Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 21, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը կը գրէ, թէ սէուտական ճնշումները չեն յաջողած արգելք հանդիսանալ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հանրապետութեան միւֆթիի Տար Ֆաթուայի մէջ հրաւիրած տարեկան իֆթարին մասնակցութեան, հակառակ սէուտական դեսպանատան անուղղակի սպառնալիքին, թէ դեսպան Ուալիտ Պուխարին կրնայ իֆթարը պոյքոթի ենթարկել, եթէ Հարիրին ներկայ գտնուի:

Ըստ «Ախպար»-ի տեղեկութեան, սէուտական դեսպանատունը կէսօրին ապահովական պատուիրակութիւն մը ուղարկած է վստահ ըլլալու համար, թէ դեսպանը Հարիրիէն հեռու պիտի նստի, եւ դեսպան Պուխարի դիտաւորեալ կերպով իֆթարին ուշ հասած է ներկաներուն, մասնաւորաբար Հարիրիին բարեւելէ խուսափելու համար:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքներու ծոմապահութեան աւարտէն ետք հացի կապի գինը փոխելու շուրջ լուրջ քննարկում տեղի կ’ունենայ»:

. «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթ. «Հնգեակի խումբի դեսպաններուն միջեւ ընտրութիւններու յետաձգման շուրջ լուրջ խօսակցութիւն տեղի ունեցաւ, եւ ասիկա առաջին անգամն է, որ հարցը ամբողջովին յստակ ու անկեղծ կերպով կ՛արծարծուի»:

. «ԱՍԱՍ»-ի բացառիկ տեղեկութիւններուն համաձայն, «անցեալ օրերուն Պէյրութի մէջ շարք մը դեսպանատուներու, քաղաքական ու ապահովական ներկայացուցչութիւններու հասած են ապահովական ուղղակի նամակներ, որոնք յստակ կոչ կը պարունակեն ապահովական անհրաժեշտ քայլերը որդեգրելու, մասնաւորաբար հարաւային Լիբանանի մէջ»:

. ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Լիբանան վճռորոշ շաբաթներու առջեւ կանգնած է, եւ իշխանութեան երեք պետերուն Հըզպալլայի հետ հաղորդակցութիւնները կը կեդրոնանան յարձակումի ենթարկուելուն պարագային Իրանին թիկունք կանգնելու որեւէ պատերազմի մէջ չմտնելուն վրայ, եւ Պաապտայի ու Հարաւային արուարձաններուն, ինչպէս նաեւ Այն Թինէի եւ Հարաւային արուարձաններուն միջեւ հաղորդակցութեան բաց կապեր կան»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ». «Լիբանանեան բանակը երեքշաբթի օր Գահիրէի մէջ գումարուելիք համակարգման ժողովի ընթացքին պիտի ներկայացնէ ներկայ փուլի պահանջները եւ պահանջուած աջակցութիւնը, որպէսզի բանակը յաջողի իր իշխանութիւնն ու վերահսկողութիւնը տարածել լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ»:

. «ԱՆՊԱ ԷԼԵՔԹՐՈՆԻԱ»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, բանակի հրամանատարը, սէուտցի պատուիրակ Եզիտ Պըն Ֆարհան իշխանը, ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիան, քաթարցի պատուիրակ Մոհամետ Խլէյֆի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա պիտի մասնակցին Գահիրէի ժողովին»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Հնգեակը բանակի հրամանատարէն բացատրութիւններ խնդրեց Լիթանիի հիւսիսը բանակի աշխատանքը խանգարող խոչընդոտներուն մասին, եւ արդեօք ներքին կողմ մը ճնշում կը բանեցնէ՞ զէնքը չյանձնելու, ներկայ փուլը յետաձգելու կամ այս ծիրին մէջ չգործակցելու համար»:

. ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ասաս»-ին. «Հնգեակ յանձնախումբին կարծիքով` լիբանանեան կառավարութեան զէնքի թղթածրարին վերաբերեալ որդեգրած վերջին որոշումները տակաւին բաւարար չեն եւ զէնքը պետութեան մենաշնորհը դարձնելու մօտեցումին մէջ վճռական փոփոխութիւն չեն արտացոլեր»:

. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ շրջանակներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Զօր. Հայքալ բանակին աստիճանաբար իր կարողութիւնները ապահովելու եւ խոչընդոտները վերացնելու կարիքին համար ժամանակի կարօտ ըլլալուն նկատմամբ դեսպաններուն «հասկացողութիւն»-ը ապահովեց, եւ այդ «հասկացողութիւն»-ը կ՛արտացոլէ Հնգեակի պետութիւններուն գիտակցումը, թէ չափազանց ճնշումը կրնայ հակառակ արդիւնքներուն յանգեցնել»:

. «ԱՆՊԱ» օրաթերթ. «Վերստին շրջանառութեան մէջ ու քննարկումի դրուեցաւ քայլի դիմաց քայլ գաղափարը, այսինքն` Հըզպալլան կ՛առնէ քայլ մը, որուն դիմաց Իսրայէլ մէկ այլ քայլ կը կատարէ, եւ ամերիկեան կողմը որոշ  ծիրի մէջ այս է, որ կ՛առաջարկէ»:

. ԼԱՒԱՏԵՂԵԱԿ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին. «ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Սաատ Հարիրիի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ հանդիպումը կարեւորագոյն հանդիպումն էր, եւ զարմանալին մինչեւ երէկ նախագահ Աունի կամ վարչապետ Սալամի հետ չհանդիպիլն է, մանաւանդ որ Հարիրի այսօր Պէյրութէն Ապու Տապի մեկնեցաւ»:

. 95 եւ 98 օքթան պենզիններու գիները բարձրացան 8000 լ.ո.-ով եւ յաջորդաբար հասան 1.793.000 լ.ո.-ի եւ 1.836.000 լ.ո.-ի, մազութին գինը բարձրացաւ 4000 լ.ո.-ով եւ հասաւ 1.380.000 լ.ո.-ի, իսկ պիւթակազին գինը մնաց անփոփոխ` 1.384.000 լ.ո.:

Նախորդը

Գ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Անարդար Պարտութիւն Կրեց

Յաջորդը

Ըստ Քուէյթեան «Անպա» Օրաթերթին. Ամերիկացի Զինուորներ Վար Առած Են Բանակի Համաթի Ռազմակայանին Վերեւ Թռիչք Կատարող Անծանօթ Անօդաչու Թռչող Սարք Մը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.