատժէր փախչող ղեկավարները:
Հոս է, որ ցաւալի բաժինը սկսաւ…
Երբ 4 տարի ետք ուզեցին դպրոցները եւ համալսարանները բանալ, ո՛չ աշակերտ կար, ոչ ալ` ուսուցիչ, հիւանդանոցները առանց բժիշկներու եւ հիւանդապահուհիներու մնացած էին, ստիպուեցան Չինաստանէն, Ռուսիայէն եւ Վիեթնամէն բժիշկներ եւ ուսուցիչներ բերել:
Այս ընդհանուր ցաւալի վիճակը մեծ վէրք մը ձգեց ժողովուրդին սրտին մէջ` ոչ միայն իրենց սիրելիները կորսնցնելուն պատճառով, այլ վրէժ կ՛ուզէր լուծել եւ անհամբեր վճիռ կը պահանջէր:
Ցաւալի պատմութիւն մը ի յայտ եկաւ նաեւ այս պարագային: 4 մեծ պատասխանատուներ անտառներու մէջ թաքնուեցան իրենց անձնական բանակով: Քամպոտիոյ նոր կառավարութիւնը որոշեց դատարան հիմնել եւ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հետ ուզեց համաշխարհային դատարան մը հաստատել: Բանակցութիւնները տեղի ունեցան: Քամպոտիան, աղքատ երկիր ըլլալով, պէտք եղած նիւթական ծախսերը չէր կրնար ապահովել եւ դուրսի` ՄԱԿ-ի դատաւորներուն ծախսերը չէր կրնար հոգալ…
Բանակցութիւնները երկար տեւեցին, եւ անհաւատալի ձեւով դատարանը հաստատուեցաւ 2006-ին, այսինքն` 27 տարի ետք, իսկ վճիռները տրուեցան 2017-ին…
Մինչ Փոլ Փոթ կոչուած ղեկավարը բնական անտառներուն մէջ բնական մահով կեանքէ հեռացաւ ազատ անկախ ապրելէ ետք, սրտի կաթուածի պատճառով, 1998-ին:
Խիէօ Սամֆան, Նիւոն Չէա եւ Քայնկ Կուէք 3 մեծ ղեկավարները եւս հանգիստ կ՛ապրէին խոր անտառին մէջ 2017-ին, այսինքն` 38 տարի ետք: Դատարանը զանոնք դատապարտեց ցմահ բանտարկութեան, սակայն…
Ինչպէ՞ս 1979-էն մինչեւ 2017 տեւեց այս դատը` 38 տարի… Իսկ ընդհանուր ծախսերը եղան 142 միլիոն ամերիկեան տոլար, որովհետեւ ՄԱԿ-ի դատաւորները, որոնք աշխատեցան տեղացի դատաւորներուն հետ, շքեղ պանդոկներու մէջ ապրեցան, շքեղ ճաշարաններու մէջ ճաշեցին եւ 38 տարի սերտեցին 2 միլիոն անհետացած մարդոց հարցը եւ հազարներով վկայութիւններ մտիկ ըրին:
Եզրակացութիւն
1979-ին վերջ գտաւ Կարմիր խմերներուն ոճրագործ իշխանութիւնը (7 յունուար 1979):
1979-էն մինչեւ 2005 Քամպոտիոյ եւ ՄԱԿ-ի դատաւորները չկրցան համաձայնիլ, թէ ի՛նչ ձեւով պիտի տանէին աշխատանքը, եւ թէ` որոշումները Քամպոտիո՞յ, թէ՞ ՄԱԿ-ի օրէնքներուն համեմատ պիտի հաստատուէին եւ որոշուէին:
Վերջապէս, 2006 թուականին, այսինքն` 26 տարի ետք, Քամպոտիոյ եւ ՄԱԿ-ի դատարանները սկսան իրենց աշխատանքին: Վերջնական վճիռը տրուեցաւ 2014-ին, 4 մեծ գլխաւոր ղեկավարները ցմահ բանտարկութեան դատապարտուեցան:
Փոլ Փոթ թիւ 1 զօրավարը եւ ճարտարապետը, որ 2 միլիոն անձերու մահուան պատճառ դարձած էր, արդէն մահացած էր 1998-ին:
Մնացած էին իր 3 գործակիցները, որոնք հիւանդութենէ եւ ծերութենէ մահացան, վերջինը` 2003-ին:
2014-ին, երբ Միջազգային դատարանը Քամպոտիոյ դատարանին միացած վերջնական որոշումներ տուաւ, պատասխանատու անձերը արդէն հանգիստ եւ անկախ ձեւով ապրած եւ մահացած էին, առանց որեւէ պատիժ կրելու:
Քամպոտիոյ ժողովուրդը ապշած եւ յուսախաբ մնաց, եւ անոնց վէրքը մինչեւ այսօր չէ սպիացած: Այս դատարաններուն վարուելակերպը եւ միլիոնաւոր տոլարներ ծախսելը ուղղակի գայթակղութիւն կը սեպուի…
Սկիզբը 4 տարի աշխարհը լուռ դիտեց քամպոտիացիներուն տառապանքը, 38 տարի ուզեց վճիռ արձակելն ու արդէն ղեկավարները դատապարտելը, որպէսզի վերջաւորութեան 2 էջի վրայ արձանագրուի ծիծաղելի որոշում, որ անգործադրելի է:
Այս բոլորը ինծի յիշեցուց Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի դատարանը, Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Ռուանտայի ջարդերը, որոնցմէ ոչ մէկը իր իրաւունքը ստացաւ…
Ճիշդ է, որ դրամն ու ուժը կ՛իշխեն, եւ վերջաւորութեան անոնք իրենց իրաւունքը կը ստանան, իսկ մնացածը իրենց իրաւունքին ի զուր թող սպասեն…
Ինչ կը վերաբերի, մարդկային իրաւունքներուն` անոնք շատոնց ոտնակոխ եղած են… եւ այդպէս ալ կը մնան:
Այս ձեւով ընթացած է աշխարհը, եւ այդպէս ալ միշտ կը շարունակուի:







