«Ոսկի գնդակ»-ի նախկին դափնեկիր Քարիմ Պենզեմա Սէուտական Արաբիա պիտի մնայ, բայց լքելով Իթթիհատը միացաւ Հիլալին: 2023-էն ի վեր Իթթիհատի յառաջապահ Պենզեմա, որ 64 մրցումներ կատարած է` 38 կոլեր նշանակելով, վերջերս դժգոհ էր Իթթիհատի նոր պայմանագիրի կէտերէն եւ նախընտրեց միանալ Հիլալին:
Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամը, սեփականատէրն է Նասր, Իթթիհատ, Հիլալ եւ Ահլի ակումբներուն:
Փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ շատ ալ ուրախ չէր այս փոխանցումով եւ վերջերս յայտնած էր, թէ գոհ չէ սեփականատէրներուն առած քայլերէն:
Ռոնալտօ, որ հիմնական պատճառն էր մեծ թիւով աստղեր ներգրաւելու դէպի Սէուտական Արաբիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ, կրնայ այս ամրան լքել Նասրը եւ վերադառնալ կա՛մ Եւրոպա, կա՛մ ալ Միացեալ Նահանգներ:
Վաղը 41 տարեկանը ամբողջացնող Ռոնալտօ ուրախ չէ իր ակումբին` Նասրի վարչութենէն, որ ձեւով մը «համաձայն» է ախոյեանութեան տիտղոսը Հիլալին «յանձնելու»:
Ռոնալտօ, որ տակաւին ախոյեան չէ կրցած դառնալ Սէուտական Արաբիոյ մէջ, շատ գոհ չէ Սէուտական Արաբիոյ Պետական ներդրումային հիմնադրամի այս քայլերէն, մանաւանդ որ ան նախապէս համաձայն էր դեսպանի գործ ալ տանիլ 2034-ի Մոնտիալի պատրաստութիւններուն: Ան երկուշաբթի օր մերժեց խաղալ Ռիատ ակումբին դէմ` նոյն այս հարցին պատճառով:
Ռոնալտօ մինչեւ 2027 պայմանագրութիւն ունի, բայց կրնայ խզել իր պայմանագրութիւնը այս ամրան, մանաւանդ եթէ արդար չըլլան ախոյեանութեան մնացեալ մրցումները:


