Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կտակ

February 12, 2026
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵԾ ՊԱՊՈՒԿ
ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԲԷԼԵԱՆ

Սիրելի թոռներուս եւ ծոռներուս, ինչպէս նաեւ` իրենց տարիքի բոլոր հայ մանուկներուն:

Սիրելի՛ հարազատներ, հայրենակիցներ եւ հայ ժողովուրդի զաւակներ, ի՛նչ համայնքի կամ կուսակցութեան ալ պատկանիք, լսեցէ՛ք ըսելիքս ու յիշեցէ՛ք:

Երբ մանուկ էի, առաջին տարին, որ զիս Քեսապի Քորկիւնա գիւղի դպրոցը դրին, մանկապարտէզի Ա. դասարանին մէջ առաջին արտասանութիւնը, որ սորվեցանք, հետեւեալն էր. մեր բռունցքները ամուր սեղմած, դէպի երկինք խոյացած, մեր բարակ ձայնով կ՛աղաղակէինք.

«Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»:

Այդպէս ալ ամէն տարի կը տօնէինք Վարդանանքը: Մեզի համար անիկա հաճելի եւ տօնական օր մըն էր, բայց երկար ժամանակ չէինք հասկնար, թէ ինչո՞ւ կը տօնէինք պարտութիւն մը, որուն ընթացքին Վարդան իր բազմաթիւ զինակիցներով զոհուեցաւ:

Տարիներ անց, երբ կարդացինք ու ըմբռնեցինք Վարդանանցի պատմութիւնը, հասկցանք ճշմարտութիւնը: Պարտութիւնը զինուորական էր, բայց` ոչ հոգեւոր: Պարտուեցանք, որովհետեւ ունեցանք դաւաճան Վասակ, բայց չենք պարտուած, քանի որ թշնամին չկրցաւ հասնիլ իր նպատակին: Մենք չփոխեցինք մեր հաւատքը, մնացինք հայ քրիստոնեայ: Վարդանի սուրը ինկաւ, բայց վեհափառին խաչը բարձր մնաց:

Մեր հոգեւորականները միշտ եղած են պետութեան կողքին, իսկ երբ պետութիւն չկար, իրենք դարձան պետութիւն:

20-րդ դարուն հայութեան մեծ մասը կ՛ապրէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Ազատութեան տենչը, կազմակերպուածութիւնը եւ ազգային պահանջները կը սարսափեցնէին օսմանեան իշխանութիւնները: Համաշխարհային Ա. պատերազմի քաոսը օգտագործելով` անոնք որոշեցին վերջնական լուծում տալ Հայկական հարցին: Այսպէս, 1915-1918 թուականներուն տեղի ունեցաւ մարդկութեան պատմութեան առաջին ցեղասպանութիւնը:

Պատերազմի պատրուակով հայ ժողովուրդը գիւղերէն ու քաղաքներէն քշուեցաւ դէպի անապատները: Արդիւնքը` մէկուկէս միլիոն նահատակ, կողոպտուած հայրենիք, խլուած տուներ, այգիներ ու կեանքեր:

Բայց այստեղ ալ ունեցանք քաջ Վարդաններ` Անդրանիկը, Գէորգ Չաւուշը, Համազասպը, զօրավար Գարեգին Նժդեհը եւ բազում ֆետայիներ, որոնք ուխտած էին զոհուիլ, բայց` չխոնարհիլ:

Ցեղասպանութենէն ետք, հակառակ ահաւոր կորուստներուն, հայ ժողովուրդը կրկին չպարտուեցաւ: Գտնուեցանք յաղթող պետութիւններու կողքին եւ ունեցանք մեր առաջին անկախ հանրապետութիւնը` Ուիլսընեան Հայաստանի տեսիլքով:

Ցաւօք, այդ անկախութիւնը կարճ տեւեց: Պոլշեւիկեան յեղափոխութիւնը մեր երկրին սահմանները փակեց երկաթեայ վարագոյրով: Այսպէս ծնունդ առին Խորհրդային Հայաստանը եւ սփիւռքը:

Երկուքն ալ գոյատեւեցին: Խորհրդային Հայաստանը պահպանեց պետականութիւնը, սփիւռքը` ինքնութիւնը: Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրանի, Իրաքի, Եգիպտոսի, Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մէջ հայերը կառուցեցին` եկեղեցիներ, դպրոցներ, միութիւններ եւ համայնքներ: Մենք երախտապարտ ենք մեզ ընդունած ժողովուրդներուն:

1939-ին ծագած Համաշխարհային Բ. պատերազմին հայերը դարձեալ կռուեցան յաղթողներու կողքին: Հայաստանը հռչակեց իր երկրորդ հանրապետութիւնը, ամէն հայ շատ ուրախ, բայց դժբախտաբար թէեւ որոշ չափով ազատ էինք, սակայն` ոչ ամբողջութեամբ անկախ:

Արցախի հայութիւնը, որ կ՛ապրէր Ազրպէյճանի տիրապետութեան տակ, պահանջեց իր ինքնորոշման իրաւունքը: Պայթեցաւ Արցախի պատերազմը, որուն ընթացքին սփիւռքահայերու եւ այլոց օգնութեամբ արցախցիները յաղթեցին: Ծնունդ առաւ Արցախի Հանրապետութիւնը, սակայն ան մնաց չճանչցուած ու խոցելի: Չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ Արցախը չմիացուեցաւ Հայաստանի, շատ հաւանաբար այն պատճառով, որ հայկական երկու պետութիւններն ալ անկախ չէին, եւ երկուքն ալ ապրեցան երեք մեծ պետութիւններու «հսկողութեան» տակ, պետութիւններ, որոնց վիճակուած էր լուծում գտնել Արցախի հարցին:

30 տարիներ անցան: Հայաստան ունեցաւ երեք նախագահներ, որոնք երբեմն լաւ, երբեմն ալ վատ կատարեցին երկրի գործերու ղեկավարման աշխատանքը: Որոշ բաղձանք կար գործակցելու սփիւռքի հետ, ունեցանք սփիւռքի նախարարութիւն մը, որպէսզի հայերը զիրար աւելի լաւ հասկնան եւ միասին գործեն: Եկաւ թաւշեայ յեղափոխութիւնը` մեծ յոյսերով: Ունեցանք նոր վարչապետ` ոմն Նիկոլ Փաշինեան, ամէն կողմ` ցնծութիւն, երկիրը պիտի բարելաւուի, քանի անիկա լաւ ձեռքերու մէջ է, Հայաստանը անկաշառ, մաքուր, ժողովրդավարական երկիր պիտի ըլլայ, ժողովուրդը հրճուանքի մէջ է, պետութիւնը անհոգ իր ճամբով կ՛ընթանայ կարծես, ոչ ոք կը յիշէ Խրիմեան Հայրիկի ու բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի ոսկեայ յորդորները, թէ` «Թուղթէ շերեփով հերիսայ չենք կրնար ուտել», եւ թէ` «Հա՛յ ժողովուրդ, քու փրկութիւնդ քու հաւաքական ուժիդ մէջ է»: Յաճախ կը լսենք այս յորդորները բեմերէ եւ այլ հաւաքոյթներու ընթացքին, բոլորս կ՛ընդունինք, մեր գլուխները կը շարժենք, բայց… Անցան տարիներ, Արցախի հարցը լուծելու փոխարէն` երեք պետութեանց ներկայացուցիչները գացին ու եկան, բայց ոչինչ փոխուեցաւ: Զուարթ կը քնանայինք, մինչ թշնամին իր քարիւղը արդիական զէնքերու կը վերածէր ու մինչեւ ակռաները զինուած` առիթի կը սպասէր: Այդ առիթը չուշացաւ, եւ մեր թշնամին ապահովելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի աջակցութիւնը` յարձակեցաւ Արցախի վրայ: 44 օրեր շարունակ «պիտի յաղթենք, պիտի յաղթենք» գոչելով կորսնցուցինք պատերազմը, պարոն վարչապետը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի գիրկը ինկաւ, որպէսզի պատերազմը կեցնէ:

Փութին պատերազմը դադրեցնելու համար Ալիեւի եւ Փաշինեանի հետ որոշ համաձայնութիւններով թուղթ մը ստորագրեց: Անոնք կ՛որոշեն, որ ռուսական խաղաղապահ ուժեր պիտի հսկեն սահմաններուն: Կը սպասէինք, որ Փաշինեան կը հրաժարի, բայց ան փակած էր թաւշեայ իր գահին` պատերազմին պարտուելու պատասխանատուութիւնը նետելով նախկիններուն վրայ, որոնք չէին կրցած փակել Արցախի հարցին թղթածրարը: Ան ամբաստանեց նախկինները` իրենց դիրքը չարաշահելու եւ ապօրինի հարստացման յանցանքներով:

Այսօր աշխարհը կրկին բռնկած է պատերազմներով ու անարդարութիւններով: Մեծերը կը խաղան փոքր ժողովուրդներու ճակատագիրներով: Իսկ մենք` հայերս, դարձեալ հարց կու տանք` ի՞նչ կը սպասէ մեզ:

Մեր պապերն ու տատերը կ՛ըսէին.

«Պու տա կեչեր», այս ալ կ՛անցնի:

Այո՛, այս ալ կ՛անցնի:

Վարդանանց անպարտ հոգիով պիտի գայ օրը, երբ արեւը կրկին պիտի ծագի մեր հայրենիքի կանաչ դաշտերուն վրայ, եւ մանկապարտէզներու մանուկները բռունցք սեղմած` դէպի երկինք պիտի գոչեն.

«Հայ եմ ես, հայ եմ ես, Հայաստանը ազատող քաջ Վարդանի թոռն եմ ես…»:

Քանի դեռ հայը կայ ու կը բազմանայ աշխարհի չորս կողմերը, այո՛, մենք չենք պարտուիր:

 

Նախորդը

Տօն Սրբոց Վարդանանց Զօրավարաց Եւ Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ընդունի՞լ, Թէ՞ Մերժել Վարդան Մամիկոնեանի Պատգամը (Աւարայր, 1575-Ամեակ)

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.