Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

105-Ամեակ Փետրուարեան Ապստամբութեան. Փետրուարեան Հերոսական Ապստամբութիւնը

February 18, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պարտուած դուրս գալով Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն, 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն:

Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք պոլշեւիկեան յեղկոմը` Սարգիս Կասեանի գլխաւորութեամբ եւ զինուորական գործերու ժողովրդական կոմիսար Աւիս Նուրիջանեանի ու Չեկայի (արտակարգ յանձնաժողով) նախագահ Գէորգ Աթարբէկեանի  ղեկավարութեամբ, ձեռնարկեց բռնութիւններու:

Ժողովուրդին թալանը եւ պաշտօնական կողոպուտը կ՛իրականացուէին քաղքենիութիւնը սեփականազրկելու կարգախօսով:

Հայկական բանակի սպաները Ռուսիա աքսորուեցան կամ Պաքուի բանտերուն մէջ արգելափակուեցան:

Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը Հայաստանէն ջնջելու առաջադրանքով յեղկոմը զանգուածային ձերբակալութիւններու ձեռնարկեց: Բանտարկուեցան Յովհաննէս Քաջազնունի, Համօ Օհանջանեան, Նիկոլ Աղբալեան, Ռուբէն Դարբինեան, Համազասպ Սրուանձտեան, Լեւոն Շանթ, Աւետիք Սահակեան, Վահան Նաւասարդեան եւ ուրիշներ:

* * *

Համատարած հալածանքներու եւ ձերբակալութիւններու մթնոլորտին մէջ,  13 փետրուար 1921-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, եւ որոշուեցաւ ապստամբութիւն բարձրացնել: Ապստամբ ուժերու պետ նշանակուեցաւ Կուռօ Թարխանեան:

Ապստամբութիւնը սկսաւ տարերայնօրէն: Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները հետզհետէ սաստկացան եւ ընդգրկեցին Կոտայքը, Բաշ Գառնին, Դարալագեազը, Բաշ Ապարանը եւ այլ շրջաններ:

Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութամբ, ապստամբ ուժերը մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:

Ապստամբները Երեւանի բանտէն ազատեցին բազմաթիւ մտաւորականներ, պետական եւ քաղաքական գործիչներ: Նաեւ դուրս բերին կացինահարուածներու` Համազասպ Սրուանձտեանի, Նիկոլայ Ղորղանեանի, Հրանդ Տէր Մարգարեանի, Երանոս Թարվերդեանի եւ այլոց դիակները:

Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն պոլշեւիկեան իշխանութիւնը վերացած հռչակեց:

* * *

Երեւանէն պարտուած դուրս ելած պոլշեւիկեան ուժերը համախմբուեցան Ղամարլուի եւ Վեդի Բասարի մէջ եւ տասնմէկերորդ կարմիր բանակին հետ միասին արշաւեցին մայրաքաղաքին վրայ:

Ռուսական տասնմէկերորդ բանակի շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններու պայմաններուն տակ, ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ եւ դիմադրութիւնը այլեւս հեռանկար չունէր: Յաւելեալ արիւնահեղութենէ խուսափելու համար ապստամբները նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:

Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Համայնավար վարչակարգը վերահաստատուեցաւ Հայաստանի մէջ: Յեղկոմի ղեկավար նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեան:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Փետրուրեան Ապստամբութիւնը Խորհուրդ Է, Դէպքերու Յաջորդականութիւն Ըլլալով Հանդերձ (105-Ամեակ)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.