Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. «Էն. Պի. Էյ.»-էն Լուրեր

February 20, 2026
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները այսօր կը շարունակուին, «Օլ Սթար»-ի անցեալ շաբթուան դադարէն ետք:

Դադարէն շատեր չօգտուեցան, մանաւանդ որ մեծ թիւով մարզիկներ վիրաւոր են, անոնցմէ մաս մը վիրաբուժութեան ենթարկուած է, իսկ ուրիշներ իրենց նոր խումբերուն հետ փորձեր կը կատարէին:

Մեմֆիս Կրիզլիզի աստղերէն Ճա Մըրենթ արմուկի ցաւէ կը տառապի եւ հաւանական է, որ բացակայի քանի մը մրցումներէ, մինչ իր խմբակից Քենավիըս Քալտուել-Փոփ կոտրած մատի գործողութեան պիտի ենթարկուի:

Քլիվլենտ Քեվելիրզ վերջապէս ընդհանուր խումբով փորձ կատարեց մանաւանդ Ճէյմս Հարտընի վերադարձով` մասնակցելէ ետք «Օլ Սթար»-ի մրցումին: Ֆիլատելֆիա 76-ըրզի աստղերէն Ժոել Էմպիիտ անգամ մը եւս վիրաւորուած է եւ շատ հաւանաբար բացակայի Աթլանթա Հոքսի դէմ մրցումէն` աջ սրունքի մկանի բորբոքումի պատճառով:

Սաքրամենթօ Քինկզի սենթըր Տոմանթաս Սապոնիս եւ կարտ Զաք Լավին վիրաբուժական գործողութիւններու ենթարկուեցան եւ այս եղանակին չեն կրնար վերադառնալ: Սապոնիս, որ երեք անգամ «Օլ Սթար»-ի մրցումի մասնակցած է մենիսքուսի պատռուածք ունի, մինչ Լավին ճկոյթ մատի մէկ ջիղը վնասուած էր:

Միւս կողմէ, Չարլոթ Հորնեթցի փլէյ մէյքըր Լամելօ Պոլ ինքնաշարժի արկած ունեցաւ, բայց չվիրաւորուեցաւ եւ շատ հաւանաբար բնական ձեւով շարունակէ ախոյեանութիւնը` այսօր հիւրընկալելով Հիուսթըն Ռոքեթցը:

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան լաւագոյն գնդակը կառավարելու կարողութիւններ ունեցող մարզիկը` Քայրի Ըրվինկ, որուն վերադարձը կը սպասուէր «Օլ Սթար»-ի մրցումէն ետք, մինչեւ տարեշրջանի աւարտը պիտի չվերադառնայ, ըստ Տալաս Մեւրիքսի մէկ բանբերին:

Գերմանացի կարտ Տենիս Շրէօտըր ըստ երեւոյթին մրցանիշ պիտի արձանագրէ բազմաթիւ տարբեր խումբերու հետ խաղալով:

32 տարեկան Շրէօտըր, որ Գերմանիոյ ազգային խումբին խմբապետն է, ամրան 3 տարուան պայմանագիր ստորագրած էր Սաքրամենթոյի հետ, բայց անցեալ շաբաթ ան փոխանցուած է Քլիվլենտ Քեվելիրզ:

2020-էն ի վեր «Էն. Պի. Էյ.»-ի մարզիկ դարձած Շրէօտըր իր 11-րդ ակումբին միացաւ` Աթլանթայէն, Օքլահոմայէն, Լոս Անճելըս Լէյքըրզէն, Պոսթըն Սելթիքսէն, Հիուսթըն Ռոքեթցէն, Թորոնթօ Ռեփթըրզէն, Պրուքլին Նեթցէն, Կոլտըն Սթէյթէն, Տիթրոյիթէն եւ Սաքրամենթոյէն ետք:

Ասիկա առիթ պիտի ըլլայ Շրէօտըրին, որ փլէյ օֆի մրցումներուն մասնակցի` նկատի ունենալով, որ եթէ Սաքրամենթօ մնար, յոյս չէր ունենար ատոր: Սաքրամենթօ իր 56 մրցումներէն 44-ն պարտուած է եւ գրեթէ յոյս չունի փլէյ օֆի հասնելու, մինչ Քլիվլենտ Արեւելեան շրջանի 4-րդ լաւագոյն խումբն է:

Նախորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. «Մենք Արցախը Վաճառեցինք Կամայ Թէ Ակամայ» (38-Ամեակ)

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ «Կաղալո՞ւ» Սկսաւ

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.