Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

February 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

«Այս կռիւը (Վարդանանց) զէնքի
զօրութեան կռիւ չէ, այլ` գաղափարի»:

ԵՐՈՒԱՆԴ ՔՈՉԱՐ
Հայազգի աշխարհահռչակ քանդակագործ

Այս օրերուն ինքզինք պարտադրող հարցադրում մըն է վերեւի խորագիրը, այն առումով, որ ժամանակի, գիտութեան, ընկալումներու թէ ըմբռնումներու արագասոյր փոփոխութեան ու զարգացման առընթեր, ցաւ ի սիրտ, մարդկային միտքն ու հոգին է, որ, իր կարգին, ենթակայ կը դառնայ ահաւոր ու վախազդու ազդեցութիւններու, որոնք ոչ միայն կը նսեմացնեն ազգային արժէքներն ու հաւաքական յիշողութիւնը, այլ պատճառ կը դառնան նորահաս սերունդի հոգեմտաւոր աշխարհի այլանդակման:

Սա չի նշանակեր երբեք, որ կեանքի յառաջդիմութիւնը մերժելի երեւոյթ է, կամ բարերար օգտակարութիւն ու նպաստ չունի ժողովուրդի կեանքին մէջ, հետեւաբար պէտք է վանել զայն, այլ ընդհակառակը, այնքան ատեն որ յառաջդիմութիւնն ու զարգացումը կը պարգեւեն մտքի պայծառութիւն, հանգստութիւն ու դէպի լաւին ձգտելու նախանձախնդրութիւն, անիկա աւելի  քան հրամայական պահանջ է` կեանք ըսուած իրականութիւնը լաւապէս հունաւորելու եւ հաւաքական կեանքը առաւել շէնացնելու:

Այո՛, խօսքը կը վերաբերի գաղափարայնութիւն կոչուած մտքի հասունացման, որ իր արտայայտութիւնը կը գտնէ, մարդկայինին առընթեր, հաւաքական կեանքի  տարբեր ոլորտներուն մէջ, ինչպէս` պետականութիւն, հաւաքական յիշողութիւն ու ազգային արժանապատուութիւն եւ այլն, որոնցմով կը զատորոշուին մեծ թէ փոքր ազգեր ու հաւաքական առանձնայատկութիւն ունեցող ժողովուրդներ:

Ահա թէ ինչո՛ւ, հայութեան պարագային, ազգային հերոսութիւնը իր այլազան իմաստով եւ բացատրութեամբ ներշնչման աղբիւր է եղած դարեր շարունակ:

Հերոսութիւն` յանուն հայրենիքի, պետականութեան, ազգային թէ կրօնական ըմբռնումներու պաշտպանութեան եւ առանձնապէս հայու տեսակի գոյատեւման:

Աւելի՛ն. իբրեւ «փոքր ածու», ի հայրենիք թէ սփիւռս աշխարհի, երբ դարեր շարունակ, դպրոցական գրասեղաններէն սկսեալ մինչեւ հայ մամուլի էջեր, լոյսին եկած են ազգային յիշատակումներ` տօներու եւ տարեդարձներու, անոնք յայտնապէս նպատակադրած են դաստիարակել, շունչ ու ոգի սնուցանել, հոգեպէս զինել նորահաս սերունդի զաւակները, վառ պահելու պատմական իրողութիւնները, որոնք մեծապէս կ՛առնչուին ազգային դէմքերու եւ դէպքերու` առհասարակ:

Թէկուզ եւ այդ տուեալ դիպաշարերը յագեցած ըլլային զգացականութեամբ թէ հեքիաթային շղարշներով, ուռճացուած`խորքով ու ծաւալով, այդուամենայնիւ անոնք մաս կը կազմեն ազգային շտեմարանին, սխրանքին եւ հերոսապատումին:

Միթէ նման առանձնայատկութիւն պարփակող հերոս անձնաւորութիւններ  չե՞ն եղած Հայկ նահապետը, Սասունցի Դաւիթը, Փոքր Մհերն ու շա՜տ շատեր:

451 թուական, Վարդանանց պատերազմ:

1575 տարիէ հայութիւնը կը նշէ Վարդան Մամիկոնեանի եւ զինակիցներուն յիշատակը: Ճիշդ է, որ դարերու ծանրութիւնը իջած է տուեալ դիպաշարին վրայ, իսկ հայութիւնը ճեղքելով պատմութեան թաւալքն ու գոյութենական պայքարի տարբեր ոլորտները` հասած է մեր օրերը, ունի պետականութիւն, բանակ ու ազգային դրօշ:

Հայոց պետականօրէն ընդունած քրիստոնէութիւնը (301թ.), ժամանակ մը ետք դէմ յանդիման գտնուեցաւ սպառնալիքի մը`ազգովին ընդունելու զրադաշտական կրօնը: Սասանեան Պարսկաստանի ղեկին գտնուող Յազկերտ Բ. կ՛ուզէր հայութիւնը իր հոգեմտաւոր ինքնութենէն պարպել, հոգեձուլել:

Ոսկեդար (406թ.) կերտած հայութիւնը, իր արձանագրած նուաճումներուն եւ յաջողութիւններուն զուգահեռ, կը դիմագրաւէր երկու կայսրութիւններու` մէկ կողմէ  Բիւզանդիոնի եւ միւս կողմէ` Պարսկաստանի աշխարհակալական նկրտումները:

Հայոց աւագանին Տիզպոն հրաւիրելու յազկերտեան որոգայթը յաջողութիւն չգտաւ: Հայ պետական այրերը հասկցած էին պարսիկներու մտադրութիւնը: Հայրենիք վերադարձին անոնք պէտք էր պատրաստուէին սրբազան պատերազմին:

Պարսիկ մոգերու Հայաստան մուտքն ու մեհեաններ կառուցելու անոնց ծրագիրը ձախողութեան կը մատնուէր: Անգղ գիւղին մէջ անոնք կը սպաննուին:

Արտաշատի մէջ գումարուած ժողովը, Յովսէփ Հողոցմեցի կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, արդէն մերժած էր կրօնափոխութիւնը:

Վասակ Սիւնիին դիւանագիտական փորձերը ի դերեւ ելած էին` խուսափելու պատերազմէ,  եւ ան անցած էր թշնամիին կողմը:

Հայութեան վճռակամութիւնը` դէմ դնելու պարսիկ արքայի սպառնալիքին, արդէն յստակ դարձած էր բոլորին:

Հայոց այրուձիին գլուխ անցած Վարդան Մամիկոնեանի կամքը անսասան էր:

Պարսիկ զօրավար Մուշկան Նիւսալաւուրտ կ՛արշաւէ Հայաստան:

Տղմուտ գետի ափին Աւարայրի հերոսապատումը կ՛արձանագրուի:

Հայկական Հեր եւ Զարեւանդ գաւառները կը վկայեն հայոց գոյամարտին ուժգնութիւնը: Վարդանանց ճակատամարտին հայոց բանակը պարտութիւն կը կրէ, Վարդան Մամիկոնեան ու իր 1036 հաւատարիմ զինակիցները կը նահատակուին:

Իրօք, ճակատամարտին կը յաջորդէ Նուարսակի դաշնագիրը (484.թ), որ կ՛իրականացուի շնորհիւ Վահանեանց փարթիզանական մարտերուն եւ սխրանքին:

Ազատութեան հովը ամուր կը փչէ հայրենի լեռներուն վրայ, իսկ հայութիւնը ամրօրէն կառչած կը մնայ իր հաւատքին, կրօնին ու ազգային ըմբռնումներուն:

Ահաւասիկ` պատմական դիպաշար մը, որ իր խորհուրդով ու թելադրական գաղափարայնութեամբ կրցած է ներշնչել իրերայաջորդ սերունդներ, անոնք ըլլան պատմաբաններ, բանաստեղծներ, արուեստագէտներ եւ ամբողջ ժողովուրդ մը:

Յայտնապէս մեր այսօրուան ի՞նչ կը պատգամէ Վարդանանց պատերազմը, եթէ ոչ` հաւաքական կամքի ուժականութիւնն ու ամէն գնով թշնամիին դէմ դնելու բարձր վճռակամութիւնը, գիտակցութիւնը:

Եթէ երբեք հեքիաթային կամ բարոյական յաղթանակ համարենք գոյամարտը, Վարդանանք ցոյց տուին հայու մարտական ոգիին մեծութիւնն ու հնչեղութիւնը:

Աւարայրի հերոսները, հայոց այրուձին, ի տես գերազանց ուժով յարձակող թշնամիին, չընկրկեցան, չյուսահատեցան, փախուստ չտուին, դիմկայեցին մինչեւ մահ, մարտնչեցան եւ արժանացան նահատակութեան փառապսակին:

Փաստօրէն, դարեր ետք, Արցախի թէ Հայաստանի սահմաններուն վրայ, հայ ազատամարտիկն ու զինուորը նոյնպէս արիաբար կռուեցան բարբարոս թշնամիին դէմ եւ պաշտպանեցին հայրենի հողն ու ազգային արժանապատուութիւնը:

Հայոց պատմագրութիւնը հպարտօրէն արձանագրած է Վարդանանց դիպաշարը եւ ամբողջ ազգին ցոյց տուած` նախնեաց կամքն ու հպարտութիւնը:

Ուստի, պատմագրութեան փոխանցած պատգամն ու թելադրանքը ընդունելու կամ դրժելու համար չէ, այլ զայն խորապէս հասկնալու եւ գիտակցօրէն ըմբռնելու կոչ մըն է` յաւերժահունչ ու անպարագծելի:

 

 

Նախորդը

Կտակ

Յաջորդը

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ուեսթ Համ – Մանչեսթըր Եունայթըտ` 1-1. Նափոլի Դուրս Մնաց

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.