ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային ներկայացուցչական 52-րդ ժողովը տեղի ունեցաւ 30 եւ 31 յունուար եւ 1 փետրուար
2026-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ»- մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ: Ժողովին մասնակցեցան միութեան մասնաճիւղերէն 63 իրաւասու ձայնով ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ խորհրդակցական ձայնով 45 հրաւիրեալներ, ընդամէնը` 108 մասնակիցներ:
Ներկայացուցչական ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց դեկտեմբեր
2023-էն յունուար 2026-ի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան գործունէութիւնը, գնահատելի նկատեց կատարուած աշխատանքները եւ ապագայի հաշուոյն ներկայացուց առաջարկներ:
Եռօրեայ աշխատանքներու աւարտին, ժողովը 2026-2027 շրջանին համար
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը ընտրեց հետեւեալ կազմով.
Եղբ. Իշխան Եղիայեան
Եղբ. Հրայր Սէյիսեան
Եղբ. Ֆուատ Մուրատեան
Եղբ. Զաւէն Տէր Պետրոսեան
Եղբ. Հրայր Սեթոյեան
Քոյր Անի Ճուգուլեան
Եղբ. Գաբօ Պալթաճեան
Քոյր Մարալ Գուլաճեան
Քոյր Լուսին Գազանճեան


