Կիրակի գիշեր, «Փրեմիեր լիկ»-ի 24-րդ հանգրուանի մրցումներուն գծով Մանչեսթըր Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք Ֆուլհամի դէմ մրցումին, 2 կոլ ստացաւ մրցումի վերջին 5 վայրկեաններուն, բայց 94-րդ վայրկեանին կրցաւ 3-րդ կոլ մըն ալ նշանակել եւ յաղթել յաջորդական իր 3-րդ մրցումը Մայքըլ Քարիքի հետ:
Անցեալ 17 յունուարէն ի վեր Եունայթըտ կրցաւ յաղթել Մանչեսթըր Սիթիին (2-0), Արսենալին (2-3) եւ Ֆուլհամին (3-2):
Քասեմիրօ եւ Քունիա նշանակած էին զուտ պրազիլական կոլեր, մինչ մեքսիքացի յառաջապահ Ռաուլ Խիմենես (փենալթիով) պրազիլցի Քեւըն` Ֆուլհամի կոլերը: 74-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած Պենիամին Շեշքօ 94-րդ վայրկեանին 3 կէտերը նուիրեց իր ակումբին անզսպելի հարուածով: Շեշքոյի բախտը չօգնեց աւելի կանուխ, երբ հազիւ դաշտ ներկայացած, գլխու հարուածով պիտի նշանակէր Եունայթըտի 3-րդ կոլը, բայց Ֆուլհամի բերդին աջ սիւնը փրկեց կացութիւնը:
Մանչեսթըր Սիթի Լոնտոնի մէջ կը մրցէր Թոթենհամի դէմ եւ կիսախաղին 2-0 արդիւնքով կը յաղթէր Շերքիի եւ Սեմենեոյի կոլերուն շնորհիւ:
Բ. կիսախաղին Թոթենհամ աւելի լաւ էր եւ քանի մը առիթներով վտանգեց Ճիանլուիճի Տոնարումայի բերդը:
53-րդ եւ 70-րդ վայրկեաններուն Տոմինիք Սոլանքէ կրցաւ գրաւել Տոնարումայի բերդը կարեւոր կէտ մը շահելով իր դաշտին վրայ:
Երկրորդ կոլը կրնայ տարեշրջանի լաւագոյն կոլը ըլլալ, երբ Քոնըր Կալակետի օդէն փոխանցումին հարուածեց կարիճի հարուածով` խաբուելով Սիթիի պաշտպանողականն ու բերդապահը:


