ԱԿԱՆԱՒՈՐ աղբիւրներ «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Կրահամի եւ բանակի հրամանատարին միջեւ 5 վայրկեան ժողով» կոչուածին նկատմամբ կան հիմնական նկատողութիւններ, որոնց գլխաւորը այն է, որ ծերակուտականին դիրքորոշումը անպայման վարչակազմին դիրքորոշումը չ՛արտացոլեր, սակայն կայ այն պատգամը, թէ Հըզպալլան ահաբեկչական կազմակերպութիւն է»:
«Անպա Էլեքթրոնիա». «Ծերակուտական Լինտսի Կրահամ բանակի հրամանատար Զօր. Հայքալի հետ իր զրոյցը սկսաւ խօսելով իրանեան վարչակարգն ու անոր թեւերը տապալելու անհրաժեշտութեան մասին, նախքան Հըզպալլայի մասին անոր կարծիքը հարցնելը, եւ եթէ զայն ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատէ: Զօր. Հայքալ պատասխանեց, թէ կուսակցութիւնը լիբանանեան ծիրին մէջ կարելի չէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն նկատել»:
– ԶՕՐ. Հայքալի Ուաշինկթըն այցելութեան հետեւող աղբիւրներ «Անպա Էլեքթրոնիա»-ին. «Այցելութիւնը զօր. Հայքալի հանդիպում ունեցած պաշտօնատարներու մակարդակին առումով ընդունելի էր»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը «Տիար» օրաթերթին. «Նախագահ Աունի եւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատի հանդիպումին ընթացքին դրական մթնոլորտ տիրեց, հանդիպումը անգամ մը եւս դուռը բացաւ հանրապետութեան նախագահին ու Հըզպալլայի միջեւ զէնքի մենաշնորհման ու այլ նիւթերու շուրջ հաղորդակցութեան ու երկխօսութեան շարունակման»:
– «ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն իր այցելուներուն յայտնած է. «Հըզպալլայի հետ ռազմավարական նպատակներու շուրջ համաձայն ենք, սակայն անոնց իրագործման պատշաճ միջոցներուն շուրջ տարակարծիք ենք»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Հնգեակ յանձնախումբի անդամ պետութիւններու դեսպանները պատասխանատուները հանգստացուցին նուիրատու պետութիւններուն հետ բանակի օժանդակութեան տրամադրման հարցով կատարուած հաղորդակցութիւններուն դրական արձագանգներով»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին. «Շրջանային եւ միջազգային ամբողջ մթնոլորտը դրական է, ինչ կը վերաբերի 5 մարտին նախատեսուած խորհրդաժողովի ընթացքին բանակի աջակցութեան տրամադրման, այդպիսով ամրապնդելով միացեալ վստահութիւնը այն դերակատարութեան, որ բանակը Լիթանիէն հարաւ տարածուելէն ետք կը կատարէ` կայունութիւնը պահպանելով եւ որեւէ կողմ չգրգռելով»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Պարրոյի իշխանութեան երեք պետերուն հետ կատարած բանակցութիւնները կեդրոնացան բանակի աջակցութեան խորհրդաժողովին վրայ, եւ ներկայացուցած մթնոլորտը դրական ու քաջալերական է` սպասելով հաղորդակցութիւններու եւ պատրաստութիւններու ամբողջացումին, մասնաւորաբար Քաթարի մէջ նախապատրաստական ժողովին պարագային»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Տիար» օրաթերթին. «Փարիզի խորհրդաժողովը բացառաբար Լիթանի գետէն հիւսիսի մէջ զէնքի մենաշնորհման կապուած չէ, այլ բանակի կարիքներուն, որպէսզի կատարէ իր դերը պետութեան իշխանութեան տարածման մէջ, որ իսրայէլեան բանակին բռնագրաւեալ հողերէն հեռացումը կ՛ենթադրէ»:
– ԱՂԲԻՒՐ մը «Նիտա Ուաթան» օրաթերթին. «Սալամ հարաւի բնակիչներուն ուզեց հասցնել այն պատգամը, թէ օրինականութեան ուժերու վերահսկողութեան հաստատումը պէտք է զանոնք հանգստացնէ, եւ ոչ թէ` մտահոգէ, որովհետեւ պետութիւնը միայն պատասխանատու է իր ժողովուրդի անվտանգութեան եւ երկրի սահմաններու կայունութեան»:
– ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին. «Հըզպալլայի մէջ փոփոխութիւններու ամէնէն նշանակալիցը Մոհամետ Ֆնէյշի ստանձնելն է պատասխանատուութիւնը գործադիր մարմինին, որ կուսակցութեան կառավարութեան համազօր է, եւ գոյութիւն ունի Մոհամետ Ռաատը կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ նշանակելու ուղղուածութիւն մը»:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան աղբիւրներ «Մուտուն»-ին. «Ընտրութիւնները իրենց ժամկէտին կատարելու ի նպաստ կէտեր գոյութիւն ունին, եւ գոյութիւն ունի որոշ «ելք» մը, որուն համաձայն, ներկայ ընտրական օրէնքը կը գործադրուի ճիշդ ինչպէս 2022 թուականին գործադրուեցաւ, այսինքն` արտերկրի լիբանանցիներուն 128 երեսփոխաններու ընտրութեան մասնակցութեամբ»:
– ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ աղբիւր մը «Անպա» օրաթերթին. «Լիթանի գետէն հիւսիս բանակի տեղակայման եւ զէնքի մենաշնորհման որոշումը կը պարունակէ բազմաթիւ մտավախութիւններ, թէ այս ծրագիրը կրնայ դառնալ քաղաքական վէճի նիւթ, եթէ բանակի հրամանատար զօր. Հայքալի կողմէ Ուաշինկթընի մէջ իր հանդիպումներուն լոյսին տակ քննարկման վճռական դիրքորոշումները չներկայացուին»:
– «ՆԻՏԱ ՈՒԱԹԱՆ» օրաթերթ. «Եւրոպական ու օտար ուժերու ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտէն ետք հարաւային Լիբանանի մէջ մնալու առաջարկները տակաւին վերջնական տեսք չեն ստացած»:
– ԸՆՏՐԱԿԱՆ հոլովոյթին մօտէն առնչակից շրջանակներ «Անպա» օրաթերթին. «Շրջաններ այցելող Ահմետ Հարիրին է, որ Պահիա Հարիրիի հետ պիտի ստանձնէ քաղաքական ասպարէզ վերադառնալու հարցը, որ հաւանաբար առանց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի ըլլայ»:
– ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ. «Ազգային միասնութեան եւ հաստատութիւններու միասնութեան պահպանումը աւելի կարեւոր է, քան ամերիկեան եւ իսրայէլեան կամայական թելադրանքները»:
– ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Քուէյթ որոշած է լիբանանեան 8 հիւանդանոցներ` Նապաթիէի «Շէյխ Ռաղեպ Հարպ» հիւանդանոցը, Պընթ Ժպէյլի «Սալահ Ղանտուր» հիւանդանոցը, Պաալպեքի «Ամալ» հիւանդանոցը, Հատասի «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցը, Պաալպեքի «Տար Հիքմէ» հիւանդանոցը, Հերմել-Պեքայի «Պաթուլ» հիւանդանոցը, Խալտէի «Շիֆա» հիւանդանոցն ու Պէյրութի օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող «Ռասուլ Ազամ» հիւանդանոցը ներառել ահաբեկչութեան ցուցակին վրայ:
– ԵՐԷԿ Թրիփոլիի Թըպպենէ շրջանին մէջ շէնք մը փուլ եկաւ:


