Երկուշաբթի, 2 փետրուար 2026-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մուժթապա Ամանի:
Դեսպանը ընդհանուր գիծերով ներկայացուց Իրանի պարզած ներկայ վիճակը եւ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման գծով անոր մօտեցումները: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Իրանի գործակցութեան:
Հանդիպման աւարտին, դեսպան Ամանի յայտնեց, որ շուտով պիտի վերադառնայ Իրան եւ Լիբանանի մէջ նախապէս ծառայած դեսպան մը պիտի փոխարինէ զինք:


