Եւրոպայի ձմրան փոխանցումներու շուկան կամ պատուհանը փակուեցաւ երեքշաբթի օր (Նետերլանտներու մէջ) եւ պէտք է ըսել, որ մեծ աղմուկ հանող փոխանցումներ տեղի չունեցան:
Ատեմոլա Լուքման Աթալանթան լքելով միացաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի, Անթուան Սեմենիօ յունուարէն ի վեր միացած էր Մանչեսթըր Սիթիի լքելէ ետք Պորնմաութը, Քրիսթըլ Փելեսի Մարք Կեհին միացաւ Սիթիի մինչ Օսքար Պոպ լքեց Սիթին եւ միացաւ Ֆուլհամի:
Պրեննըն Ճոնսոն Թոթենհամը լքելով միացաւ Քրիսթըլ Փելեսին, Քոնըր Կալակերը Աթլեթիքօ Մատրիտէն միացաւ Թոթենհամին:
Լուքաս Փաքուեթա Ուեսթ Համը լքելէ ետք միացաւ Ֆլամենկոյին, իսկ Եորկըն Սթրենտ Լարսեն Վուլվզը լքեց եւ միացաւ Քրիսթըլ Փելեսին, Ճիաքոմօ Ռասփատորի Աթլեթիքօ Մատրիտը լքելով միացաւ Աթալանթային, մինչ Թամի Ապրահամ Պեշիքթաշը լքելով միացաւ Ասթոն Վիլային:


