Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

February 16, 2026
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

. ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ աղբիւր մը «Ժումհուրիա» օրաթերթին. «Երկուշաբթի օր նախագահական պալատին մէջ գումարուելիք նախարարաց խորհուրդի նիստը որեւէ որակական որոշում պիտի չտայ, որովհետեւ բանակի ծրագիրի մանրամասնութիւնը, ատոր յարմարութիւնները, բարդութիւնները եւ անոր շուրջ գոյութիւն ունեցող զգայնութիւնները, որոնք նախապէս նախորդ նիստերուն ներկայացուած էին, կրկին պիտի քննարկուին: Ասիկա կը նշանակէ, թէ Լիթանիէն հիւսիս բանակի ծրագիրի երկրորդը նկատուող փուլը սկսելու մասին խօսակցութիւնները տակաւին շատ կանուխ են»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Երէկ ստացուած հաստատումները ցոյց կու տան, թէ բանակին աջակցելու Փարիզի խորհրդաժողովը պիտի կայանայ նախատեսուած ժամանակին` 5 մարտին, եւ որուն մինչեւ այս պահս պիտի մասնակցին շուրջ 52 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ, իսկ նախապատրաստական հանդիպումը պիտի կայանայ յաջորդ շաբաթ»:

. «ՏԻԱՐ» օրաթերթի տեղեկութեան համաձայն, «նախագահ Աունի եւ երեսփոխան Ռաատի միջեւ վերջին հանդիպումին սրտերուն մէջ եղածին անկեղծ արտայայտութիւն տեղի ունեցաւ եւ անդրադարձ կատարուեցաւ մանրամասնութիւններուն, եւ զինեալ խմբաւորումներ ու «մաքրագործում» եզրերուն, ինչպէս նաեւ շէյխ Քասեմի արտասանած խօսքերէն մէկուն մէջ նշուածին, եւ սխալ հասկացողութիւնները վերացուեցան»:

. ԸՍՏ «Տիար» օրաթերթի տեղեկութեան. «Բանակի տեղեկագիրը շրջանի անուններ եւ ժամանակացոյցի ճշդում չի պարունակեր: Երկրորդ փուլին շուրջ նախագահ Աունի, վարչապետ Սալամի եւ Հըզպալլայի միջեւ քննարկումը բարեկամական է, հակառակ այդ առնչութեամբ սպրդած լուրերուն»:

. ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Քապալան Քապալան «Լիուա» օրաթերթին. «Պըրրիի եւ իմ թեկնածութիւններուն պաշտօնապէս առաջադրումը կը նշանակէ ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու վճռում, եւ ձգձգման, յետաձգման եւ որեւէ քաղաքական խուսանաւումի առիթ գոյութիւն չունի»:

. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեան, «Մուսթաքպալ հոսանքի ընտրական դաշինքներուն ճամբու քարտէսը գրեթէ պատրաստ է, որովհետեւ կարծիքները համախմբուեցան շարք մը անուններու շուրջ, որոնք անոր շրջանակէն են եւ պիտի ըլլան անոր ընտրական ցուցակին մէջ, եթէ ընտրութիւններուն մասնակցի` շեշտը դնելով Հարիրիին կողքին մնալու առումով անոնց յուսալիութեան ապահովման վրայ»:

. ԸՍՏ «Ախպար» օրաթերթի տեղեկութեան, «Պահիա Հարիրին ու անոր որդին` Ահմետը Սայտայի մէջ իրենց թեկնածութիւնը պիտի առաջադրեն, իսկ Սաատ Հարիրին պիտի հսկէ նախապատրաստական աշխատանքներուն ու ընտրապայքարին (կրնայ Պէյրութի մէջ ըլլալ), առանց որ անպայման իր թեկնածութիւնը առաջադրէ»:

. «ԱԽՊԱՐ» օրաթերթ. «Հարաւային արուարձաններուն մէջ բնակութեան մեծ տագնապ գոյութիւն ունի` վարձքերու գիներուն պատճառով, այդ գիները ամսական առնուազն 300 տոլարէն կը հասնին 600 տոլարի, եւ երբեմն ալ աւելիին»:

. ՇՐՋԱՆԱԿՆԵՐ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Հըզպալլան որոշում տուաւ կառչելու զէնքին, նոյն ատեն նախագահ Աունի եւ վարչապետ Սալամի հետ յարաբերութիւնները հանդարտեցնելու, երբ ներքին վերատեսութեամբ եզրակացուց, որ երկու ղեկավարներուն հետ բախումը ապացուցեց, որ պաշտօնական դիրքորոշման հակասելը կուսակցութեան շահերէն չի բխիր»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Ուաֆիք Սաֆան տակաւին քուլիսներու ետին կը գործէ իրեն հաւատարիմ խումբերու ճամբով` ազդելու համար Հըզպալլայի ղեկավարութեան կազմակերպական կառոյցը վերահսկողութեան տակ առնելու քայլերուն, եւ ան կը կանգնի կեղծիքի թղթածրարի հարցով դատական հետապնդումի ենթարկուողի մը զօրակցութեան արշաւին ետին, ինչ որ ոմանք կուսակցութեան նոր երթին ընդդիմանալու պատգամ նկատեցին»:

. ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրները «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սուրիոյ հետ գերիշխանական ուժերու գործակցութիւնը այլեւս արտակարգ չէ: Վերջ գտաւ այն ժամանակը, երբ Սուրիա այցելութիւնը ներլիբանանեան բեմին մէջ ներդրման համար էր, եւ այլեւս կը գտնուինք Լիբանանին բարիքը ուզող նոր Սուրիոյ մը առջեւ»:

. «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Թաննուրինի հիւանդանոցի թղթածրարը բացաւ կառավարական հիւանդանոցներու մեծամասնութեան թղթածրարը, եւ առողջապահութեան նախարարը շրջաբերական մը յղեց քաղաքային ծառայութեան խորհուրդին` նշեալ հիւանդանոցներուն մէջ անհրաժեշտութեան պարագային վարչական խորհուրդի պետի նշանակման քննութիւններ կատարելու»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Հետաքննութիւնները մեծ մասամբ աւարտած են, եւ դատախազ Պիթարը նոր հարցումներ պիտի ներկայացնէ արբանեակային լուսանկարներու վերաբերեալ` իր որոշումին վաւերականութիւնը ապահովելու եւ բողոքարկումները կանխարգիլելու համար. անիկա հիմնուած պիտի ըլլայ իրաւական փաստերու վրայ»:

. ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Անպա» օրաթերթին. «Ներկայ պայմաններուն մէջ պետական մարզի պահանջներու իրագործումը կարելի չէ, եւ աշխատանք կը տարուի գտնելու այլընտրանքային լուծումներ, որոնք պետութեան գանձարկղին մէջ բաց չեն ստեղծեր, ինչպէս պատահեցաւ 2018 թուականին ամսականներու ցուցակի ճշդման որոշումի որդեգրման պարագային»:

. ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ աղբիւր մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Ներքին ապահովութեան ուժերու Շիահի մէջ կատարած խուզարկումները եւ զէնքերու պահեստաւորման ու առեւտուրի համար օգտագործուող տունի մը գրաւումը մաս կը կազմեն կազմակերպուած ոճիրի դէմ պայքարին եւ կուսակցական որեւէ բնոյթ չեն կրեր»:

. ԱՂԲԻՒՐ մը «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հարցը կը վերաբերի զէնքի վաճառականներուն եւ կապ չունի որեւէ կուսակցական կողմի հետ կամ Լիթանի գետէն հիւսիս զէնքի թղթածրարին հետ, եւ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ներքին ապահովութեան ուժերը այսպիսի գործողութիւններ կը կատարեն»:

. «ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հոկտեմբեր 2023-էն ի վեր Լիբանանի մէջ Իսրայէլի հետ գործակցութեան կասկածանքով 41 ձերբակալեալներ գոյութիւն ունին:

 

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Նկատմամբ Քրէական Հետապնդում Յարուցուեցաւ, Անոր Արգիլուեցաւ Լքել Երկիրը

Յաջորդը

Այցելելով Հարիրիի` Ժոմպլաթ. «Ընտրութիւններ Կան, Եւ Անոնց Պատրաստ Ենք»

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.