Իր նոր տարեշրջանը «Դրօշակ»-ը կը սկսի հայութեան դիմագրաւած դժուարին մարտահրաւէրներուն ուղղակի, անկեղծ եւ համարձակօրէն արձագանգելու յանձնառութեամբ: Ազգային-պետական կեանքի դիմագրաւած եւ սպասուող փորձութիւններուն կը վերաբերի նոր տարուան առաջին թիւի «Առաջնորդող»-ը:
Անի Մելքոնեանը` կատարելով 2025 թուականի ամփոփումը, ընթերցողին կը յիշեցնէ նախորդ տարուան քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւնները:
Նկատի ունենալով դրացի ու բարեկամ Իրանի մէջ կատարուող, ինչպէս նաեւ հնարաւոր իրադարձութիւններուն ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ` «Դրօշակ»-ը կը շարունակէ ուշի ուշով հետեւիլ այդ զարգացումներուն: Այս անգամ քանի մը յօդուածով պաշտօնաթերթը տարբեր տեսանկիւններէ կը լուսաբանէ այդ անցուդարձը:
«Գաղափարական» խորագիրին տակ Արամ Շահնազարեան կ՛անդրադառնայ ՀՅԴ երկու տեսաբաններ Գարեգին Խաժակի եւ Միքայէլ Վարանդեանի` զուգահեռ կատարելով որոշ հարցերու վերաբերեալ անոնց տեսակէտներուն միջեւ: Ան կը գրէ. «Վարանդեանի «Համաժողովրդական բանակ» տեսութիւնը եւ Խաժակի «Ազգի ու ազգային գաղափարախօսութեան» ըմբռնումը որպէս հայ քաղաքական մտածողութեան արգասիք` միաւորւում են մէկ ամբողջական համակարգի մէջ, որտեղ պաշտպանութիւնը, քաղաքական կամքը եւ ազգային ինքնագիտակցութիւնը դրսեւորւում են որպէս փոխկապակցուած եւ անբաժանելի սկզբունքներ»: Ժամանակի յայտնի ազգային գաղափարախօսներ Գարեգին Խաժակի եւ Միքայէլ Վարանդեանի տեսական դատողութիւններուն անդրադառնալով` հեղինակը լուսարձակի տակ կը բերէ այն, որ անոնք որքան արդիական են այսօրուան մեր ազգային եւ պետական կեանքին համար:
Ցեղասպանագէտ Մարի Յովհաննիսեան կ՛անդրադառնայ Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին 1948-ին ՄԱԿ-ի ընդունած բանաձեւին, կը ներկայացնէ անոր այն իրաւական բացերը, հայեցակարգային թերութիւնները, որոնցմէ օգտուելով` այսօր աշխարհին մէջ կը կատարուին ցեղասպանական գործողութիւններ: Մատնանշելով փաստաթուղթի շարք մը հիմնարար բացերը` հեղինակը կը շեշտէ, որ բանաձեւի վերանայման եւ կատարելագործման ենթարկելու պահը հասունցած է արդէն:
Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեանը 2025 թուականին յօդուածաշարով «Դրօշակ»-ի ընթերցողին ներկայացուց համշէնահայութեան ինքնապաշտպանական պայքարը Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին: Այս նիւթէն մեկնելով` ան «Դրօշակ»-ի այս թիւին մէջ կը ներկայացնէ կազմակերպուած վրէժխնդրութեան այն կառոյցը, որուն միջոցով, ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովին որոշած «յատուկ գործէն» առաջ համշէնահայ քաջ հայորդիները Համշէնի տարածքին մէջ կը պատժէին տեղւոյն հայութեան կոտորածներու հարցով ուշադրութիւն գրաւած թուրք ոճրագործները: Իսկ այս հերոսական ու անհաւանական սխրանքի ոգեշնչողն ու առաջնորդը «Նեմեսիս»-ի գործողութիւններէն յայտնի վրիժառու Միսաք Թորլաքեանն էր:
Թիւին մէջ կան նաեւ տարբեր յօդուածներ, որոնք կարելի է ընթերցել` այցելելով https://www.arfd.am/wp-content/uploads/2026/01/%D4%B4%D6%80%D6%85%D5%B7%D5%A1%D5%AF-%D5%A9%D5%AB%D5%BE-1-2026-%D5%A9.pdf


