Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Փետրուրեան Ապստամբութիւնը Խորհուրդ Է, Դէպքերու Յաջորդականութիւն Ըլլալով Հանդերձ (105-Ամեակ)

February 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ներկայ ժամանակներուն բարեբախտութիւն է ըլլալ զաւակը ժողովուրդի մը, որ գիտակից է իր ազգային պատկանելիութեան, ունի ճանաչողութիւն ու յարգանք իր անցեալի պատմութեան եւ կ՛ապրի` հաւաքական յիշողութիւնը սրտին ու մտքին մէջ:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ ան կռնակ դարձուցած ըլլայ կեանքի յարափոփոխ ու սրընթաց զարգացումին, մօտէն չ՛առնչուի նորովի ըմբռնումներու, տեսակէտերու վերլուծութիւններու եւ քննադատական մօտեցումներու, որոնք ընդհանրապէս մաս կը կազմեն արդի կեանքին ու հաւաքականութիւններու առօրեային:

Ըսել ուզուածը այն է, որ իւրաքանչիւր ազգի զաւակ, որքան ալ յառաջադէմի կենսաձեւ որդեգրած ըլլայ, արդի պայմաններէ թելադրուած համահունչ կեցուածք, մտայնութիւն եւ ապրելակերպ ունենայ, լրջութեամբ յագեցած պարտադրանք մը կը կրէ ուսերուն` ցոյց տալու հաւատարիմի ու երախտագէտի իր հասունութիւնը, ազգային արժանապատուութեան չափանիշն ու կենսունակ ապրելու համոզումը:

Արդ, ինչո՛ւ վերեւի ընդգծումը, պարզապէս որովհետեւ արդի կեանքի կիզակէտին գտնուող նորահաս սերունդը, որ ենթակայ է խայտաբղէտ յորձանուտերու եւ լպիրշ ազդեցութիւններու, եթէ երբեք սեփական պատմութեամբ զրահաւորած ըլլայ ինքզինք ու անով դաստիարակուած, յայտնապէս պիտի կարենայ իրարմէ զանազանել ճիշդն ու սխալը եւ թշնամի որոգայթներ դիմակայել:

Անշուշտ խօսքը կը վերաբերի հայու տեսակի, դիմագիծի, պահուածքի ու ազգային արժանապատուութեան պաշտպանութեան, որոնցմով հաւաքականութիւնը պիտի կարենայ տոկալ, զարգանալ ու բարգաւաճիլ:

Այս պարագային, մտահան պէտք չէ ընել ճշմարտութիւն մը, որ կը վերաբերի մեր ազգի արդի պատմութեան մէկ դիպաշարին, երբ կարմիր բռնակալութիւնը իր պոլշեւիկ մանկլաւիկներով փորձեց ճզմել ժողովուրդի մը կամքն ու տոկունութիւնը, ալան-թալանի, սպանդի թէ ձերբակալութիւններու միջոցով, որովհետեւ հայութիւնը այս կամ այն պատճառով` 1918-ի անկախութիւնը կորսնցուցած էր եւ ինկած երկու թշնամիներու` ռուսին եւ թուրքին, ահաւոր ճնշումներու տակ:

18  փետրուար 1921:

105 տարի առաջ ժամանակակից պատմութեան էջերուն արձանագրուած է հայութեան կատարած ապստամբական արարքի հեքիաթային դիպաշար մը, որ ունէր համաժողովրդական տարողութիւն, աջակցութիւն եւ թիկունք, իսկ ամէնէն ուշագրաւը կը հանդիսանար այն, որ տուեալ պոռթկումը լոյսին կու գար գիւղացիական շրջաններէ եւ երբեմնի ֆետայական շարժումին մասնակիցներու  ձեռամբ:

Բառին ամէնէն վաւերական իմաստով ազգային մակարդակի ըմբոստութիւն մըն էր` ընդդէմ զազրելի ոճիրներու, սանձազերծ ձերբակալութիւններու, թալանի եւ աւազակաբարոյ վերաբերումներու, որոնք կը կատարուէին կարմիր դրօշին տակ, այսպէս ըսած, յանուն համայնավար բռնակալութեան տարածումին:

Փաստօրէն, Լենին-Քեմալ հրոսակախումբի բացայայտ գործակցութեամբ եւ ուղղակի ճնշումով` Հայաստանի իշխանութիւնը, օրուան մութ եւ անել կացութիւնը գնահատելէ ետք, կը ստիպուէր ընթացք տալ համայնավար վարչակարգին, եւ Դրօ-Լըքրան համաձայնութեամբ պիտի կատարուէր խաղաղ իշխանափոխութիւն:

Պատմութիւնը կը վկայէ, որ ինչպէս այլ երկիրներ համայնավարութեան մուտքը հեզասահ ընթացք չունեցաւ, նոյնպէս Հայաստանի պարագային կը ստեղծուէր ահ ու սարսափի մթնոլորտ, որով պոլշեւիկները ուզեցին ահաբեկել ժողովուրդ մը ամբողջ եւ հաստատել կարմիր վարչակարգ:

 

Հայոց պարագային ճակատագրի դառնութիւնը իր աւերները գործած էր:

 

Հայութիւնը, շնորհիւ մայիսեան հերոսամարտերուն, կրցած էր իր անկախութիւնը հռչակել եւ լծուիլ պետականաշինութեան աշխատանքին: Սակայն երկու տարի ետք կորսնցուցած էր զայն, որովհետեւ աշխարհաքաղաքական մրցակցութիւններ ու ռազմական գործընթացներ յանգած էին հայութեան պարտութեան:

Փաստօրէն, հակառակ համայնավար վարչակարգի հետ համաձայնութեան, արիւնարբու պոլշեւիկ զանգուածը մուտք կը գործէր Հայաստան արեան հեղեղի ու սպանդի մթնոլորտի մէջ:

 

Հեղձուցիչ այս պայմաններուն տակ հայ գեղջուկը կ՛ըմբոստանայ ու զէնք կը բարձրացնէ պաշտպանելու իր ազգային արժանապատուութիւնն ու ազատութեան  խորհուրդը:

Համատարած պոռթկումին ղեկը կը ստանձնէ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն, որ կը լծուի շրջաններու կազմակերպումին եւ ինքնապաշտպանութեան:

Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ շարժումը կը ծաւալի: Հայութեան ըմբոստ ոգին արթնցած էր, եւ պայքարի կամքը շիկացած` ընդդէմ համայնավար հորդաներու, որոնք արդէն ձերբակալած ու կացինահար ըրած էին բազում ազգային գործիչներ:

Երեւանի բանտը արեամբ ներկուած էր: Կացինահարուած ու խողխողուած էին աննման ֆետայիներ, մտաւորականներ ու յեղափոխականներ:

Շնորհիւ ապստամբական շարժումին, բանտերէ ազատ արձակուած էին մեծ թիւով հայ մտաւորականներ ու գործիչներ: Բռնակալութիւնը տապալած էր: Հայուն վերադարձած էր ազատութեան շունչն ու պատուով արարելու գիտակցութիւնը:

Փաստօրէն, 42 օր տեւած էր հեքիաթային ապստամբութիւնը: Համայնավար խունթայի պարագլուխներ` Կասեան-Նուրիջանեան-Աթաբեկեան ահաւոր հարուած ստացած էին ու փախուստի դիմած:

Եռագոյնը դարձեալ կը ծածանէր հայ պետական կառոյցներու գագաթին:

Արդ, ինչպէս անցեալին, նաեւ այս օրերուն առկայ են բոպիկ մտայնութեան տէր անձինք, որոնք Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը նկատեն «եղբայրասպանութիւն», «արկածախնդրութիւն» եւ «դաւաճանութիւն», իսկ ամէնէն ծիծաղելին` անոնք փորձ կը կատարեն խծբծել ու նսեմացնել պատմական դիպաշար մը, որ արժանահաւատ է ու անշրջանցելի:

Գոյութիւն ունի ողբերգութեան միւս երեսը, երբ տկլոր ուղեղով մարդիկ յաճախ կը փորձեն Փետրուարեան ապստամբութիւնը վերագրել ՀՅ Դաշնակցութեան, պարզապէս յագեցնելու իրենց մոլուցքը:

Անոնք մոռացութեան կու տան ճշմարտութիւն մը, որ արձանագրուած է հայ կեանքի հաւաքական յիշողութեան մէջ, թէ Փետրուարեան ապստամբութիւնն ու նման յեղափոխական արարքներ, խորհրդանիշ են ազատութեան ու պատուով ապրելու հայու խոր գիտակցութեան:

Այսօր ի զուր կը փորձուի խեղաթիւրել հայու գաղափարական միտքը եւ արժեզրկել ազգային ըմբռնումներն ու աւանդապահի պահուածքը:

 

 

 

Նախորդը

105-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

Յաջորդը

Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան Եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.